Արխիւ
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ կը նշեն անսովոր թանգարանի մը յոբելեան՝ Տգեղ արուեստի թանգարանը կը բոլորէ իր հիմնադրման 30-ամեակը: Ասիկա ամերիկեան մասնաւոր թանգարան մըն է, որ արդէն երեք մասնաճիւղ ունի եւ հազարաւոր հետաքրքրուողներ, որոնք կ՚այցելեն՝ տեսնելու այն ստեղծագործութիւնները, որոնք գէշ են, անյաջող եւ չեն գնահատուած մէկ ուրիշ թանգարանի կողմէ:
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Նկատի ունենալով որ Մեծ պահքի ճամբորդութեան մէջ ենք տակաւին, այսօրուան մեր սիւնակն ալ պիտի յատկացնենք այդ առիթին: Այսօր, մեր սիրելի ընթերցողներուն պիտի ներկայցնենք լուսահոգի Զարեհ Արք. Ազնաւորեանի մտածումները ապաշխարութեան մասին, քաղուած իր «Հաւատամքի մեկնութիւն»ը աշխատասիրութենէն:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը այցելեց նաեւ Իրաքի հայոց թեմի առաջնորդարանը:
Պաղտատի շփումներու աւարտին Վահագն Խաչատուրեան կը հիւրընկալուի Էրպիլի տեղական իշխանութիւններուն կողմէ:
Երեւան եւ Աթէնք կը ձգտին նոր խթան մը տալ անվտանգութեան ոլորտի յարաբերութիւններուն:
Հայաստան-Յունաստան երէկուան բանակցութիւններու ընթացքին շօշափուեցան Հարաւային Կովկասի գործընթացները:
Նորին Ամենապատուութիւնը այսօր կը մասնակցի Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Քահանայապետի ընտրութեան տարեդարձի արարողութիւններուն:
Նիկոլ Փաշինեան յոյս յայտնեց, թէ արտաքին գործոց նախարարները յառաջընթաց կ՚արձանագրեն:
Արարատ Միրզոյեան եւ Ճէյհուն Պայրամով երկար ընդհատումէ մը վերջ այսօր կը շարունակեն բանակցութիւնները:
ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այս ազգին ամենէն գեղեցիկ ու վսեմ կարգախօսներէն մէկը. անոր հարսանեկան սպիտակ զգեստը: Ի՞նչ պատահեցաւ անոր: Ի՞նչ մնաց անկէ բացի անոր ժանգոտած կոճակները, կախուած թեւերը եւ դատարկ գրպանները:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Արծիւը հիացմունք պատճառող հսկայ եւ պատկառազդու թռչուն մըն է։ Ան կը խորհրդանշէ զօրութիւն եւ ապահովութիւն։ Եւ դարձեալ, այս իսկ պատճառով բազմաթիւ ազգերու զինանշանին մէկ մասը կը կազմէ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ինչքան ալ փորձենք մենք մեզ կոյր ձեւացնել ու «անգիտանալ» մեր հայրենիքէն ներս տեղի ունեցող քաղաքական, ընկերային ու տնտեսական անկումը՝ ճշմարտութիւնը կը շարունակէ մնալ ճշմարտութիւն։ Ժողովուրդը արդէն իսկ լուրջ չի՛ վերաբերիր իշխանութեան եւ անոնց իւրաքանչիւր որոշումն ու յայտարարութիւնը ընդունելով որպէս զաւեշտ. խեղկատակութիւն մը պարզապէս:
Պէյօղլուի ընտանիքը այս շրջանին կը նշէ Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի հիմնադրութեան 95-ամեակը։ Յոբելենական այս հանգրուանը կ՚արժեւորուի զանազան ձեռնարկներով, որոնք թէ՛ Պէյօղլուի ընտանիքին եւ թէ ընդհանրապէս մեր համայնքին տեսակէտէ կը համարուին յատկանշական։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ պահքի տասնեօթներորդ օրն է:
Երէկուան մեր գրութեան մէջ մէջբերեցինք Եսայիի մարգարէութեան 53-րդ գլուխէն մի քանի համար, ուր կարդացինք, թէ մարդիկ ինչպէ՞ս կը բողոքեն՝ մեղադրելով զԱստուած, որ չ՚ընդունիր իրենց պահեցողութիւնը:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարեց, որ Իսրայէլ մօտալուտ Ռամազանի ընթացքին պիտի դադրեցնէ իր ռազմական գործողութիւնները Կազզէի մէջ եւ յառաջիկայ շաբաթ հրադադարի վերաբերեալ համաձայնութիւն մը պիտի գոյանայ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Իրաք։ Ուղեւորութեան առաջին փուլին ան կը հիւրընկալուի Պաղտատի ղեկավարութեան կողմէ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Աթէնք։ Օրուան տեւողութեան ան կը հիւրընկալուի Յունաստանի պետական աւագանիին կողմէ։
Արարատ Միրզոյեան Ճէյհուն Պայրամովի հետ տեսակցելէ վերջ պիտի գայ Թուրքիա:
Ալիեւ. «Հայաստան պէտք է իմանայ, որ միակ ճանապարհը Ատրպէյճանի բոլոր պայմանները ընդունիլն է»:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ռուսաստան-Ուքրայնա ճակատին վրայ միշտ տեղի կ՚ունենան կարեւոր իրադարձութիւններ։ Համընդհանուր երկար լռութեան շղարշը այս անգամ պատռուեցաւ Ռուսաստանի կողմէ, որ կարողացաւ նոր իրավիճակ մը ստեղծել՝ յատկապէս Ուքրայնայի հարաւային շրջաններուն մէջ եւ իր տիրապետութեան տակ առաւ ռազմաքաղաքական առումով մեծ կարեւորութեամբ Աւտեւքա քաղաքը։
Օշականի Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցւոյ մէջ վարդապետական գաւազանի տուչութեան ուրախառիթ արարողութիւն:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը ակնակուռ լանջախաչ մը նուիրեց Հոգեշնորհ Տ. Յովակիմ Վարդապետ Սերովբեանին:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ պահքի տասնվեցերորդ օրն է:
Եսայիի մարգարէութեան մէջ կը կարդանք. «Ինծի արդարութեան կանոնները կը հարցնեն, Աստուծոյ մօտենալ կը փափաքին, ու կ՚ըսեն. “Մենք ինչո՞ւ ծոմ պահեցինք եւ դուն չտեսար, մեր անձերը չարչարեցինք ու դուն չգիտցար”» (Ես 58.2-3):
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Չեմ փորձեր չքմեղանքի սովորական մարզանքներով բանալ տողերս: Գիտեմ: Արդէն ըսելիքներս ու գրելիքներս ուշ ալ են: Արդէն նոյնիսկ ուշացած ալ եմ: Միտքս պարզեմ:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Լրատուութիւնը կամ մետիան քաղաքականութեան պրիսմակով բարդ եւ ճիւղաւորուած ոլորտներ են եւ, բնականաբար, ունին ժողովրդային հոգեբանութիւն ստեղծելու մեծ միջոցներ: