Արխիւ
ERVAB-ի Կրթական յանձնախումբը երէկ ժողով մը գումարեց Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ:
Պոլսահայ վարժարաններու առկայ նիւթական տագնապի պայմաններուն ներքեւ վարչայինները միշտ շփման մէջ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Օրերս Երեւանի մէջ լոյս տեսած է քեսապցի մտաւորական եւ հայագէտ, տքթ. Յակոբ Չոլաքեանի նոր հատորը՝ «Փլող դպրոցները» խորագրով, որ պատմուածքներու եւ ակնարկներու շարք է՝ նուիրուած հեղինակի ծննդավայր Սուրիոյ Գարատուրան գիւղին:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Անկախ միջազգային քաղաքական համակարգի բնոյթէն կամ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու վարած միջազգային քաղաքականութենէն, իսկապէս եւ յայտնապէս ժողովրդավարութիւնը ամէն բնագաւառներու մէջ եւ բոլոր կողմերու (անհատ կամ պետութիւն, ժողովուրդ-ազգ կամ հաւաքականութիւններ) տեսակէտէ ուրանալի եւ անյարգալից արժէք չի կրնար համարուիլ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ի՞նչ կու տայ Տիրոջ երկիւղը մարդուն:
Պատասխան. Առակագիրը կը գրէ. «Տիրոջ երկիւղը կեանքի պատճառ է, եւ զանիկա ունեցողը կուշտ կը պառկի ու ձախորդութեան չի հանդիպիր» (Առ 19.23):
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Միշտ ուրախ եղէք Տիրոջմով, դարձեալ կ՚ըսեմ՝ ուրախ եղէք…». (ՓԻԼՊ. Դ 4)։
Ուրախութիւնը՝ խնդրութիւն եւ բերկրանքը, ուրախ ըլլալը ներքին հոգեկան խաղաղութեան, հաւատքի եւ վստահութեան արգասիքն է եւ միա՛յն Յիսուս Քրիստոսի արեամբ փրկուած, վերստին ծնունդ ունեցող հաւատացեալը կրնայ ճշմարիտ ուրախութիւն ունենալ, որովհետեւ ան ունի խաղաղութեան եւ ուրախութեան աղբիւրը, խաղաղութեան եւ սիրոյ իշխանը՝ Յիսուս Քրիստոսը, որուն յանձնուած է իր ամբողջ կեանքը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ցաւ ի սիրտ, գրականութիւնը մեզի շատ անգամ կը փոխանցէ գրողի մը գլուխ գործոցը, անոր գրական բարձր ճաշակն ու մտածումները, սակայն շատ բան չ՚ըսեր անոր անձնական կեանքին, բնաւորութեան մասին եւ այդ բոլորին մասին հասկնալու համար բծախնդիր պրպտում մը պէտք է կատարել:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Երբ Յիսուս կ՚անցնէր, տեսաւ ի ծնէ կոյր մարդ մը։
«Աշակերտները հարցուցին Իրեն.
«Վարդապե՛տ, մեղքը որո՞ւնն է, որ այս մարդը կոյր ծնած է. ի՞րն է, թէ իր հօրը եւ մօրը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մի քանի շաբաթ առաջ համահանցի մէջ դարձեալ տարածում գտաւ այն տեսանիւթը, ուր «Շնորհալի» երգչախումբի համերգի ժամանակ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը ոգեւորուած ժողովուրդին հետ միասն «Հայեր միացէ՛ք» յայտնի երգը կ՚երգէր:
ԱՄՆ-ի եւ Անգլիոյ զօրքերը դարձեալ թիրախաւորեցին՝ Իրանի կողմէ հովանաւորուած հուսիները:
Կարմիր ծովու իրադարձութիւնները միջազգային բեմահարթակի վրայ տակաւ կը խորացնեն առկայ մտահոգութիւնները:
Հայաստանի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար ու գլխաւոր խմբավար Սերկէյ Սմբատեան նշանակուեցաւ Պերլինի սեմֆոնիք նուագախումբի գլխաւոր հիւր վարիչը։ Հայկական լրահոսին մէջ լայն արձագանգ գտած է այս նշանակումը։
Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներն ու իրաւասուները Պրիւքսէլի մէջ շաբաթավերջին անպաշտօն ժողով մը գումարեցին։ Էկմոն պալատէն ներս տեղի ունեցաւ հաւաքը։ Սա անպաշտօն ժողովներու 50-ամեակին զուգադիպեցաւ, իբր այդ յոբելենական բնոյթ ունէր։
Մայր Աթոռի տասնմէկ երիտասարդ միաբան օծում ստացաւ Տ. Օշական Եպիսկոպոս Կիւլկիւլեանի կողմէ:
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ, Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարի երդիքին տակ:
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանը երէկ հերթական անգամ համայնքային շրջանակներու զօրակցութեան առարկայ դարձաւ։ Յատուկ առաքելութեամբ այս դպրոցին տարեկան հանգանակութիւնը տեղի ունեցաւ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ինչպէս ծանօթ է արեւմտահայ անմահ բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանի կենսագրութենէն՝ 1905 թուականին բանաստեղծը կը մեկնի Պելժիա եւ կ՚ընդունուի Կանտի համալսարանը, որ պատմական համալսարան է Պելժիոյ հոլանտախօս հիւսիսը գտնուող Կանտ քաղաքին մէջ:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Այնպիսի ժամանակներու մէջ կը գտնուինք, որ գրեթէ իւրաքանչիւր անձ, ընկերային ցանցերու վրայ ուրախ հոգեվիճակ մը ցոլացնելով հանդերձ իր հետեւորդներուն, կ՚ապրի տառապալից, տխուր ու տագնապներով լի կեանք մը՝ մանաւանդ անպատասխան սիրոյ պատճառով։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Անշուշտ, տխուր է՝ քաղաքական կեանքին մէջ միշտ չէ, որ կը յարգուին այն մարդիկ, որոնք ո՛չ միայն կառավարելու առումով տաղանդաշատ են, այլեւ միջազգային հարթակի վրայ կարեւոր ու խորքային յարաբերութիւններ ունին։
Նիկոլ Փաշինեան Ալմաթիի մէջ նախագահեց ԵԱՏՄ-ի անդամ երկիրներու վարչապետներու ժողովին:
«Fitch»ի վերլուծութիւնը ռազմավարական ռիսք կը համարէ Հայաստանի տնտեսութեան Ռուսաստանէն կախուածութիւնը:
Հայաստանի Պաշտպնութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան յայտարարեց, որ երկիրը որեւէ երկրի դէմ չունի որեւէ նկրտում։
Հանրային հեռուստատեսութեան տուած հարցազրոյցին ժամանակ ան ըսաւ. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը որեւէ երկրի դէմ նկրտում չունի, որեւէ տարածքային պահանջ չունի եւ բնականաբար մեր զինեալ ուժերու նպատակն ու առաքելութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը պաշտպանելն է։ Մեր բանակի հիմքին դրուած հասկացութիւնը այս է»։
Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երաժշտական յատկանշական ձեռնարկ մը, որ վառ տպաւորութիւն գործեց մասնակիցներուն վրայ։ «Մենք երգ ենք» նախագծի ամբողջին մէջ նախատեսուած էր այս ձեռնարկը, որու ընթացքին երիտասարդ արուեստագէտներ դասական երաժշտութեան եւ շանի կատարումներով հանդէս եկան։
Պիւյիւքտէրէի Սանթա Մարիա լատին կաթոլիկ եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ յատկանշական արարողութիւն մը։ Անցեալ շաբաթավերջին ահաբեկչական յարձակման ենթարկուած այս սրբավայրը համարուած էր պղծուած։