Արխիւ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղուան ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.
Եսայիի մարգարէութենէն 10.12-19:
Պօղոս առաքեալին Կորնթացիներուն ուղղած Երկրորդ Նամակէն 2.12-3.3:
Մարկոսի Աւետարանէն 6.30-44:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Տիեզերական Եկեղեցւոյ երաժշտական աւանդութիւնը ստեղծած է անգնահատելի գանձ մը՝ որ կը գերազանցէ միւս արուեստները, յատկապէս այն պատճառով, որ խօսքերուն կցուած հոգեւոր երգը հանդիսաւոր ծիսակատարումին անհրաժեշտ եւ ամբողջակատար մէկ մասը կը հանդիսանայ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Այնպէս ինչպէս անցեալին, նոյնպէս այսօր պէտք է լրջօրէն մտածել ու նուիրուիլ մերօրեայ օտարախօս երիտասարդներու հայացումին. ուրախանալի երեւոյթ է, որ մեր սփիւռքահայ երիտասարդները կ՚այցելեն իրենց հայրենիքը, սակայն ցաւալի է տեսնել, որ անոնք իրարու հետ կը հաղորդակցին օտարին լեզուով եւ երբ հայը հայուն հետ օտարին լեզուով հաղորդակցելու կարիքը կը զգայ... վիճակը վտանգաւոր կարելի է նկատել:
Սկիւտարի Սուրբ Խաչ եկեղեցին, ուր վերջին ամիսներուն բարեզարդման աշխատանքներ կ՚իրականացուէին, երէկ, պաշտամունքի վերաբացուեցաւ հանդիսաւոր արարողութեամբ, որուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան աւարտեց դէպի Մոսկուա աշխատանքային այցելութիւնը։ Երէկ, ան տեսակցեցաւ Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի հետ, իր ռուս պաշտօնակցին՝ Սերկէյ Լաւրովի հետ վարած բանակցութիւններէն վերջ։
Ատրպէյճանի բանակը կը շարունակէ ոտնձգութիւններ կատարել Հայաստանի սահմաններուն դէմ։ Այսպիսի յարձակումներուն միշտ կը նախորդեն Ատրպէյճանի պաշտօնական աղբիւրներուն կողմէ ապատեղեկատուութիւններ, որոնցմով կը պնդուի, թէ Հայաստանի բանակը կը խախտէ հրադադարը։
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Թուրքիա կրնայ շատ շինիչ ու արդիւնաւէտ դեր մը խաղալ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործին մէջ։
Երկարատեւ պաշարման մթնոլորտին մէջ Ֆրանսայի կողմէ առնուած վերջին քայլերուն զուգահեռ՝ ԱՄՆ եւ ԵՄ կրկնեցին իրենց կոչերը, որպէսզի վերաբացուի Լաչինի միջանցքը:
Պաքու հակազդեց Ուաշինկթընի յայտարարութիւններուն. «Տարածաշրջանէն ներս շրջափակման մասին պնդումները անընդունելի են՝ Ատրպէյճանի ներկայացուցած առաջարկներու ֆոնին վրայ»:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, 2023-2024 կրթական շրջանի սկիզբին առթիւ, երէկ, նախագահութեամբ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տեղի ունեցաւ կրթական մշակներու օրհնութեան կարգ։
2023-2024 կրթական շրջանի սկիզբին առթիւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը հրապարակեց շնորհաւորական պատգամ մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։
Շիշլի մարզակումբին նախաձեռնութեամբ, Գնալը կղզիին մէջ տեղի ունեցաւ լուսահոգի Ղազարոս Ունանի յիշատակին ձօնուած վոլէյպոլի մրցաշարքը, որ այս տարի կազմակերպուեցաւ 2-րդ անգամ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Կը շարունակենք մեր խորհրդածութիւնները անզուգական գրող Ֆէոտոր Տոսթոյեւսքիի գաղափարներու, ստեղծագործութիւններու արդիականութեան ու ազդեցութեան մասին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Heraklitos կ՚ըսէ, թէ՝ ամէն ինչ կը հոսի. «Panta Rhei»։
Այս իմաստալից խօսքը կը համառօտէ այն ճշմարտութիւնը՝ թէ ամէն ինչ փոփոխութեան ենթակայ է՝ ամէն ինչ կ՚ընթանայ, այսինքն տեւական կը փոխուի։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Կը տեսնենք, թէ 20-րդ դարու սկիզբը թրքախօս եւ օտարախօս մանուկները մեծ մտահոգութիւն մը եղած է մեր ազգի մտաւորականութեան համար եւ ի խնդիր այդ մանուկներու հայացումին՝ պատրաստուած են բազմաթիւ դասագիրքեր ու հրատարակութիւններ, որոնք մեծ մասամբ հրատարակուած են Պոլսոյ մէջ՝ 1900-1910 թուականներուն:
Երէկ, 30 Օգոստոսի Յաղթանակի տօնին առթիւ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան մասնակցեցաւ Իսթանպուլի կուսակալութեան մէջ տեղի ունեցած պաշտօնական ընդունելութեան։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ինչպէս արդէն յայտարարուած է՝ 2024 թուականին մեծանուն ֆրանսահայ երգիչ, Հայաստանի ազգային հերոս Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան 100-ամեակին նուիրուած միջոցառումներու ծիրին մէջ Երեւան քաղաքի Ֆրանսայի հրապարակին վրայ կը տեղադրուի Շարլ Ազնաւուրի յուշարձանը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Համացանցային հարթակները ահաւոր աւերներ գործեցին մեր իրականութեան եւ ո՛չ միայն մեր իրականութեան, այլ բոլորին իրականութեան մէջ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Իրաւունքը, որ ամենալայն իմաստով կը համապատասխանէ՝ արդար սեփականութեան, օրինաւորուած պահանջքի կամ բան մը ընելու կամ չընելու ազատութեան եւ կարողութեան, չի բխիր պետութենէ, այլ մարդու բնական դրութենէն։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ընտանիքէն ետք երկրորդ կարեւոր ազդակը ուսուցիչի կարողութիւններն են. մենք ուսուցչութիւնը որպէս գործ չենք տեսներ, որովհետեւ իրականութեան մէջ շատեր կրնան ուսուցիչ դառնալ, սակայն բոլորը չեն կրնան կրթել իրենց խնամքին յանձնուած մանուկները:
Փարիզի «Նոր Յառաջ»ին մէջ կը կարդանք.-
Ֆրանսահայ համայնքը կը սգայ իր երէց սերունդէ սիւներէն մէկուն կորուստը. ոչ եւս է Անթուան Պաղտիկեան, որ մահացած է օգոստոսի 26-ի գիշերը։