Արխիւ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երէկուան մեր գրութեան մէջ «Կը վախնան քեզմէ, բռնակալ Ալլահ» խորագրեալ յօդուածով խօսեցանք Մինաս Պետրոսեանի «Բողոք առ Աստուած» բանաստեղծութեան մասին, ուր բանաստեղծը հայ ժողովուրդին դժբախտութեան հիմնական պատճառ կը նկատէր զԱստուած:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ինչպէ՞ս պէտք է հասկնալ Առակագիրին ըսած հետեւեալ նախադասութիւնը. «Քանի որ յոյս կայ՝ տղադ խրատէ եւ անոր մահուանը կամակից մի՛ ըլլար» (Առ 19.18):
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Վիթթորիա Աղանուրեան (Աղանուր) բանաստեղծուհիի անունը քիչ յիշատակուած է: Թէեւ ան ստեղծագործած է իտալերէնով, բայց հոգեւոր մեծ կապ ունեցած է հայութեան, հայ գրականութեան հետ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ազատութիւնը մարդս կ՚ընէ «բարոյական անձ»։ Մարդը երբ կը գործէ ինքնակամ եւ քմայական կերպով, ան, այսպէս ըսելու համար, տէրն է իր արարքներուն։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր թուականէն 164 տարիներ առաջ՝ 24 մայիս 1860 թուականին պոլսահայութեան ընդունած «Ազգային Սահմանադրութիւն»ը յաղթութիւն մը կը նկատուէր. թէեւ շատեր առաջին իսկ օրէն դէմ կ՚արտայայտուէին, սակայն ընդհանուր կը տիրէր «յաղթական» մթնոլորտ մը:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս, Կլենտէյլէն երիտասարդ Արեգ Բոյներեան եզակի զօրակցութեան ծրագիր մը կեանքի կոչած է՝ ի նպաստ Արցախէն տեղահանուած հայերուն։
Սրբազան Պապը եղբայրական ողջոյններ յղեց Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու գահակալներուն:
Հռոմի Սուրբ Պօղոս պատմական տաճարին մէջ Քրիստոնէից միութեան համար աղօթքի շաբթուան փակման արարողութիւնը:
2018 թուականէն ի վեր կը հնչէ այն հարցը, թէ ո՞վ իշխանութեան գլուխ բերաւ Նիկոլ Փաշինեանը։ Եթէ մինչեւ 2020 այդ հարցը կը բարձրաձայնուէր՝ հասկնալու համար, թէ Հայաստանի մէջ ի՞նչ գործընթաց սկսած է եւ ինչի՞ կը սպասուի յետագային, ապա 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմէն եւ, յատկապէս, Արցախը ամբողջովին հայազրկելէ յետոյ հարցը հնչեց առաւել սպառնալից շեշտադրմամբ։
Հայաստան-Ատրպէյճան ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի բանակցային գործընթացէն ներս յետընթաց:
Երեւան եւ Պաքու հրապարակաւ պատգամներ կը փոխանակեն՝ յստակ բարձրաձայնելով առկայ յուսախաբութիւնները:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Մարսէյլի մէջ մահկանացուն կնքած է նախկին պոլսահայ կրթական մշակ եւ ֆրանսահայ վաստակաշատ համայնքային գործիչ Անի Յովսէփեան, որու կորուստը խոր սուգի մատնած է իր ընտանիքն ու սիրելիներու շրջանակը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Օրերս ամերիկեան քաղաքական լրահոսին մէջ ուշադրութիւն կը գրաւեն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զօրքերու Սուրիայէն մօտալուտ հեռացման մասին հաղորդումները։ Նոյնիսկ Թրամփի արձանագրած յառաջընթացը ձեւով մը անոնց ստուերին տակ մնացած է։
Գումգաբուի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի գաւազանակիրը նշանակուեցաւ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Այսօր, կանուխէն դպրոց եկած էի, որպէսզի մեր հինգ տարեկան թոռնիկը՝ Վանան, «փողոցը չմնար»: Անգիր պաշտօնս էր, որ զինք ճիշդ ժամուն «վերցնէի» ու բերէի տուն:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Պատմական եւ արդիական հիմնական հարցերէն մէկը որեւէ եղելութեան-եղափոխութեան աղբիւրներու եւ պատճառներու գտանումն է, ինչ որ անկարելի գործընթաց մըն է՝ նկատի առնելով հաստատակամութեան եւ վաւերագրութեան բացարձակութիւն մը ապահովելու դժուարութիւնը:
Այս տարեմուտին եւս Իսթանպուլի մէջ զանազան եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ կ՚աղօթեն քրիստոնէից միութեան համար։ Ամէն տարի քաղաքիս քրիստոնեայ յարանուանութիւնները այս ուղղութեամբ կը թարմացնեն իրենց աղօթքը։ Քրիստոնէից միութեան շաբթուան ծիրէն ներս, շաբաթավերջին Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ էքիւմենիք աղօթք մը։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանները շաբաթավերջին այցելեցին «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնը, ուր Հայաստանի Բանակի օրուան առթիւ աղօթեցին նահատակ զինուորներու յիշատակին եւ անոնց հոգիներու հանգստութեան համար։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց կիրակնօրեայ արարողութիւններուն եւ տուաւ օրուան պատգամը։ Ս. Սարգիսի տօնի շաբաթավերջին, Ս. Պատարագին յաջորդեց երիտասարդաց օրհնութեան կարգը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Կազզէի պատերազմին զուգահեռ կարեւոր իրադարձութիւններ երեւելի կը դառնան Մերձաւոր Արեւելքի տարբեր շրջաններուն մէջ։ Ճիշդ է, որ հիմնական առանցքը կը շարունակէ մնալ Կազզէի ճակատը, բայց եւ այնպէս, բոլորին համար յստակ է, թէ այդ տագնապը զանազան հագուստներ հագուելով արդէն դուրս եկած է իր հիմնական հունէն։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Շատ բան կայ ըսելիք առանձնութեան մասին։ Ինչպէ՞ս կրնանք առանձին մնալ աշխարհի մը մէջ, ուր կը բնակի մօտաւորապէս 9 միլիառ մարդ: Առանձնութիւնը այնքան վատ է, որ մինակ ես՝ բազմամարդ աշխարհի մը մէջ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մեղքերուն խոստովանութիւնը՝ որ կը նշանակէ յանցանքը ընդունիլ, նոյնիսկ լոկ մարդկային տեսանկիւնէն մարդը կը ձերբազատէ՝ դիւրացնելով ուրիշներուն հետ իր հաշտութիւնը։