Արխիւ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Աւստրալահայ ազգային-հասարարական գործիչ Ստեփան Քրքեաշարեան համոզուած է, թէ հայ իրականութեան առկայ պայմաններուն ներքեւ անհրաժեշտ է ապահովել ժողովրդային նեցուկ։ Այժմու հրատապ օրակարգին կապակցութեամբ ան ունի ուշագրաւ դիտարկումներ եւ մօտեցումներ, զորս վերջերս բաժնեց մեզի հետ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղուան ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.
Եսայիի մարգարէութենէն 7.1-9:
Պօղոս առաքեալին Կորնթացիներուն ուղղած առաջին նամակէն 13.11-14.5:
Մարկոսի Աւետարանէն 2.1-12:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Աղանդ» տառացիօրէն կը նշանակէ՝ թիւր վարդապետութիւն, հերձուած. կրօնական ուսուցում կամ վարդապետութիւն՝ որ կը խոտորուի Եկեղեցւոյ մէջ ընդունուած վարդապետութենէն կամ դաւանութենէն. այսինքն՝ մոլար վարդապետութիւն։ Այն՝ ի՛նչ որ ընդունելի չէ Եկեղեցւոյ կողմէ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Կը զարմանամ, թէ ինչպէս մարդիկ տակաւին կը շարունակեն յատուկ սէր մը ունենալ Խորհրդային Միութեան կարգերու նկատմամբ, լաւապէս գիտնալով որ իրենց թուարկած բարիքներէն շատ շատ աւելի վնասներ ու աղէտներ պատճառած է թէ՛ աշխարհին եւ թէ հայ ազգին:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Տիթրոյիթի ծուխէն ներս, վերջին օրերուն հրաժեշտի յուզումնախառն արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Եւրոմիութեան Հայաստանի պատուիրակութեան ղեկավար դեսպան Անտրէա Վիքթորինը, որ կ՚աւարտէ իր դիւանագիտական առաքելութիւնը Երեւանի մէջ։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի պաշարումը դադրեցնելու ուղղութեամբ հրապարակուած յայտարարութիւնները բազմաթիւ են եւ կը համոզեն խնդիրին աշխարհաքաղաքականացման մասին:
Պէյրութի Հայկազեան համալսարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ հետաքրքրական ձեռնարկ մը։ Այսպէս, համալսարանի ուսանողները ցուցադրեցին իրենց կողմէ բանուած կարպետները (քիլիմները)։
Թուրքիա-Եւրոմիութիւն առանցքին վրայ բաւական երկար ժամանակէ ի վեր աշխուժութիւն չի նկատուիր։ Այս իրավիճակին մէջ Անգարա յամառօրէն Պրիւքսելէն կը պահանջէ՝ վերատեսութեան ենթարկել եւ այժմէականացնել Մաքսային միութեան համաձայնութիւնը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ստորեւ կը շարունակենք «Աղանդներ»ը՝ Մանէս Պարսկի աղանդով։
Այս աղանդը շատ ճիւղաւորութիւններ ունեցաւ եւ շատ տարածուեցան։ Հայաստանի եւ Պարսկաստանի միջեւ եղած սերտ յարաբերութեան շնորհիւ՝ այս աղանդը հայ ժողովուրդին մէջ ալ տարածուեցաւ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր թուականէն տասնամեակներ առաջ Յովհաննէս Շիրազ կը բողոքէր այն դառն իրողութեան դէմ, որ հայազգի զաւակներ իրենց որդիներն ու դուստրերը օտար ազգի պատկանող անուններով կը մկրտեն.
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Շուրջ 500 տարի առաջ Պելժիոյ մէջ լոյս տեսած է Թոմաս Մորի «Իւթոփիա»ն՝ իր մտերիմ ընկերոջ Էրասմուսի օգնութեամբ։ Գիրքը կը նկարագրէ կղզիի մը վրայ հիմնադրուած երկիր մը, որ շատ աւելի կատարեալ է՝ քան գիրքի գրի առնուած ժամանակուան եւրոպական երկիրները, որոնց իւրաքանչիւրը զբաղած են հակամարտութիւններով, անհաւասարութեամբ եւ փտածութեամբ:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին կը շարունակէ զգայնութեամբ հետեւիլ Արցախի պարագային ստեղծուած ողբերգական իրադրութեան՝ միշտ շեշտելով նաեւ իր տարակարծութիւնները Երեւանի իշխանութիւններուն որդեգրած քաղաքականութեան հետ։

Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը երէկ կէսգիշերին հասաւ Հայաստան։ Իսթանպուլ-Երեւան «Փեկասուս»ի ուղիղ թռիչքով ճամբորդեց խումբը։ Մարալցիները Երեւան հասնելէ վերջ անմիջապէս ուղեւորուեցան Կիւմրի, ուր տեղակայուեցան իրենց պանդոկին մէջ։
Գիտաժողով. «Հայութեան տեղաշարժերն ու փոխակերպումները 20-րդ դարուն եւ 21-րդ դարու սկիզբին»:
Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի եւ Երեւանի «Խաչատուր Աբովեան» պետական մանկավարժական համալսարանի համատեղ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած հաւաքոյթին ընթացքին ներկայացուցեցան կարեւոր զեկուցումներ:
Երեւանի մէջ կազմակերպուած Ազգային երիտասարդական համաժողովը երէկ հասաւ իր աւարտին։ Ընդհանուր առմամբ, եռօրեայ խտացեալ ծրագիրը բաւարարեց նոր սերունդի ներկայացուցիչները, որոնք համախմբուեցան համահայկական այս ձեռնարկին առթիւ։ Բոլորի տպաւորութիւնը այն էր, թէ երիտասարդութեան մտահորիզոնները կը համարուին հայութեան տեսակէտէ յուսադրիչ ապագայի մը նախադրեալը։
Պաշարեալ Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական տագնապի հետեւանքներու նկարագրումը հետզհետէ կը դառնայ անկարելի։ Ստեփանակերտէն հասած լուրերը խորապէս մտահոգիչ են։ Լեռնային Ղարաբաղի պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան երէկ տեղեկացուց. «Առկայ են իրավիճակներ, որոնց յաղթահարման համար այլեւս կը բացակային անհրաժեշտ միջոցներն ու հնարաւորութիւնները»։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մերօրեայ ծնողներուն ճնշող մեծամասնութեան համար զաւակներու դաստիարակութիւնը կը կայանայ ապահովել զանոնք հարստութեամբ՝ դրամով, հագուստով, խաղալիքներով, մնայուն նուէրներով, եւ այլն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Առանց գիտութեան գաղափար չի՛ կազմուիր»։
Կրօնական մտքի ինքնուրոյն մտածողութեան արգասիք են աղանդները՝ որոնք քրիստոնէութեան սկզբնական շրջաններէն ծնունդ առին եւ մեծամեծ յուզումներու եւ խռովութիւններու պատճառ դարձան Տիեզերական Եկեղեցին յուզող աղանդներէն ոմանք արձագանգ գտան նաեւ հայոց մէջ, միտքեր յուզեցին եւ Հայ Եկեղեցին միջոցներ ձեռք առաւ անոնց ծաւալման առաջքն առնելու։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Կը հաւատանք, որ հայկական եկեղեցաշինութիւնը կը կարօտի լուրջ ուսումնասիրութեան ու վերլուծութեան, որովհետեւ Հայաստանի մէջ աւելի քան դարեր առաջ շինուած կառոյցներ կը շարունակեն դուրս մնալ տրամաբանութեան սահմաններէն եւ ակամայ զարմանք մը պատճառել այցելուին՝ իր ոճաբանութեամբ եւ մանրամասնութիւններով: