Արխիւ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանը կղզիացած պահելու ուղղեալ նեղմիտ մօտեցումները, նոր ուղիներ ընդգծելու բացակայութիւնը երկիրը կը շարունակեն պահել աշխարհէն կտրուած:
Եգիպտոսի նախագահ Սիսիի այցը տակաւին ճանապարհ ունի պատմական համարուելու համար:
Որքան որ ալ փոփոխութիւն կրած ըլլայ դերակատարութիւնը՝ Գահիրէի կողմէ Երեւան-Ռիատ յարաբերութիւնները վերջապէս լոյսին տակ բերելու գործընթացը կրնայ դրական մեծ լիցքեր ապահովել:
Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան շաբաթավերջին պատարագեց եւ քարոզեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս, Եիւնիըն Սիթիի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ։ Հարկ է նշել, որ այս եկեղեցին կը յաճախեն՝ ընդհանրապէս նախկին պոլսահայ հաւատացեալներ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ այցելեց Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանը։ Նորին Ամենապատուութեան ընկերացաւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր այս այցելութեան նպատակն էր ցաւակցութիւն յայտնել Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքին, որու քոյրը մահացած է օրերս։
Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ քանի մը ամիսէ ի վեր Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Առաջնորդարանին կողմէ հովանաւորուած Ս. Ներսէս ընծայարանի դասընթացքներուն կը հետեւի, շաբաթավերջին հիւրընկալուեցաւ Նիւ Եորքի եւ Նիւ Ճըրզիի պոլսահայ կազմակերպութիւններուն կողմէ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Գրող, թարգմանիչ, Հայկական բարեգործական ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) քարտուղար Վահան Մալէզեան իր կեանքի մէկ շրջանը բնակած է Պոլիս: Ան ծնած է 1871 թուականին՝ Ռումանիոյ Սուլինա քաղաքը, ուր իր հայրը՝ բժիշկ Ֆրանկիւլ Մալէզեան, կը գտնուէր առժամաբար, Միջազգային յանձնախումբի մը մօտ Թուրքիոյ առողջապահական պատուիրակի պաշտօնով:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Մեր յօդուածը կը շարունակենք արեւմտահայերէնի դժուարութիւններու եւ անոնց յաղթահարման հեռանկարներու շուրջ։
բ.-Դասական սփիւռքի մշակութային-գիտական լճացած վիճակը արեւմատահայերէնի հենքով:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ի՞նչ բանի համար մարդը կը գովուի եւ կ՚անարգուի:
Պատասխան. Սողոմոն Իմաստունը կը գրէ. «Մարդը իր խոհեմութեանը չափ կը գովուի, բայց ծուռ սիրտ ունեցողը կ՚անարգուի» (Առ 12.8):
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Չմոռնա՛նք. ձմեռը բնութիւնը կը քնանայ, բայց չի՛ մեռնիր։
Ձմեռը կը չորնան ծառեր, դաշտերու խոտեր… ծառին, խոտին ի՞նչը կը մնայ որ պատուոյ արժանի ըլլան եթէ իրենց կանաչութիւնը կորսնցնեն։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Պատկերացուցէք կտաւ մը՝ ամբողջութեամբ կապոյտ գոյնով ներկուած եւ անոր կեդրոնը սպիտակ անիմաստ երկար գիծ մը. իսկ այժմ պատկերացուցէք նման աշխատութեան մը վաճառքը՝ 43.8 միլիոն ամերիկեան տոլարի դիմաց:
Մինչ Արցախի պաշարումը շուրջ 50 օրէ ի վեր կը շարունակուի՝ մարդասիրական ծանրածանր հետեւանքներով, Լեռնային Ղարաբաղի Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան ամէն օր շփումներ կ՚ունենայ ժողովուրդին հետ։
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ դէպի Պուտափեշտ պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Հունգարիոյ ղեկավարութեան կողմէ։ Այս շրջանակին մէջ ան երէկ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը սարքեց Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանի հետ։
Իրանէն շաբաթավերջին հասան՝ անօդաչու թռչող սարքերով կատարուած յարձակումի մը վերաբերեալ ուշագրաւ լուրեր։ Այսպէս, անօդաչուներով յարձակում մը կատարուած է Իրանի զինամթերքի գործարաններէն մէկուն վրայ՝ Սպահան քաղաքին մէջ, յունուարի 28-ի կէս գիշերին, ժամը՝ 23.30-ին։
Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ անմիջական ուշադրութիւն ցուցաբերել Լաչինի միջանցքի շրջափակման եւ Արցախի պաշարման նկատմամբ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ գծով տեղակալ Քերըն Տոնֆրիտ յայտարարեց, որ Լաչինի միջանցքին շուրջ առկայ իրավիճակը կը խոչընդոտէ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացի յառաջխաղացումը։
Եգիպտոս պատրաստակամութիւն կը յայտնէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ չէզոք միջնորդի դեր ստանձնելու ուղղութեամբ:
Ապտիւլֆեթթահ Էլ Սիսի. «Միայն ռազմական ուժը երբեք բաւարար չէ եղած տեւական, համապարփակ եւ արդար խաղաղութեան հասնելու համար»:
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանը շաբաթավերջին խումբ մը ծայրայեղականներու յարձակման ենթարկուեցաւ:
Հայկական թաղամասի վերջին օրերու անհանգստութիւնը գագաթնակէտին հասաւ՝ Սուրբ Աթոռի թիրախաւորումով. դիւանապետին կողմէ լուսաբանութիւն:
Հռովմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը երէկ Վատիկանի մէջ հերթական անգամ անդրադարձաւ Լաչինի միջանցքի փակման բերումով շրջափակուած Արցախէն ներս ստեղծուած մարդասիրական ծանր իրավիճակին։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ կարճատեւ այցելութեամբ մեկնեցաւ Անգլիա։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգը հաղորդեց, որ Վեհափառ Հայրապետին կ՚ուղեկցի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի քարոզչական կեդրոնի եւ Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան հարցերով գրասենեակի տնօրէն Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան։
Քրիստոնէից միութեան աղօթքի շաբթուան առթիւ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապետիւ Տ. Սահակ Ս. Արքեպիսկոպոս Մաշալեան շաբաթավերջին մասնակցեցաւ Պէյօղլուի Ս. Յովհան Ոսկեբերան հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած միջեկեղեցական արարողութեան։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի սանուց միութիւնը երէկ կազմակերպեց փազըլի մրցոյթ մը։ Համաշխարհային փազըլի օրուան առթիւ տեղի ունեցաւ այս ձեռնարկը՝ Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլքքան» սրահին մէջ:
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցի ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը երէկ տեղի ունեցաւ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։