Արխիւ
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
2022 տարին անցաւ գնաց եւ եկաւ նորը՝ 2023-ը: Այլ խօսքով, տարի մըն ալ անցաւ աշխարհի եւ մարդոց կեանքէն:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
«Լեռներու ջինջ ու արձակ բնութեան կարօտն ունէի ու գեղեցիկ առտու մը մեր ուղեւորութեան ընթացքին այս տեղուանքը մեկուսացած, հովուական վրաններու հիւրն էի եղած, նոր կեանքով մը նորոգուելու [ընդգծումը մերն է], նոր կազդոյրով մը պատուաստուելու համար:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ժամանակը մեզ հասցուց այն եզրակացութեան, թէ այնպէս ինչպէս սէրերը հէքիաթներուն համար ստեղծուած են, նոյնպէս ալ Նոր տարին ստեղծուած է միայն մանուկներուն համար եւ կամաց-կամաց մեծահասակներուս համար իր գոյնը սկսած կորսնցնել:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Անորոշութիւններու դարաշրջանին, մոլորութիւններու եւ պղտորութիւններու ժամանակներուն հերթական փուլ մըն է այսօր։ Եւ 2023… Ամանոր՝ յոյսի նոր կանգառ մը, յուսախաբութեան բոլոր նախադրեալներով հանդերձ։
Համայն հայութիւնը 2023 թուականը կ՚ողջունէ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի պաշտամունքի վերաբացման ակնկալութեամբ։ Ինչպէս ծանօթ է, Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարը երկար տարիներէ ի վեր պաշտամունքի փակ է, որովհետեւ ամրակայման ու հիմնանորոգման աշխատանքները տեւած են շատ երկար։
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս 2023 թուականին պիտի նշուի յատկանշական յոբելեան մը։ Այսպէս, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբը կը նշէ իր 90-ամեակը։
Եկաւ-հասաւ 2023-ը…
Մարդկային քաղաքակրթութիւնը, խորքին մէջ, մարդկութեան հասարակաց յայտարարն է։ Համամարդկային արժեհամակարգը կը բիւրեղանայ այդ կէտէն սկսեալ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այսօր կէս գիշերին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն Ամանորի առթիւ իր պատգամը կ՚ուղղէ համայն աշխարհի հայութեան։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս հայաշխարհը ուշադրութեամբ կը սպասէ Վեհափառ Հայրապետի պատգամին՝ մանաւանդ, որ Հայաստանն ու Արցախը կը դիմագրաւեն ծանրածանր մարտահրաւէրներ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ներկայ տարեմուտին պիտի այցելէ Երուսաղէմ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գահակալութեան շրջանին առաջին անգամ պիտի մեկնի Սուրբ Քաղաք։
Արցախի Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան երէկ հարցազրոյց մը տուաւ «France24» հեռուստակայանին։ Լեռնային Ղարաբաղի պաշարումով, Լաչինի միջանցքի փակ վիճակով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ, Ռուբէն Վարդանեան Ստեփանակերտէն տեսակապով միացաւ այս հեղինակաւոր հեռուստակայանի ուղիղ եթերին։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ ամփոփ յայտարարութիւններ ըրաւ Լաչինի միջանցքի փակման մասին։ Ըստ իրեն, այս վերջին իրադարձութիւնները, անկասկած, Հայաստանի տեսակէտէ անկեղծութեան ստուգման փորձաքար պիտի ըլլան։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լաչինի միջանցքէն մինչեւ Ուքրայնայի պատերազմ. Հայաստան կը հաշուարկէ հաւանականութիւններ:
Մոսկուա դիրքերը վերականգնելու պարագային կրնայ շարժման անցնիլՀարաւային Կովկասէ ներս վերահաստատուելու համար եւ Վարդանեանը կը դարձնէ գործօն՝ թէ՛ Արցախի եւ թէ Երեւանի մէջ իր քաղաքական գիծը յառաջ տանելու առաջադրութեամբ:
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը վառ յոյսերով եւ անկեղծ բարեմաղթութիւններով կ՚ողջունէ 2023 թուականը:
Երէկուան երեկոյթին ժամանակ գործադրուեցաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը, տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակահանութիւն:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Առողջապահութեան նման որպէս հասարակաց իրաւունք կը դիտարկուի կրթութիւնը։ Կրթութիւնը, ըստ սահմանման, կարելի է բացատրել որպէս ընկերային հաստատութիւն, ուր հմտութիւններն ու գիտելիքները կը զարգացուին կամ ձեռք կը բերուին՝ ընդլայնելով անձնական հորիզոնները:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սա անուրանալի իրողութիւն մըն է, թէ մարդ արարածը որքան մարմնաւոր, նոյնքան մտաւոր եւ հոգեւոր էակ մըն է։ Մարդուն արտաքին տեսքին նայելով անիկա լոկ նիւթական՝ մարմնական կարծել սխալ է, քանի որ մարդ խորհող եւ զգացող, խորհուրդով եւ զգացումներով շարժող, ապրող եւ կեանք վարող «անձ» մըն է։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Անցեալի եւ ներկայ հասարակութեան հիմնական տարբերութիւններէն մէկը համբերութեան վերացումն է, որովհետեւ անցեալին հազար ու մէկ տանջանքներու եւ ցաւերու տոկացող նախնիներու ժառանգները այսօր ամենէն պարզ ու չնչին դժուարութիւններն անգամ չեն հանդուրժեր:
«Արաս» հրատարակչութիւնը ներկայ տարեմուտին հայերէն բանաստեղծութիւններու նոր գիրք մը դրած է հայ գրականութեան համակիրներու տրամադրութեան տակ։
Կը տեղեկանանք, որ այս տարի եւս լոյս տեսած է Պատրիարքական Աթոռի պաշտօնական օրացոյցը։ Այսպէս, 2023 թուականի «Եկեղեցական օրացոյց»ը կը պարունակէ եկեղեցական բոլոր տօները, շարականները, սուրբգրական ընթերցումներու համարները, եկեղեցիներու ուխտի օրերը եւ այլն։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Հայը՝ հայ է: Ըլլայ ան պոլսեցի, սեբաստացի, արցախցի, թէ հայաստանցի: Ես կը սիրեմ նշել իմ բնիկ արցախցի ըլլալը: Այդ փաստը իմ հոգին շատ կը փառաւորէ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
96-ամեայ հայ քանդակագործ Ալիս Մելիքեան կը բնակի Լոս Անճելըս:
Կեանքի ուշագրաւ ուղի մը անցած է տաղանդաւոր արուեստագիտուհին՝ հեռաւոր ափեր հասնելով Մայր Հայրենիքէն: