Արխիւ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2022

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ բախումները կը շարունակուին։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ Ատրպէյճանի բանակի ստորաբաժանումները տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներով կրակ բացած են սահմանի արեւելեան հատուածէն ներս տեղակայուած հայկական դիրքերուն վրայ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2022

Իրակլի Ղարիպաշվիլի. «Ատրպէյճանը Վրաստանի ամենակարեւոր ռազմավարական գործընկերն է»:
Թիֆլիզի եւ Պաքուի ղեկավարութիւնները ամբողջական համախոհութեան մէջ ակնկալութիւններ կը հասցէագրեն Երեւանին:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2022

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. «Պոլսահայութիւնը փորձառու վարիչներու նկատմամբ բացարձակապէս երախտագիտութեան մէջ չի թերանար, սակայն նաեւ չի թաքցներ փոփոխութեան ցանկութիւնը։ Աշխարհական գետնի վրայ կազմակերպումը պէտք չէ այսքան տկար մնայ։ Մեր ունեւոր հաստատութիւնները յառաջիկային աւելի տարբեր մտայնութիւն մը պէտք է որդեգրեն։ Մարդիկ կ՚ըսեն, որ սա մեր հաւաքական հարստութիւնն է եւ անով պէտք է պատրաստուի մեր ապագան»։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Ֆէրիգիւղի սիրոյ սեղանին ահազանգ հնչեցուց թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս առկայ համատարած անտարբերութեան համար եւ Օրթագիւղի քուէարկութեան փորձառութեան լոյսին տակ մատնանշեց ընտրողներու ցուցակներու փութով կատարելագործման անհրաժեշտութիւնը։
«Մենք աւելի լաւ համայնք մը դառնալու որոնումին մէջ ենք։ Շատ սակաւ են վարչային ըլլալու թեկնածուները, իսկ ընտրուածներն ալ չեն գիտեր, թէ ի՛նչ ճանապարհով պէտք է ընթանան։ Պարտաւոր ենք առողջ հերթի փոփոխութիւն մը կազմակերպելու։ Ո՞ւր են այն երիտասարդները, որոնք կարդացուցած, համալսարան ուղարկած ենք։ Անոնց կարիքը կը զգանք ներկայ ընտրութիւններուն»։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2022

Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ այս շրջանին կը գտնուի Նիւ Եորքի մէջ, շաբաթավերջին Մենհեթթընի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց՝ Գիւտ Խաչի տօնին առթիւ։ Արարողութեան ընթացքին կազմուեցաւ թափօր եւ «Նշանաւ ամենայաղթ» շարականի երգեցողութեամբ հաւատացեալները համախմբուեցան Չարխափան Ս. Աստուածածնի սրբապատկերին առջեւ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2022

Էսաեան վարժարանին մէջ վերջերս Ս. Թարգմանչաց տօնին առթիւ տեղի ունեցան աշխատանոցներու ձեւաչափով գործունէութիւններ։ Տղաքը օրուան սկիզբին տեղեկութիւններ ստացան Հայ գիրերու գիւտին եւ Թարգմանիչ վարդապետներու մասին եւ այդ հիման վրայ ստեղծագործական աշխատանք տարին աշխատանոցներէն ներս։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2022

Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք վերջին օրերուն հիւրընկալուեցաւ Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանին մէջ։ Այսպէս, ան հրաւիրուած էր ասուլիսի մը, որու ծիրէն ներս հաճելի զրոյց ունեցաւ աշակերտներուն հետ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2022

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայկական առաջին կուսակցութիւններէն է Ռամկավար ազատական կուսակցութիւնը (ՌԱԿ)՝ կազմաւորուած 1 հոկտեմբեր 1921 թուականին, Պոլսոյ մէջ, 1885-ին հիմնուած հայ ազգային առաջին կուսակցութեան՝ Արմենական կազմակերպութեան եւ շարք մը միաւորումներու որպէս արդիւնք:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2022

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

​Աշխարհը իր երկար պատմութիւններով միշտ ունեցած է մեծ ու փոքր, խիտ ու նօսր, յստակ կամ վտիտ ղեկավարութիւն: Եւ ամենացայտուն ու ազդու-կիրառելի ղեկավարութիւնը եղած է քաղաքականը: Ինչո՞ւ քաղաքականը, որովհետեւ այն ամենաբարձր ու կազմակերպիչ ձեւն է (գոնէ մինչեւ մեր ներկայ ժամանակները) մարդկային հասարակութիւններուն կեանքը վարելու եւ իրականացնելու «ցանկալի» եւ յաճախ վիճելի յառաջդիմութիւնը:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2022

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Այսօր մեր ընթերցողներուն ուշադրութեան պիտի յանձնեմ Թերթիս վաստակաշատ խմբագիրներէն՝ Արայ Գօչէն երեք գրութիւններ, որոնց բովանդակութիւնը այժմէական են: Առաջինը՝ «Շաքար ուտե՞նք, թէ՞ չուտենք», երկրորդը՝ «Վերջ պէտք է տալ «կոյկոյճի»ութեան», իսկ երրորդը՝ «Պէտք է ապտակահարել նուաղածը, սթափեցնելու համար…»:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2022

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Պօղոս առաքեալ Հռովմայեցիներու ուղարկած իր նամակին Դ. գլխուն մէջ կը հաստատէ «հաւատքով արդարանալու վարդապետութիւն»ը՝ վկայութիւն բերելով Աստուծոյ վարմունքը Աբրահամի հետ, քանի որ Աբրահամ «արդար» համարուեցաւ իր հաւատքին եւ ո՛չ թէ իր գործերուն համար. (ՀՌՈՄ. Դ 1-3)։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ցաւ ի սիրտ, անցեալ շաբթուան ընթացքին Հայաստանի մէջ ականատես եղանք, թէ ինչպէս երկու երիտասարդներ՝ մին 16, իսկ միւսը 18 տարեկան ինքզինքնին վար ձգեցին կամուրջէ մը եւ վերջ տուին իրենց երիտասարդ կեանքին:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2022

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաստանի Կոմիտասի թանգարան-կաճառի եւ «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի համատեղ ջանքերով Կոմիտասի թանգարան-կաճառին մէջ բացուած է «Դարէն երկար» խորագրով ցուցահանդէսը:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2022

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Միտքերու եւ յոյզերու աշխարհին մէջ սէր զգալն ու զայն իւրացնելը կը թուի որպէս կեանքի գլխաւոր նպատակը։ Արդարեւ, սիրելը մարդկային ուժը մարմնաւորող գործողութիւն մըն է, որ կարելի է զգալ միայն ազատութեան պարագային, առանց հարկադրանքի:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ժամանակը ինչքան յառաջդիմէ, այնքան կը նահանջեն արժէքները եւ ժամանակ մը ետք կը նկատենք, թէ այդ անարժէք կարծուածները մեր շրջապատին մէջ սկսած են ընդունուիլ իբր արժէք, իսկ արժէքաւորները՝ անարժէք:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2022

Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Անգլիոյ թեմի հաստատման 100-ամեայ յոբելեանը երէկ հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Լոնտոնի մէջ։ Այս առթիւ, Լոնտոնի Ս. Սոֆի յոյն ուղղափառ մայր տաճարին մէջ գոհաբանական Ս. Պատարագ մատոյց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքը։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2022

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Կը տեղեկանանք, որ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ներկայ շաբթուան երկրորդ կէսին Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքով պիտի մեկնի Հայաստան։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2022

Յայտնի պատմաբան փրոֆ. Էտհեմ Էլտեմ վերջին օրերուն Ֆրանսայի կառավարութեան կողմէ պարգեւատրուեցաւ «Լեժիոն տ՚Օնէօր» շքանշանով։ Ֆրանսական պալատին մէջ այս առթիւ մեծարանքի հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ ի պատիւ Էտհեմ Էլտեմի։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2022

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողակիցը՝ Աննա Յակոբեան վերջին օրերուն շփումներ ունեցաւ Փարիզի մէջ։ Կը հաղորդուի, որ Էլիզէի պալատէն ներս ան հիւրընկալուեցաւ Ֆրանսայի Առաջին տիկին Պրիժիտ Մաքրոնի կողմէ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2022

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին հիւրընկալեց Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան, նաեւ Կապանի մէջ մասնակցեցաւ Իրանի հիւպատոսարանի բացման պաշտօնական արարողութեան։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2022

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի լարուածութեան զուգահեռ արդէն թէ՛ Եւրոպական միութեան եւ թէ՛ ԵԱՀԿ-ի կողմէ դիտորդական առաքելութիւններու տեղակայման պարագաները օրակարգի վրայ եկած են եւ գործնական քայլեր կ՚առնուին։ Վերջին օրերուն ԵԱՀԿ-ի կողմէ կարիքներու գնահատման նպատակով առաքելութիւն մը ուղարկուեցաւ Երեւան։

Էջեր