Արխիւ

Երեքշաբթի, Յուլիս 26, 2022

Պոլսահայ հոգեւորականաց դասու երկու նորաօծ հայրերով լրամշակումը այս օրերուն ուրախութեան առիթ դարձած է համայնքային շրջանակներէն ներս։ Պատրիարքական Աթոռի ջանքերով հասած ու պատրաստուած նորաօծ հոգեւոր հայրերը յառաջիկայ շրջանին արդէն ծառայութեան պիտի կոչուին մեր եկեղեցւոյ մէջ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 25, 2022

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Պայծառակերպութեան տաղաւարի տօնակատարութիւններուն նախագահեց Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ, ուր տարեկան անուան տօնախմբութեան առթիւ մեծ խանդավառութիւն ստեղծուեցաւ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 25, 2022

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ Վարդավառի տօնակատարութիւններուն հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ մատոյց Ս. Պատարագը եւ խօսեցաւ քարոզ մը։ Պայծառակերպութեան տօնին առթիւ բացառիկ ոգեւորութեան մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս։

Երկուշաբթի, Յուլիս 25, 2022

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հանդիսապետեց Հալըճըօղլուի գերեզմանատան հոգեհանգստեան պաշտօնին:
Պոլսահայ մամլոյ բազմամեայ ու երախտաշատ սպասաւոր լուսահոգի Կարօ Համամճեանի մահուան առաջին տարելիցը:

Երկուշաբթի, Յուլիս 25, 2022

Պատրիարքական Աթոռի երիտասարդ միաբաններէն Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան, որ արտասահմանի մէջ կը կատարելագործէ բարձրագոյն ուսումը, երէկ, Վարդավառի առթիւ պատարագեց Պելժիոյ Լիէժ քաղաքին մէջ, ուր տեղւոյն ծուխը յանձնուած է անոր հոգեւոր խնամքին։

Երկուշաբթի, Յուլիս 25, 2022

Եւրոպահայութեան ազգային-եկեղեցական կեանքի վերակերտման ճանապարհին կարեւոր ձեռքբերում մը:
Սպանիոյ հայութիւնը Վարդավառի շաբաթավերջին հոգեւոր մեծ ուրախութիւն ապրեցաւ օծման հանդիսաւոր արարողութեամբ:

Երկուշաբթի, Յուլիս 25, 2022

Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը ձեռնադրութիւն կատարեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ:
Տ. Գասպար Աբեղայի եւ Տ. Մելքոն Քահանայի ապաշխարութեան շրջանը սկսաւ՝ հաւատացեալներու ջերմ վերաբերմունքով:

Երկուշաբթի, Յուլիս 25, 2022

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հալէպահայ դեղագործ, համայնքային գործիչ Վահէ Սարգիսեան կը պատասխանէ մեր հարցումներուն:
-Ինչպիսի՞ն է Հալէպի վիճակը այս օրերուն: Ի՞նչ են հիմնախնդիրները։

Երկուշաբթի, Յուլիս 25, 2022

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

1956-ին Պէյրութի մէջ լոյս կը տեսնէ պոլսահայ բանաստեղծ Մատթէոս Զարիֆեանի (1894-1924) «Ամբողջական գործեր» հատորը, որուն մէջ ամփոփուած են բանաստեղծի կենդանութեան ժամանակ լոյս տեսած երկու հատորներու մէջ ընդգրկուած բանաստեղծութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ անոր անտիպ քերթուածները, օրագրութիւնը, նամակներն ու արձակ էջերը:

Երկուշաբթի, Յուլիս 25, 2022

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Վարակիչ հիւանդութիւններու մէջ համաճարակը ամենավատ բեմագրութիւնն է: Երբ տեղաճարակը (endemic) կը տարածուի երկրի մը սահմաններէն դուրս, այդ ժամանակ հիւանդութիւնը պաշտօնապէս կը դառնայ համաճարակ (pandemic):

Երկուշաբթի, Յուլիս 25, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Թէեւ եւրոպական երկիրները այժմ բարեկիրթ ու քաղաքակիրթ ժողովուրդ ներկայանալով խստիւ կը դատապարտեն ծեծն ու բռնութիւնը, մինչ տարիներ առաջ՝ 1963 թուականին զուիցերացի հեղինակաւոր մանկավարժ մը կը յայտարարէր. «Ծեծը անհրաժեշտութիւն մըն է դպրոցին մէջ:

Երկուշաբթի, Յուլիս 25, 2022

Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Պապայեան վերջին օրերուն ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ ահազանգային բնոյթով գրառումով մը։ Այսպէս, ան տեղեկացուց, որ Արցախը կանգնած է գոյաբանական սպառնալիքներու առջեւ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 25, 2022

Լոզանի համաձայնագրի ստորագրման 99-րդ տարեդարձը այս տարի նշուեցաւ՝ Անգարա-Աթէնք առանցքի առկայ լարուածութեամբ պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ։ Յունաստանի հետ խորացած տարակարծութիւնները պատճառ դարձան, որ Թուրքիա խիստ բողոք արտայայտէ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 25, 2022

Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու համայնքային վաքըֆներու ընտրութեան համար հրապարակուած նոր կանոնադրութեան լոյսին տակ, անցեալ շաբաթավերջին մեր համայնքին տեսակէտէ կարեւոր իրադարձութիւն մը տեղի ունեցած է։ Այսպէս, թրքահայ քանի մը վաքըֆներու ներկայացուցիչներ առիթն ունեցած են մէկտեղուելու եւ խորհրդակցելու Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութենէն ներկայացուցիչներու հետ, որոնք եկած էին մայրաքաղաքէն։

Շաբաթ, Յուլիս 23, 2022

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Հայ եկեղեցւոյ համաշխարհային երիտասարդաց միաւորման՝ (ՀԵՀԵՄ) վերջերս տեղի ունեցած համահայկական ուխտագնացութեան մասնակից պոլսահայ երիտասարդները։

Շաբաթ, Յուլիս 23, 2022

Երէկ, Գումագաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Պատրիարքական Աթոռոյ ժառանգաւոր սաներէն Արտա Սրկ. Փընարճեանի եւ Գրիգոր Սրկ. Կարապետեանի քահանայական կոչման արարողութիւնը։

Շաբաթ, Յուլիս 23, 2022

ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Աստուած, Դրախտը իր գեղեցկութիւններով տրամադրած էր մեր նախածնողքին, որպէսզի վայելեն։ Սակայն մեղքը, որ անսաստութիւնն է Աստուծոյ կամքին դէմ, երբ սողոսկեցաւ իրենց կեանքէն ներս, զրկուեցան այդ վայելքէն, ըլլալով արտաքսեալներ։

Շաբաթ, Յուլիս 23, 2022

Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Չորս լեզու, չորս մշակոյթ» անուանումով համերգ մը, որու ծրագրի առանցքը կազմեցին Այգուն Պուտաքի եւ Էզկի Զիւմրէ Թաշքընի կատարումները։

Շաբաթ, Յուլիս 23, 2022

Կեդրոնական վարժարանի աշակերտները վերջերս փայլուն յաջողութիւն մը արձանագրեցին «Solve For Tomorrow» ծրագրի շրջանակին մէջ։ «Samsung»ի եւ «Habitat» միութեան կողմէ կազմակերպուած էր այս ծրագիրը։

Շաբաթ, Յուլիս 23, 2022

«Եոլճու» թատերախումբը եւ Լուսաւորիչ երգչախումբը երէկ երեկոյեան հերթական անգամ ներկայացուցին «Կոմիտաս»ը։ Սելամիչեշմէի «Էօզկիւրլիւք» հանրապարտէզի ամփիթատրոնին մէջ, աւելի քան 400 հանդիսատեսի մասնակցութեամբ ներկայացուեցաւ խաղը։

Էջեր