Արխիւ
Ճաբոնի մէջ Քոքօ անունով կատուն մէկ օրով նշանակած են ոստիկանութեան բաժնի ղեկավար։ Այսպէս, Ճաբոնի մէջ Քոքօ անունով կատուն մէկ օրով նշանակուած է Տոիամա քաղաքի ոստիկանութեան բաժանմունքի ղեկավար՝ փրկելու համար տեղւոյն բնակիչներէն մէկուն կեանքը:
Յայտնի դարձած է, թէ ո՛ր ժապաւէնը կը բանայ Քաննի շարժանկարի փառատօնը։ Ֆրանսացի բեմադրիչ Լէոս Քարաքսի «Անէթը» երաժշտախաղը կը բանայ Քաննի շարժանկարի փառատօնը:
Ճազի միջազգային օրը հայազգի ճազի արուեստագէտները ելոյթ կ՚ունենան Սիրահարներու այգիէն ներս։ Այսպէս, Ճազի միջազգային օրը՝ ապրիլի 30-ին, համերգներ կը կազմակերպուին Երեւանի Սիրահարներու այգիին մէջ:
Շէնգաւիթի պեղումները միտուած են տաճարական համալիրի բացայայտման։ Այսպէս, Շէնգաւիթ վաղ պրոնզէ դարու հնավայր-յուշարձանին մէջ 2021 թուականի սեպտեմբերին կամ հոկտեմբերին պեղումներ պիտի իրականացուին:
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Հայկական Ֆէյսպուքի մէջ երէկ կիրքեր բորբոքուած էին 20-րդ դարու նշանաւոր քաղաքական գործիչ Մահաթմա Կանտիի արձանի Երեւանի մէջ տեղադրման կապակցութեամբ։ Արդէն առիթ ունեցած եմ գրելու, որ եթէ որեւէ արձանի տեղադրումը վէճեր կը յառաջացնէ, ապա աւելի լաւ է ձեռնպահ մնալ այդ քայլէն կիրքերը չբորբոքելու համար՝ մանաւանդ մեր այս անհանգիստ ժամանակաշրջանին։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Ամուսնութիւնները երկու ձեւով տեղի կ՚ունենան, կա՛մ եկեղեցական արարողութեամբ եւ կամ ալ քաղաքացիական պարզ ձեւակերպութեամբ։ Բայց նոյնիսկ եկեղեցական արարողութեան համար՝ նախ պէտք է քաղաքացիական արտօնութիւն ստանալ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Տ. Զաքարիա Ծ. Վրդ. Բաղումեանի հարցազրոյցը՝ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
«Կալկաթայի Հայոց մարդասիրական ճեմարանը տակաւին երկար տարիներ պիտի շարունակէ հայրենիքէն հեռու իր սրբազան առաքելութիւնը՝ ազգային գիտակցութեամբ»:
Յայտնի մեներգչուհի Սիպիլ վերջերս Երեւանի մէջ այցելեց Հայ Եկեղեցւոյ համաշխարհային երիտասարդաց միութեան (ՀԵՀԵՄ) կեդրոնական գրասենեակը։ Տեսուչ Տ. Թովմա Վրդ. Խաչատրեանի կողմէ հիւրընկալուեցաւ համակրելի արուեստագիտուհին, որ հանդիպման ընթացքին տեղեկութիւններ փոխանցեց պոլսահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին, մեր համայնքի ընդհանուր ապրելակերպին, հայկական մշակոյթի հետ կապին, ընդհանուր գործունէութեան մասին։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութեան բաժինը վերջերս ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրաւ շահեկան գործ մը, որ կը կոչուի՝ «Կոնդակներու, քարոզներու, խօսքերու եւ խոհերու ընտրանի»։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի զանազան գրութիւններու արեւմտահայերէնի փոխադրութիւնով պատրաստուած է այս ժողովածոն։
Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքը ներկայ ամսուայ սկիզբին հիւրընկալած է Կովկասի մահմետականներու հոգեւոր առաջնորդ, Ատրպէյճանի շէյխիւլիսլամ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէն։ Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցած է հանդիպումը, ինչ որ արձագանգ գտած է նաեւ հայկական լրատուամիջոցներուն մօտ։
Հայկական թատրոնին համար միշտ այժմէական է «Սասունցի Դաւիթ»ը եւ հայ թատերասէրները միշտ նորովի հետաքրքրութեամբ կը հետեւին անոր ներկայացումներուն։ Հերթական բեմադրութիւնները երբեք չեն ձանձրացներ հանդիսատեսը։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Վերջերս գործընկերոջս յօդուածին տակ կրկին կարդացի «դուն քու փիցցան կեր» ոճի մեկնաբանութիւններու շարքը ու կրկին համոզուեցայ, թէ մենք կ՚ապրինք յետ-ճշմարտութեան (post-truth) դարաշրջանին։ Սա իրավիճակ մըն է, երբ իրականութեան հանդէպ մարդոց վերաբերմունքը, անոնց ընկալումներն ու զգացումները աւելի կարեւոր են՝ քան բուն իրականութիւնը։
Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան վերջին օրերուն դարմանման տակ կը գտնուի՝ վարակուած ըլլալով քորոնաժահրով։ Առաջին նախագահի գրասենեակը երէկ մանրամասնութիւններ հրապարակեց Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի բուժման ընթացքին շուրջ։
Նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Արման Թաթոյեան համատեղ այցելութիւն մը տուին Սիւնիքի մարզ:
Սահմանային բնագիծերու վրայ բարձր գնահատանք այն զինուորներուն, որոնք հերթապահութիւն կ՚իրականացնեն:
Փոխադրութեան եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Ատիլ Քարաիսմաիլօղլու յայտնեց, որ Ատրպէյճան սկսած է դէպի Նախիջեւան ճանապարհի մը շինարարութեան։ Ըստ նախարարին, սա պէտք է աւարտի կարճ ժամկէտներու մէջ։
Պարսից ծոց-Սեւ ծով միջազգային փոխադրութեան միջանց մը ստեղծելու ուղղեալ աշխատանքներ:
Հայաստան, Վրաստան, Իրան, Յունաստան եւ Պուլկարիա աշխատանք կը տանին համաձայնագրի նախագծի մը վրայ:
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. ի՞նչ է, որ Մեկնիչդ [Նանա] կ՚ըսէ, թէ պէտք չէ անձին համար ջատագով ըլլալ, այլ՝ պէտք է զԱստուած վրէժխնդիր [ունենալ], ինչպէս Քրիստոս ըրաւ, որովհետեւ երբ դիւահար կ՚ըսէին, չէր բարկանար, իսկ երբ Հօր կամ Հոգիին կը հայհոյէին, բարկացաւ եւ աններելի է ըսաւ [այդ հայհոյանքը]:
ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Ամենայն Հայոց երջանկայիշատակ Տ.Տ. Վազգէն Ա. Կաթողիկոս 1994 թուականին իր վախճանումէն քիչ առաջ օրհնած էր հիմերը Երեւանի Մայր Եկեղեցիին, որ պիտի կառուցուէր Հայաստանի Քրիստոնէութեան մեծ դարձին 1700-ամեակի բացառիկ առիթով, հաստատելէ ետք անոր վերջնական նախագիծը:
ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ
Առիթով մը անդրադարձած էի արտատպումի համատարած ախտին՝ «Ի՞նչ(եր) կը պակսի(ն) սփիւռքահայ մամուլին» յօդուածիս մէջ (ԺԱՄԱՆԱԿ, 25-1-2021): Հոն, սակայն, ընդամէնը խօսած էի արտատպումի պատճառով տուժող կողմին մասին, որ է՝ նոյնինքն թերթը:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
«Եթէ դուռ մը կը փակուի, մէկ այլ կը բացուի», ըսած է Կրահամ Պել։ Այս խօսքը առաջին ակնարկով չափազանց լաւատեսական կը թուի։ Շատ մը գիտնականներ կամ ձեռներէցներ, իրենց առջեւ փակուած դռներու շնորհիւ անդրադարձած են իրենց սխալներուն եւ զանոնք ուղղելով՝ յաջողութեան հասած։