ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՃԱՄԲԱԲԱԺԱՆ

Հայաստան կ՚ընթանայ դէպի խորհրդարանական ընտրութիւն։ Ժամացոյցի սլաքները լարուած են՝ մինչ ընտրապայքարը արդէն սկսած է։ Քաղաքական կարգ մը ուժեր կարիք ունին իսկական հրաշքի, սակայն, իշխանութեան դիմաց կան նաեւ ընդդիմութեան ճամբարէն ամուր կարգ մը քաղաքական ուժեր։

Բոլոր առումներով առանցքային պիտի ըլլայ յառաջիկայ 7 յունիսի խորհրդարանական ընտրութիւնը։ 

 Առանցքային՝ նախ եւ առաջ այժմու իշխանութեան համար, բայց, աւելի ճակատագրական այն ընդդիմադիր ուժերուն համար, որոնք մինչեւ այս պահը յստակ եւ հանրութեան կողմէ ընկալելի օրակարգ մը ձեւաւորելու կամ նոյնիսկ մէկ գաղափարի շուրջ միաւորուելու լուրջ խնդիրներու առջեւ են։ Եթէ գործընթացները այս հունով շարունակուին, ապա երբեք չի բացառուիր, որ նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանն ու անոր գլխաւորած Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը ինքնակամ կերպով դուրս մնան մեծ խաղէն։ Նոյնը կարելի չէ ըսել երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի պարագային, որուն միջնորդաւորուած քաղաքական ներկայութիւնը խորհրդարանին մէջ՝ արդէն իսկ պատրաստի դաշինք-ուժ մըն է։ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, որու քաղաքական կամ ընտրական նախասիրութիւններուն մասին հակասական լուրեր տարածուեցան, արդէն իսկ որոշած է իր մասնակցութիւնը յառաջիկայ ընտրութեան՝ նոյն-ներկայի ձեւաչափով, այսինքն «Հայաստան» դաշինքին մէջ ըլլալով։ Այստեղ հիմնական հարցադրումը հետեւեալն է. արդեօք Քոչարեան-ՀՅԴ այս միասնութիւնը ինչքա՞ն պիտի շարունակէ։ 

Միւս կողմէ, այս բոլորին առընթեր, ամենէն աւելի թարմ քաղաքական ուժը, որու արագ աճին մասին յաճախ լուրեր կը տարածուին, «Մեր ձեւով»ն է։ Այս վերջնոյն երեւացող ներկայացուցիչ-առաջնորդը՝ Նարեկ Կարապետեան տակաւին օրեր առաջ հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը՝ նշելով, որ իրենց քաղաքական ուժի վարչապետի թեկնածուն պիտի ըլլայ Սամուէլ Կարապետեան։ Ուշագրաւ է, որ «Մեր ձեւով»ը հանդէս կու գայ նոր գաղափարներով, որոնց հիմքին առաւելաբար երեւելի են տնտեսական մտահոգութիւններն ու առկայ հարցերու լուծումները։ Այս կտրուածքով ալ չի բացառուիր, որ Հայաստանի հասարակութեան համար նման մօտեցումներն ու գաղափարները շատ աւելի սրտամօտիկ եւ ընկալելի դառնան՝ քան ըսենք Ղարաբաղի կամ Ղարաբաղի ժողովուրդին մասին առաջարկներն ու մարտական կոչերը։ 

Այս բոլորէն անդին կան՝ որպէս արեւմտամէտ ներկայացող քաղաքական ուժերը, որոնք մօտիկ անցեալին կը համարուէին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գրպանին մէջ կամ ինչպէս ընդդիմադիր մամուլը կը բնութագրէր՝ գրպանային ընդդիմութիւն։ Այդ ուժերը այսօր յայտնուած են բաւականին բարդ եւ իրարմէ հեռացած, հետեւաբար նաեւ տարտղնած վիճակի մը մէջ։ Այս պահուն անոնք կարիքն ունին իսկական հրաշքի մը, որպէսզի կարողանան նուազագոյն թիւ մը հաւաքել ու ներկայութիւն դառնալ ապագայ խորհրդարանին մէջ։

Ալ չեմ խօսիր Գագիկ Ծառուկեանի «Բարգաւաճ Հայաստան», Ժիրայր Սեֆիլեանի եւ իր գաղափարակիցներուն առաջնորդած «Ազգային ժողովրդավարական բեւեռ»ին կամ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի առաջնորդած Հայ ազգային գոնկրեսին մասին, որոնք բոլորն ալ տարակոյսներու եւ կասկածներու մէջ են, թէ արդեօք պիտի կարողանա՞ն գտնել յարմար դաշնակից մը ու այդպէսով իրենց «գլուխը պահել» ու մասնկացիլ յառաջիկայ ընտրութեան։

Բարդ փուլ մըն է, սակայն, ամենէն դժուարն է, որ այժմու իշխանութիւնները կը շարունակեն մնալ գրեթէ անմրցելի։ Ի տարբերութիւն նախորդ արտահերթ ընտրութիւններուն՝ յառաջիկայ ընտրութիւններու պարագային իշխանութիւնները՝ վարչապետ Փաշինեանի գլխաւորած «Քաղաքացիական պայմանագիր» (ՔՊ) կուսակցութեամբ ունին շատ աւելի ամուր դիրք՝ տրուած ըլլալով, որ անոնց արտաքին քաղաքականութիւնը հիմնաւորուած ու գործընկերային քաղաքականութիւն մըն է, իսկ անոնց առաջարկած՝ «խաղաղութիւնը ամէն բանէ վեր» մօտեցումը Հայաստանի հասարակութեան համար դարձած է ամենասիրելի եւ արդարացիօրէն ամենէն աւելի փնտռած քաղաքական լոզունգը։

Կը մնայ յուսալ, թէ մինչեւ ընտրութիւն Հայաստան զերծ կը մնայ քաղաքական մեծ ցնցումներէ ու աւելին՝ ամենակարեւորն ու էականը պիտի ըլլայ, որ ուժերու ոչ-հաւասակշռուած պատկերը չդառնայ վնասաբեր՝ երկրի որդեգրած ժողովրդավարական հիմունքներուն եւ գործընթացին տեսակէտէ։

Անշուշտ, ընդդիմադիր դաշտէն բազում կարծիքներ կը հնչեն։ Ընտրութենէն յաղթական դուրս պիտի գայ այն ուժը, որ պիտի կարողանայ հասարակութեան առաջ դնել Հայաստանի յառաջընթացի հաւաքական եւ միաւորող տեսլական մը։ Այս համոզումը կը յայտնէ «Այլընտրանքային նախագծեր» խումբի անդամ Վահէ Յովհաննիսեան՝ անդրադառնալով յառաջիկայ ընտրապայքարի հիմնական վտանգներուն եւ հնարաւորութիւններուն։ Իր գնահատմամբ՝ ընտրութեան ընդառաջ ամենամեծ սխալը կրնայ ըլլալ «նախորդ մարտին» պատրաստուիլը։

«Իշխանութիւնը 2018-ին եկաւ «Նոր Հայաստան» գաղափարով, սակայն, արդիւնքը եղաւ ազգային եւ պետական ծանր ողբերգութիւն մը։ Այժմ նոյն իշխանութիւնը կը պատրաստուի ընտրութեան մասնակցիլ «Իրական Հայաստան» կարգախօսով, որուն ամբողջական քարոզարշաւը արդէն ընթացքի մէջ է։ Իրականութեան մէջ, իշխանութիւնը հասարակութեան առաջարկելու բովանդակային օրակարգ մը չունի։ «Իրական Հայաստան»ը շատ յստակ պատկերացում մըն է՝ կեանքը Երեւանի մէջ կեդրոնացնելով, դատարկուող մարզերով եւ մօտաւորապէս կէս միլիոն ներքին գաղթականներ մայրաքաղաքի մերձաւոր հատուածներուն մէջ բնակեցնելով։ Այս նախագիծի քաղաքական գինն է Ալիեւի եւ Էրտողանի ուղիղ աջակցութիւնը վերընտրուելու համար», համոզուած է վերլուծաբանը։

Այս պայմաններուն մէջ, ընդդիմադիր ուժերուն հիմնական խնդիրն է հասարակութեան առաջարկել այլընտրանքային, իրատես եւ յստակ բովանդակութիւն մը՝ առանց զարդարանքի եւ սեթեւեթանքի։ Նախկին նախագահներու կամ քաղաքական դէմքերու ելոյթները, որոնք կը շեշտեն իրենց կառավարման շրջանի ձեռքբերումները կամ անցեալի բանակցային թղթածրարները՝ թէեւ ճշմարտութեան մեծ բաժին կը պարունակեն, սակայն, այսօր այլեւս չեն պատասխաներ հասարակութեան ակնկալիքներուն։

Այո՛, 1991-1998 թուականները չեն համեմատուիր այսօրուան իրավիճակին հետ։ Այո՛, Քի-Ուեսթը պատմական փաստաթուղթ էր, Մատրիտեան սկզբունքները՝ լուրջ ձեռքբերում, Գազանի գործընթացը՝ խաղաղ լուծման իրական հնարաւորութիւն։ Պատիւ ու գնահատանք այդ նախաձեռնութիւնները կերտողներուն։ Սակայն, այդ բոլորը չստորագրուեցան, չկիրարկուեցան եւ այսօր արդէն պատմութեան մաս կը կազմեն։ Այսօրուան մեկնակէտէն անոնք գրեթէ ոչինչ կու տան հասարակութեան, որ ելքեր կը փնտռէ իր ներկայ վիճակէն։

Քուէարկողը այսօր հասարակութիւնն է։ Փոփոխութիւն պահանջող քաղաքացիներու մեծամասնութիւնը կը սպասէ նոր առաջարկներու՝ իր առօրեայ կեանքի, ընտանիքի ապագայի, անվտանգութեան, տնտեսութեան, ընկերային երաշխիքներու եւ ոլորտային բարեփոխումներու շուրջ։ Կայ նաեւ քուէարկելու իրաւունքի տիրացած ամբողջ նոր սերունդ մը, որ ո՛չ տեղեակ է ղարաբաղեան բանակցութիւններէն, ոչ ալ հետաքրքրուած է անցեալ քաղաքական թղթածրարներով։ Այսօր ընտրողը դարձած է գործնական եւ երբեմն ալ շահախնդիր։ Սա լաւ կեանքէ չէ, սակայն, իրականութիւն է։ Հայաստանի մէջ կայ հասարակութիւն մը, որ տասնեակ հազարներով կը խուսափի զօրակոչէ, հարիւր հազարներով կը դիմէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու «կրին քարտ»ի, բայց, միեւնոյն ժամանակ, կը շարունակէ սիրել իր հայրենիքը։

Զուգահեռաբար կայ լայն խաւ մը՝ պատերազմի մասնակից հազարաւոր տղաք, որոնք չեն հասկցած տեղի ունեցածը եւ իրենք զիրենք պարտուած չեն զգար, որովհետեւ երբեք չեն վարանած երկիրը պաշտպանելէ։ Կայ արժանապատուութեամբ վիրաւորուած մեծ շերտ մը, որ կեանքը չի պատկերացներ միայն սպառման եւ հաճոյքի սահմաններուն մէջ։ Կայ նաեւ կրթուած հանրային խաւ մը, որ յստակ կը տեսնէ 2018-էն ետք տեղի ունեցածը, բայց, նոյնքան խիստ հարցումներ ունի նախկին իշխանութիւններուն։

Այս իրողութիւնները հաշուի առնելով պէտք է ձեւաւորուի ընտրապայքարը։ Եթէ կայ իսկապէս յաղթելու վճռակամութիւն, ապա այս հասարակութիւնը շրջանցել հնարաւոր չէ։ Ի վերջոյ պիտի յաղթէ այն ուժը, որ կը կարողանայ այս բոլոր հակասութիւններով հանդերձ՝ ստեղծել համախմբող բովանդակութիւն, ապահովել անհրաժեշտ վստահութիւնը երկիրը դուրս բերելու համար ներկայ մղձաւանջէն։ 

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 1, 2026