ԱՄԷՆ ԻՆՉ

Սէրը մարդ արարածի ամենագերակշիռ զգացումն է: Զգացում, որ կը պայմանաւորէ իւրաքանչիւրի ներաշխարհը ու կը դառնայ կեանքի ընթացքի, երբեմն նաեւ պայքարի հիմնական մղիչ ուժի: Սիրոյ դրսեւորումները պատկերացնելու համար պէտք է իսկապէս շատ լայն բանալ կարկինը՝ ասպարէզի նկատմամբ նուիրումէ սկսեալ, մինչեւ պատկանելիութեան գիտակցութիւնը:

Մարդ կեանքի մէջ իր բոլոր վախերուն կը հակադրէ սէրը, բոլոր մղձաւանջներուն կը դիմադրէ սիրով: Այս վերջիններուն շարքին հիմնականներն են՝ առանձնութիւնն ու մահը… Առանձնութիւնը կարծես կը տրամաբանուի՝ որպէս հաւանական բոլոր ձախողումներու անխուսափելի հետեւանքը, իսկ կեանքի վախճանը՝ վիթխարի մութ կէտ մը մարդկային երեւակայութեան մէջ:

«Սէրը լաւ է, սիրել գիտնալը՝ ամէն ինչ», համոզուած է Շաթոպրիան:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 1, 2026