ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳ
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունեց՝ Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու դեսպանները: Ներկայ էր նաեւ Եւրոմիութեան Հայաստանի առաքելութեան ղեկավարը՝ դեսպան Վասիլիս Մարակոս: Վաղը, Երեւանի ղեկավարութիւնը կը պատրաստուի հիւրընկալել Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէնը, որ ուղեւորութեան մը ձեռնարկած է դէպի Ատրպէյճան եւ Հայաստան: Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէնի այս այցելութեան ընդառաջ, Նիկոլ Փաշինեան մէկտեղուեցաւ եւրոպացի դեսպաններուն հետ:
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ եւրոպացի բարձրաստիճան դիւանագէտները ընդգծեցին ԵՄ-ի պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու համար սերտ համագործակցութիւնը Հայաստանի հետ՝ ի նպաստ ժողովրդավարական արժէքներու ամրպանդման, կայունութեան եւ զարգացման: Վարչապետ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնեց ԵՄ-ին եւ անդամ պետութիւններուն ընտրութիւններու առթիւ հնչեցուած գնահատականներու եւ շնորհաւորութիւններու համար: Ան ընդգծեց Հայաստանի ժողովրդավարական գործընթացներու եւ բարեփոխումներու օրակարգի յառաջ մղման տեսակէտէ ԵՄ-ի աջակցութեան կարեւորութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-ԵՄ համագործակցութեան օրակարգին վերաբերեալ հարցեր: Կարծիքներ փոխանակուեցան բարեփոխումներու օրակարգի, իրաւունքի գերակայութեան ամրապնդման, տնտեսական համագործակցութեան, ենթակառուցուածքներու զարգացման, ուժանիւթի դիմակայունութեան, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային կայունութեան եւ խաղաղութեան օրակարգին շուրջ:
Անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն գործընկերութեան ապագայ խորացման ուղղեալ քայլերուն: Կարեւորուեցաւ բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութեան շարունակականութիւնը եւ համագործակցութեան ընդլայնումը փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ բոլոր ոլորտներէն ներս: