ԿԼՈՊԱԼ ՀԵՌԱՆԿԱՐ

Երէկ, Անգարայի ղեկավարութիւնը հիւրընկալեց Եւրոյանձնաժողովին կողմէ բարձր մակարդակի պատուիրակութիւն մը։ Այսպէս, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հիւրերն էին՝ Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Քայա Քալաս, Եւրոյանձնաժողովի ընդլայնման գծով կոմիսար Մարթա Քոս եւ Եւրոյանձնաժողովի ներքին գործոց ու գաղթի գծով կոմիսար Մակնուս Պրունէր։ Բացի բանակցութիւններէն, օրուան տեւողութեան եւրոպացի յանձնակատարները Պեշթեփէի համալիրէն ներս հիւրընկալուեցան նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ։ Այս հանդիպման ներկայ էին նաեւ Հանրապետութեան նախագահութեան հաղորդակցութեան բաժնի ղեկավար Պուրհանետտին Տուրան եւ նախագահականի արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան գծով աւագ խորհրդական դեսպան Աքիֆ Չաղաթայ Քըլըչ։ Պաշտօնական աղբիւրները Պեշթեփէի զրոյցի բովանդակութեան շուրջ որեւէ մանրամասնութիւն չհաղորդեցին։

Հաքան Ֆիտան եւրոպացի կոմիսարներուն հետ ծաւալուած քննարկումներուն վերաբերեալ ամփոփ գրառումով մը հանդէս եկաւ ընկերային ցանցերուն վրայ։ Այսպէս, երէկուան քննարկումներուն ժամանակ օրակարգի վրայ եկած են զանազան նիւթեր. օրինակ՝ արտաքին քաղաքակութիւն, փոխկապակցուածութիւն, առեւտուր, գաղթ, վիզաներու դիւրացում եւ այլն։ Ըստ նախարարին՝ Թուրքիա-ԵՄ յարաբերութիւններուն վերաբերեալ բոլոր արդի իրադարձութիւնները շօշափուած են։ Ֆիտանի գրառման մէջ նշուած է, որ Հանրապետութեան նախագահը Պեշթեփէի մէջ դիտել տուած է, թէ Եւրոմիութեան անդամակցութիւնը Թուրքիոյ տեսակէտէ կը մնայ ռազմավարական նպատակ մը։ Անգարա պատրաստակամ է Պրիւքսէլի հետ յարաբերութիւնները այս հիման վրայ զարգացնելու։ Ըստ Ֆիտանի՝ Թուրքիա կ՚ակնկալէ, որ ԵՄ իրեն հետ յարաբերութիւնները յառաջ տանի առարկայական չափանիշերու հիման վրայ, առանց խտրականութեան։

Թրքական կողմը յոյս յայտնած է, թէ Եւրոյանձնաժողովի այս կարեւոր երեք յանձնակատարի այցելութիւնը առիթ կը դառնայ, որպէսզի ԵՄ-ի հետ յարաբերութիւնները նախանձելի մակարդակի վրայ բարձրանան։

Ըստ դիւանագիտական աղբիւրներուն՝ Թուրքիա երէկուան քննարկումներուն ժամանակ ակնարկած է իր լիիրաւ անդամակցութեան կարգավիճակին։ Կողմերը յարափոփոխ աշխարհաքաղաքական մթնոլորտի մէջ արժեւորած են տարածաշրջանային կայունութեան եւ տնտեսական դիմադրունակութեան ամրապնդման վերաբերեալ նիւթեր։ Այս բոլորի պարագային շեշտուած է ռազմավարական արժէք մը։ Բաց աստի, անդրադարձ կատարուած է Թուրքիա-ԵՄ յարաբերութիւններու կլոպալ հեռանկարներուն։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 1, 2026