ՆԱԽԱՐԱՐ ԱՆԱՀԻՏ ԱՒԱՆԷՍԵԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՔԱՂԱՔԻՍ ՄԷՋ

Այսօր, Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Անահիտ Աւանէսեան կը գտնուի Իսթանպուլի մէջ: Ան կը մասնակցի՝ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան տարածաշրջանային մակարդակով կազմակերպուած համաժողովի մը, որու տանտէրն է Թուրքիան: Տարածաշրջանի երկիրներու նախարարական համաժողովին ժամանակ խոշորացոյցի տակ կ՚առնուին՝ երկրաշարժներու եւ այլ արտակարգ իրավիճակներու պայմաններուն ներքեւ առողջապահական համակարգերու համագործակցութեան հեռանկարները: 

Նախարար Անահիտ Աւանէսեան Իսթանպուլ ժամանելու ընդառաջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը: Ան զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներու ուշադրութեան յանձնեց, որ Իսթանպուլի մէջ կազմակերպուած համաժողովին պիտի մասնակցին տարածաշրջանի այլ երկիրները իր պաշտօնակիցները: «Սա մասնագիտական նախարարական համաժողով մըն է, որուն պիտի մասնակցիմ: Չեն բացառուած երկկողմանի հանդիպումները, սակայն, յստակ օրակարգ մը այս պահուն տակաւին գոյութիւն չունի», ըսաւ նախարարը: 

Բաց աստի, Անահիտ Աւանէսեան դիտել տուաւ, որ Հայաստան ներկայիս կը գտնուի արտակարգ իրավիճակներու արձագանգման, բժշկական խումբերու ձեւաւորման հնարաւորութիւններու գնահատման փուլին մէջ եւ յառաջիկային կը նախատեսուի ստանալ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան համապատասխան հաւաստագիրը: 

«Գնահատման փուլը յաջողութեամբ յաղթահարելու պարագային Հայաստան պիտի ունենայ բարձր վկայականի տէր բժշկական արձագնագման խումբեր, որոնք անհրաժեշտութեան պարագային պատրաստ պիտի ըլլան ծառայութիւններ մատուցելու թէ՛ Հայաստանի եւ թէ արտասահմանի մէջ արտակարգ իրավիճակներու ժամանակ», մամլոյ սպասաւորներու նկատառման յանձնեց նախարար Անահիտ Աւանէսեան: 

Անահիտ Աւանէսեանի Իսթանպուլ այցելութիւնը կը տեւէ միայն օր մը: 

Միւս կողմէ, երէկուան մամլոյ ասուլիսին նախարարը խօսեցաւ նաեւ Հայաստանէ ներս առողջապահութեան համակարգի վերաբերեալ այլ նիւթերու շուրջ: Ան նշեց, որ հաւանական է առողջութեան ապահովագրավճարներու բարձրացումը:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 1, 2026