ԵՐԵՔ ԺԱՄ ԽՈՒԶԱՐԿՈՒԹԻՒՆ
Երէկ, Հայաստանի իրաւապահ մարմինները վաղ առաւօտեան խուզարկութիւն կատարեցին «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան ընտրեալ-երեսփոխան Նարեկ Կարապետեանի առանձնատան մէջ։ «Ազատութիւն» ռատիոկայանի հաղորդումներով՝ շուրջ երեք ժամ տեւեցին քննչական գործողութիւնները, որոնցմէ վերջ իրաւապահները ոչինչ առգրաւեցին։ Նարեկ Կարապետեանի գնահատմամբ՝ իր շուրջ տեղի ունեցած գործընթացները բացառապէս քաղաքական բնոյթ ունին։
«Քաղաքական գործունէութեամբ զբաղող մարդոց, փաստօրէն, կ՚արգիլուի քաղաքակութեամբ զբաղիլ։ Ամէն ինչի պատճառը քաղաքակութեամբ զբաղիլն է, չկայ այլ որեւէ պատճառ։ Կ՚ուզէ ըսել, որ մարդ քաղաքակութեամբ չզբաղուի, բացի իմ կողմէ նշանակուած արբանեակներու։ Այսպէս չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ մենք մեր երկրին մէջ պէտք է քաղաքակութեամբ զբաղինք, որովհետեւ ինքը սխալ ճանապարհով կը տանի», լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին յայտնեց Նարեկ Կարապետեան։
Հայաստանի Քննչական կոմիտէի աղբիւրները յայտնեցին, որ գործողութիւնները իրականացուած են «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան խորհուրդի անդամ Ալեքսան Ալեքսանեանին վերաբերեալ քրէական վարոյթի շրջանակներէն ներս։ Ալեքսան Ալեքսանեանի կալանքը երէկ երկարաձգուեցաւ եւս երկու ամիսով։ Ան կը մեղադրուի հաւաքներուն մասնակցելու համար անձերը նիւթապէս շահագրգռելու եւ առանձնապէս խոշոր չափերով գումարներ լուալու մէջ։ Անցեալ շաբաթ նոյն մեղադրանքը առաջադրուած էր նաեւ Նարեկ Կարապետեանին դէմ։ Քրէական գործի մանրամասնութիւններուն Նարեկ Կարապետեան երէկ ալ չանդրադարձաւ՝ զանոնք համարելով անկարեւոր։
«Ամէն ամիս բանի մը մէջ կը մեղադրեն։ Խնդիրը մեղադրանքը չէ։ Իրենց խնդիրը քաղաքակութեամբ զբաղիլը սահմանափակելն է։ Բայց, տարիէ մը ի վեր կ՚ուսումնասիրեն, չեն հասկնար, որ սա հակառակ ազդեցութիւն կը գործէ», ըսաւ Նարեկ Կարապետեան։
Հարկ է նշել, որ Հայաստանի նորընտիր ազգային ժողովը յառաջիկայ շաբթուայ սկիզբին պիտի գումարէ իր անդրանիկ նիստը, որու նախօրէին ընդդիմադիր երեսփոխաններուն դէմ իրաւապահ մարմինները կը ձեռնարկեն զանազան գործողութիւններու։