ՄԻԱՅՆ ՔԱՅԼ ՄԸ
Համարձակութիւնը մարդկային կեանքի կիզակէտային խնդիրներէն մին է: Եթէ շատ ծանր ու թեթեւ ընես, շատ վերապահ ըլլաս, ապա կ՚ըսեն, թէ նախաձեռնելու կամք չունիս: Մածունը փչելով ուտելու պարագան կը դասուի՝ գործնական քայլ առնելու արգելքը: Եթէ առանց հաշուարկելու մեկնիս որեւէ գործի ու ձախողիս, ապա կ՚ըսեն, թէ արկածախնդիր ես ու անհեռատես: Միայն յաջողութիւնը կ՚արդարացնէ ամէն ինչը: Դուրսէն դիտողները կը խօսին հանճարի մասին, իսկ նախանձողները պարագան կը վերագրեն բախտի:
Կեանքի հանելուկը հակասութիւններու դիպաշար մըն է, պարզապէս: Անոր հաշուեկշիռը կ՚ըլլայ շատ ենթակայական ու փոփոխական:
«Նոյնիսկ ամենաերկար ուղեւորութիւնները կը սկսին միակ քայլով մը», կ՚ըսէ Լաօ Ցզի: Յաճախ կը պատահի, որ կեանքի մէջ ամէն ինչ գտնուի միայն քայլ մը հեռաւորութեան վրայ՝ մե՛րթ բերկրանքը, մերթ ալ վախճանը: