ՓԱՐԻԶ-ՄԱՏՐԻՏ ՆՈՐ ՔԱՅԼԵՐ
Միջազգային բեմահարթակին վրայ ամենայն թափով կը շարունակուի՝ առաջատար ուժային կեդրոններու միջեւ մրցակցութիւնը եւ այդ պայմաններուն ներքեւ վերադասաւորումները։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, համաշխարհային բոլոր դերակատարներուն նման, Եւրոպան ալ կ՚առնէ հեռահար քայլեր։ Աշխարհի միւս ուժային կեդրոններէն ի տարբերութիւն, Եւրոպայի պարագային կայ առանձնայատկութիւն մը՝ քանի Եւրոպական Միութիւնը նոր իրողութիւններու մէջ կը ջանայ դիրքաւորուիլ մէկ կողմէ, իսկ միւս կողմէ Եւրոմիութեան անդամ առանձին երկիրներն ալ կ՚առնեն նոյնանման քայլեր։ Այսինքն, ուժերու վերադասաւորման համաշխարհային գործընթացը կը պայմանաւորէ նաեւ Եւրոմիութեան երկիրներու ներքին յարաբերութիւնները։
Երէկ, այս առումով յատկանշական իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ Մատրիտի մէջ, ուր Սպանիոյ Ֆելիփէ Զ. Թագաւորն ու Լեթիսիա թագուհին հիւրընկալեցին Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնն ու Առաջին տիկին Պրիժիտ Մաքրոնը։ Մատրիտէ ներս ամենաբարձր արարողակարգով տեղի ունեցաւ հիւրընկալութիւնը։ Միջազգային աղբիւրները լայնօրէն արձագանգ հանդիսացան պետական բարձր արարողակարգի ցոլացուցած դրուագներուն։
Մատրիտի մէջ Մաքրոն տեսակցեցաւ նաեւ Սպանիոյ վարչապետ Փետրօ Սանչեզի հետ։ Կը հաղորդուի, որ զրոյցի ընթացքին Մաքրոն ուրուագծեց իր ռազմավարութիւնը Եւրոպայէ ներս ժողովրդավարութեան տագնապի եւ ծայրայեղութիւններու վերելքի խնդիրները հասցէագրելու համար։ Ան նշեց, որ հարկաւոր է մեծ ներդրումներ կատարել՝ աւելի ուժեղ Եւրոպա մը ունենալու նպատակով։
Մինչ այդ, նախագահ Մաքրոն Մատրիտի մէջ ելոյթով մը հանդէս եկաւ նաեւ տնտեսական համաժողովի մը ընթացքին։ Իր խօսքով՝ ամբողջ Եւրոպան դէմ յանդիման մնացած է նոր տեսակի ուժանիւթի ճգնաժամի մը։ Ֆրանսացի ղեկավարը համոզուած է, թէ Եւրոպան հրաժարած է ռուսական կազէն՝ Ուքրայնայի վրայ յարձակման հետեւանքով։ Այս բանին գինը եղած է զրկուիլ աժան կազէ։ Բաց աստի, Հիւրմիւզի ջանցքէն ներս ստեղծուած իրավիճակը կրկին ցոյց տուած է, որ Եւրոպա մեծ կախուածութիւն ունի հանածոյ վառելիքէ։