ԹԱՓՈՎ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հայաստանի իշխանութիւնները կը շարունակեն թափով նախապատրաստական աշխատանքներ յառաջ տանիլ՝ Եւրոպական քաղաքական համայնքի 8-րդ գագաթաժողովին համար, որ մայիսի 4-ին տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ:

Վերջին օրերուն, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս տեղի ունեցաւ նոյն նիւթին վերաբերեալ հաւաք մը: Այսպէս, Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական առաքելութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը, որու ընթացքին աչքէ անցուեցան յիշեալ գագաթաժողովի նախապատրաստական աշխատանքները:

Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան հանդիպման ընթացքին մասնակիցներուն հանգամանօրէն ներկայացուց՝ այս գագաթաժողովը բարձր մակարդակով հիւրընկալելու ուղղեալ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ գործադրուած ջանքերը: Ան անդրադարձաւ գագաթաժողովի բովանդակային եւ օրակարգային հարցերուն: 

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան պետական արարողակարգի ծառայութեան պետ Գագիկ Վանոյեանն ալ մասնակիցներուն ներկայացուց արդէն իսկ ձեռնարկուած աշխատաքները եւ ապագայ ընելիքները՝ անդրադառնալով արարողակարգային եւ լոժիստիք ընթացակարգերուն:

Հաւաքի ընթացքին հայկական կողմը պատասխանեց գագաթաժողովի վերաբերեալ ներկաներու հետաքրքրութեան առարկայ զանազան հարցերուն՝ ներառեալ լուսաբանման վերաբերեալ նիւթերը:

Ուրբաթ, Ապրիլ 10, 2026