ԴՐԱԿԱՆ ԱԶԴԱԿՆԵՐ
Երէկ, Երեւանի ղեկավարութիւնը հիւրընկալեց Ղազախիստանի արտաքին գործոց նախարար Երմեկ Քոշերպայեւը, որ ամենաբարձր մակարդակի վրայ շփումներ ունեցաւ։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան օրուան տեւողութեան առանձնազրոյց մը ունեցաւ Ղազախիստանի իր պաշտօնակցին հետ։ Նախարարները գլխաւորեցին նաեւ ընդլայնուած կազմով բանակցութիւնները։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ ընդունեց Երմեկ Քոշերպայեւը։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան շեշտեց Հայաստանի եւ Ղազախիստանի գործընկերութեան ռազմավարական բնոյթը։ Ան համոզուած է, թէ տարածաշրջանային գործընթացները դրական ազդեցութիւն կը գործեն երկկողմանի յարաբերութիւններուն վրայ։ Փաշինեան դիտել տուաւ, որ Ատրպէյճանի, Ռուսաստանի եւ Վրաստանի միջոցաւ հաստատուած երկաթուղային հաղորդակցութիւնը նոր ազդակ կը դառնայ կողմերու համագործակցութեան զարգացման ուղղութեամբ։ Վարչապետը աւելցուց, որ Ղազախիստան շահագրգռուած է TRIPP-ով՝ ինչպէս այլ բազմաթիւ երկիրներ։
Իր կարգին, Երմեկ Քոշերպայեւն ալ Նիկոլ Փաշինեանի հետ զրուցելու ընթացքին կարեւորեց տարածաշրջանային հաղորդակութեան ուղիներու ապաշրջափակումը։ Ան դիտել տուաւ, որ իր երկիրը կ՚աջակցի TRIPP եւ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութիւններուն։