ՖԻՏԱՆ. «ԵՐԵՒԱՆ ԵՒ ՊԱՔՈՒ Կ՚ԸՆԹԱՆԱՆ ԴԷՊԻ ՄՇՏԱԿԱՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐ»

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարեց, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան կ՚ընթանան դէպի մշտական խաղաղութեան համաձայնագիր: Ուաշինկթընի գագաթաժողովի առաջին տարեդարձին, Թուրքիա հերթական անգամ կրկնեց, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու պատրաստ պիտի ըլլայ՝ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրումէն վերջ: 

Հաքան Ֆիտան «Անատոլու» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ նշեց հետեւեալը. «Կովկասի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութենէն յետոյ այժմ հրադադար կայ եւ այդ մէկը լաւ կը գործէ»: 

Մինչ Երեւան եւ Պաքու կ՚ընթանան դէպի մշտական խաղաղութեան համաձայնագիր, Անգարա կը ցուցաբերէ աջակցութիւն եւ համապատասխան գործընթացին ի նպաստ աջակցութիւնը հաշուի կ՚առնէ անվտանգութեան եւ տնտեսական ճարտարապետութեան հեռանկարը:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 10, 2026