ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԱԾ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐԸ ՉԵՆ ՑՈԼԱՑՆԵՐ ՊԵՏԱԿԱՆ ԵՒ ԴԱՏԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐՈՒ ՀԵՂԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ»

Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ որդեգրուած հակաեկեղեցական արշաւը՝ մանաւանդ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ակնյայտ թիրախաւորումը հետզհետէ լայն արձագանգ կը գտնէ նաեւ միջազգային հարթութեան վրայ: Շաբաթավերջին, Եւրոմիութեան անդամ երկիրներէն Սլովաքիոյ շարք մը նախկին բարձրաստիճան պաշտօնակատարները առկայ տագնապին արձագանգեցին՝ բաց նամակ մը հասցէագրելով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինենանին: Եթէ ցարդ միջեկեղեցական եւ իրաւապաշտպան կառոյցներ վերաբերմունք արտայայտած էին այս հարցին կապակցութեամբ, ապա, առաջին անգամ նման արմատական քաղաքական գնահատական մը տրուեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ենթարկուած առկայ հալածանքներուն դէմ, ինչ որ կրնայ նոր հանգրուան մը բնորոշել:

Նիկոլ Փաշինեանին հասցէագրուած բաց նամակը ստորագրած են՝ Սլովաքիոյ նախկին վարչապետ Եան Չորնոկուրսքի, խորհրդարանի նախկին նախագահ ու այժմ երեսփոխան Ֆրանթիշէք Նիքլոշքօ, խորհրդարանի նախկին նախագահ Փաւոլ Հրուշովսքի եւ նախկին փոխ-վարչապետ, նաեւ Սլովաքիոյ առանձին եւրոյանձնակատար Եան Ֆիկէլ, որ ներկայիս նախագահն է Եւրոպայի կրօնական ազատութեան ֆորումին (FOREF Europe):    

Բաց նամակի ստորագրադիրները դատապարտած են Վեհափառ Հայրապետին դէմ պետութեան կողմէ հովանաւորուած յարձակումները՝ զանոնք որակելով անընդունելի եւ խորապէս ոչ-ժողովրդավարական: Ըստ նամակի հեղինակներուն՝ իրենք առանձնայատուկ յարաբերութիւններ ունեցած են Հայաստանի եւ Արցախի հետ, իրենց բազմակի այցելութիւնները հնարաւորութիւն ընձեռած են մանրամասնօրէն ծանօթանալու Հայոց պատմութեան ու մշակոյթին, ինչպէս նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ 1725-ամեայ պատմութեան: 

«Մենք մեր խոր մտահոգութիւնը կը յայտնենք այսօր Հայաստանէ ներս կիրառուած ոչ-ժողովրդավարական մեթոտներուն վերաբերեալ», նշած են անոնք՝ յիշեցնելով համայնավարական Չեխոսլովաքիայէն ներս չեխ եւ սլովաք եպիսկոպոսներու ձերբակալութիւններն ու դատավարութիւնը: Ըստ իրենց՝ պատմութիւնը ցոյց տուած է, որ այդ եպիսկոպոսներն իսկ դարձած են ազգային հերոսներ, այլ ո՛չ թէ անոնք, որոնք բանտարկած, հալածած ու դատած են զանոնք: 

Բաց նամակի հեղինակները քննադատած են Փաշինեանի գործողութիւնները քաղաքական հակառակորդներու դէմ. «Մենք չենք կրնար հասկնալ, թէ դուք ինչո՞ւ կը դիմէք բիրտ ուժի ձեր քաղաքական հակառակորդներուն դէմ, կը շահագործէք անոնց բանտարկութիւնը եւ կը կիրառէք քաղաքական պայքարի անընդունելի միջոցներ կամ կը հանդուրժէք անոնց»: 

Բաց նամակի եզրափակիչ հատուածին մէջ ընդգծուած է հետեւեալը. «Պետութեան կողմէ հովանաւորուած յարձակումները չեն արտացոլեր Հայաստանի, իր պետական եւ դատական մարմիններու հեղինակութիւնը»:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 10, 2026