ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Երէկ, Օսլոյի մէջ տեղի ունեցաւ՝ Նորվեկիոյ նորոգ հանգուցեալ Հարալտ Ե. թագաւորի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը։ Ան օգոստոսի 28-ին մահացած էր՝ 89 տարեկան հասակին։
Նորվեկիոյ Լուտերական եկեղեցիէն եպիսկոպոս Օլաւ Ֆիքսէ Տվէյթ նախագահեց յուղարկաւորութեան արարողութեան, որուն ներկայ գտնուեցաւ իր որդին՝ արդէն Նորվեկիոյ նոր թագաւորը՝ Հոկոն։ Հարալտ 5-րդը յուղարկաւորուեցաւ Աքերսհուս ամրոցի մօտ գտնուող արքայական դամբարանին մէջ։
Հարալտ Ե. թագաւորի վերջին հրաժեշտին եւ սգոյ արարողութեան մասնակցեցան Դանիոյ Ֆրետերիք Ժ. թագաւորը, Շուէտի Քարլ 16-րդ թագաւորը, Հոլանտայի Վիլլէմ-Ալեքսանտր թագաւորը, Անգլիոյ գահաժառանգ Ուիլիըմ, Մոնաքոյի Ալպէր իշխանը, Եւրոպայի եւ աշխարհի բազմաթիւ արքունի ընտանիքներու ամենաբարձր մակարդակի ներկայացուցիչները, Ֆրանսայի վարչապետ Սեպաստիան Լըքոռնիւ, Գերմանիոյ Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանք-Վալթէր Շթայնմայէր, Գանատայի զօրավար-նահանգապետ Լուիզա Արպուր եւ միջազգային այլ յառաջատար դէմքեր։
Նորոգ հանգուցեալ Հարալտ Ե. թագաւորը գահ բարձրացած էր 1991 թուականին։ Ան Նորվեկիոյ զինեալ ուժերու գլխաւոր հրամանատարն էր, ունէր բանակի զօրավարի եւ նաւատորմի ծովակալի կոչումներ։ Նորվեկիոյ մէջ ժողովուրդին կողմէ իսկապէս սիրուած թագաւոր մը եղած էր եւ այժմ անոր կը յաջորդէ իր որդին՝ Հոկոն, որ իր ընտանիքին հետ երէկ հրաժեշտ տուաւ իր հօր։