ՆՈՐ ՀԱՄԵՐԳԱՇՐՋԱՆ. ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴԱՍԱԿԱՆ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵԾ ԼՍԱՐԱՆ ՈՒՆԻ ԱՇԽԱՐՀԻ ՎՐԱՅ
Երէկ, Հայաստանի Սենֆոնիք նուագախումբը բացաւ իր 21-րդ համերգաշրջանը։ Այսպէս, Երեւանի Օփերայի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր համերգ մը, որ համախմբեց հոծ թիւով երաժշտասէրներ։ Պետական սենֆոնիք նուագախումբը հանդէս եկաւ՝ մաէսթրօ Սերկէյ Սմբատեանի մականին ներքեւ։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, նոր համերգաշրջանի սկիզբին առթիւ Սերկէյ Սմբատեան սարքեց նաեւ մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին իր հետ էր Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի փոխ-նախարար Տիգրան Վիրաբեան։ Ասուլիսի ընթացքին ընդգծուեցաւ, որ հայ դասական երաժշտութիւնը ունի շատ մեծ լսարան եւ ճանաչում։
Իր կարգին, նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Սերկէյ Սմբատեան նշեց, որ նախորդ համերգաշրջանը փաստած է այն իրողութիւնը, թէ հայ դասական երաժշտութիւնը ունի մեծ ձեռքբերումներ։ «21-րդ համերգաշրջանի ընթացքին Երեւան պիտի ժամանեն աշխարհռչակ մենակատարներ։ Անոնց պիտի հետեւի ամբողջ աշխարհը։ Մեր նուագախումբը ունի բազմաոճ հնարաւորութիւններ, բայց, նախ եւ առաջ դասական աստղերը Հայաստան հրաւիրելով՝ մենք աւելի պիտի կարեւորենք մեր երկրի դերը համաշխարհային մշակոյթի քարտէսին վրայ։ Մենք ունինք եւս մէկ կարեւոր առաքելութիւն՝ արժանապատուօրէն ներկայացնել հայկական մշակութային ժառանգութիւնը արտասահմանի մէջ։ Այս տեսանկիւնէն կը ծրագրենք նաեւ կարեւոր հիւրախաղեր», ըսաւ ան։
Սերկէյ Սմբատեան թուարկեց այն աշխարհահռչակ մենակատարներու անունները, որոնք 21-րդ համերգաշարի ընթացքին պիտի այցելեն Հայաստան։ Անոնցմէ ոմանք աւելի առաջ ալ առիթն ունեցած են Պետական Սենֆոնիք նուագախումբին հետ հանդէս գալու Երեւանի բեմին վրայ։