ՓԱՇԻՆԵԱՆ. «ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է ԱՄԷՆ ՕՐ ՀՈԳ ՏԱՆԻԼ ՁԵՌՔ ԲԵՐՈՒԱԾ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ»

Երէկ, ԱՊՀ-ի գագաթաժողովը տեղի ունեցաւ Թիւրքմենպաշըի մէջ, Թիւրքմենիստանի տանտիրութեամբ։ Գագաթաժողովի աւարտին եզրափակիչ յայտարարութիւն մը ընդունուեցաւ՝ ԱՊՀ-ի հիմնադրութեան 35-ամեայ յոբելեանին առթիւ։ Յայտարարութեան մէջ գնահատական տրուեցաւ համաշխարհային քաղաքականութեան եւ տնտեսութեան բնագաւառներէն ներս առկայ իրավիճակին։ Ընդգծուեցաւ նաեւ, որ ձեւաւորուած են ԱՊՀ-ի շրջանակներէն ներս համագործակցութեան խորացման եւ համարկման գործընթացներու ապագայ ուղղութիւնները։ 

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին գագաթաժողովի մասնակից ղեկավարները հրաւիրեց Սեն Փեթերսպուրկի մէջ անպաշտօն գագաթաժողովի մը։

Մինչ այդ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ մասնակցեցաւ Թիւրքմենպաշըի հաւաքին, ելոյթին մէջ ըսաւ հետեւեալը. «Հասած ենք անհնարինին եւ մեզի անհրաժեշտ է ամէն օր հոգ տանիլ ձեռք բերուած խաղաղութեան»։ Ռուսական կարգ մը աղբիւրներ նշեցին, որ Թիւրքմենիստանի մէջ տեղի ունեցած է Նիկոլ Փաշինեանի, Վլատիմիր Փութինի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի դռնփակ հանդիպումը։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները աւելի ուշ հերքեցին այդ պնդումները։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 10, 2026