Երկուշաբթի 12, Հոկտեմբեր 2026
ՖԻՏԱՆ-ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ԶՐՈՅՑ
Երէկ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները քննարկեցին Անգարա-Երեւան համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։
Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի մթնոլորտին մէջ, Արարատ Միրզոյեան եւ Հաքան Ֆիտան կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ տարածաշրջանային համագործակցութեան եւ բազմակողմանի հարթակներու վրայ առկայ հարցերու շուրջ։
Շաբաթ, Հոկտեմբեր 10, 2026