ԾԱՆՐԱԿՇԻՌ ՄԵՂԱԴՐԱՆՔ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Մերձաւոր Արեւելքէ ներս Իսրայէլի վարած քաղաքականութիւնը վերածուած է Թուրքիոյ ազգային անվտանգութեան դէմ սպառնալիքի մը: Ան քննադատեց Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանյահուի կառավարութիւնը՝ Սուրիայէ եւ Լիբանանէ ներս իրականացուած գործողութիւններուն համար:
«Նեթանյահուն եւ իր յանցաւոր ցանցը Սուրիոյ եւ Լիբանանի դէմ իրենց յարձակումներով իրավիճակը հասցուցած են այնպիսի կէտի մը, ուր այն արդէն սպառնալիք կը ներկայացնէ նաեւ Թուրքիոյ համար: Սուրիան եւ Լիբանանը երկու անկախ պետութիւններ են, սակայն, միեւնոյն ժամանակ, մեր սերտ եւ եղբայրական աշխարհագրութեան մաս կը կազմեն: Դամասկոսն ու Պէյրութը Իսթանպուլի եղբայր քաղաքներն են: Թուրքիոյ անվտանգութիւնը կը սկսի ո՛չ միայն Հաթայէն, այլեւ Հալէպէն, Դամասկոսէն եւ Պէյրութէն», յայտնեց Էրտողան:
Նախագահը միջազգային հանրութեան կոչ ուղղեց՝ առաւել մեծ ուշադրութիւն դարձնել Մերձաւոր Արեւելքի իրադարձութիւններուն նկատմամբ եւ միջոցներու ձեռնարկել տարածաշրջանէն ներս լարուածութեան ապագայ սրումը կանխելու համար:
Միւս կողմէ, Էրտողան նշեց, որ Անգարայի մէջ նախատեսուած ՆԱԹՕ-ի մօտալուտ գագաթաժողովը պիտի դառնայ պատմականօրէն յղման կէտ մը: Երէկ, ան ելոյթ մը ունեցաւ ԱՔ կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան առթիւ: Այս առթիւ Էրտողան նշեց, որ 7-8 յուլիսին Անգարայի մէջ նախատեսուած ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ: Իր խօսքով՝ ո՛չ միայն դաշնակիցներու միջեւ, այլ ամբողջ աշխարհէն ներս Անգարայի գագաթաժողովին ուղղեալ խտացեալ հետաքրքրութիւն մը խնդրոյ առարկայ է: «Մենք ալ Անգարայի գագաթաժողովը ՆԱԹՕ-ի պատմութենէն ներս յղման կէտ մը դառնալուն համար խտացուցած ենք մեր նախապատրաստական աշխատանքները», ըսաւ Էրտողան: