ՇԱՐՈՒՆԱԿ ՎԵՐՍՏԵՂԾՈՒԵԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ
Կեանքը սառեցուած նկար մը չէ, որ պատէն կախենք ու հեռուէն հիացումով դիտենք, թէ մենք ո՛վ կամ ի՛նչ ենք: Կեանքի «կտաւը» շրջանակի մէջ առնուած յայտարարութիւն մը չէ՝ ըսելու համար. «Ահա՛, այս է կեանքս»։ Այդպէս դիտել կեանքը՝ կը նշանակէ չգիտակցիլ անոր բուն էութեան։ Կեանքը հոսուն է, շարժուն, անդադար փոփոխութեան մէջ գտնուող գոյութիւն մը՝ ապրող արուեստի գործ մը, որ ամէն վայրկեան ուրիշ ձեւ կը ստանայ։ Նոյնն է նաեւ ասպարէզի ճամբան։
Կարելի է կեանքը երեւակայել՝ որպէս կտաւ մը, որ տակաւին նկարակալին վրայ կը մնայ եւ երբեք ամբողջապէս չ՚աւարտիր։ Ամէն օր անոր կը մօտենանք նոր աչքերով, վրձինը ձեռքին, որ գոյն մը աւելցնենք, մանրամասնութիւն մը սրբագրենք կամ երբեմն ամբողջ բաժիններ ծածկենք՝ նոր բան մը ծնելու կամ ստեղծելու համար։ Այս պատկերացումը ինծի օգնած է կեանքը տեսնելու՝ որպէս ընթացք մը, կտաւ մը, ուր շարունակ կը ստեղծենք եւ կը վերստեղծենք մենք զմեզ։
ԱՆԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԴՈՒՆԻԼ
Կեանքի փորձառութիւնը, ինչպէս արուեստը, մեզի կը սորվեցնէ, թէ կատարելութիւնը նպատակ չէ։ Գլուխ գործոցները հազուադէպօրէն անթերի գործադրութեան արդիւնք կ՚ըլլան։ Անոնք կը ծնին արուեստագէտին համարձակութենէն՝ փորձելու, սխալելու, անակնկալը գրկաբաց ընդունելու։ Նոյնն է նաեւ ապրելու պարագան։ Ամէն սայթաքում, ամէն անորոշութիւն ձախողութիւն չէ, այլ վրձինի հարուած մը՝ մեծ ամբողջին անհրաժեշտ մէկ մասը։
Երբ կեանքը դիտենք՝ որպէս շարունակուող նկար, ապա կը սորվինք անկատարութիւնը ընդունիլ իբրեւ ընթացքին մէկ մասը։ Կը հասկնանք, թէ այսօր սխալ թուացողը վաղը կրնայ դառնալ կերպարանափոխութեան հիմքը։ Գոյնի շերտերը՝ երբեմն պայծառ, երբեմն խամրած, երբեմն խռով, երբեմն գիտակից, կը պատմեն մեր ով ըլլալն ու մեր դառնալիքը։
ԿՏԱՒԻՆ ԴԱՐՁԵԱԼ ՄՕՏԵՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐՁԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
Կեանքի նկարը նկարակալին վրայ պահելը քաջութիւն կը պահանջէ։ Կը նշանակէ յաճախ վերադառնալ կտաւին, նոյնիսկ երբ չենք գիտեր ինչ աւելցնել կամ կը վախնանք տեսնելէ այն, ինչ որ մեզի կը սպասէ։ Ես ալ շատ անգամ վերադարձած եմ իմ կտաւիս՝ կանգ առած, յուսախաբ կամ շուարած պահերու մէջ, չգիտնալով պէտք է նոր գոյն մը աւելցնե՞մ, թէ՞ ջնջեմ այն, ինչ որ այլեւս ճշմարիտ չէր։
Մարդ պէտք է ինքնիրեն հարց տայ.
Ի՞նչ պէտք է փոխուի։
Ի՞նչ կրնամ աւելի լաւ ընել։
Ի՞նչ կ՚ուզեմ, որ այս նկարը իմ ով ըլլալս պատմէ։
Տարիներու ընթացքին, աճելով ու փոխուելով, նոր փորձառութիւններ, յարաբերութիւններ եւ յայտնութիւններ կը դառնան մեր ներկապնակին գոյները։ Երբեմն կեանքը մեզի կը պարգեւէ լուսաւոր երանգներ՝ սիրոյ, յաջողութեան եւ տօնախմբութեան պահեր, որոնք կտաւը կը պայծառացնեն։ Ուրիշ ժամանակներ՝ մութ գոյներ՝ կորուստի, վիշտի եւ պայքարի, որոնք խորութիւն եւ հակադրութիւն կու տան նկարին։ Երկուքն ալ անհրաժեշտ են։ Առանց խաւարի՝ լոյսը իմաստ չի ստանար։ Առանց հակադրութեան՝ նկարը խորք չի ստանար։
ԱՆՎԵՐՋ ԸՆԹԱՑՔԻ ՄԷՋ ԳՈՐԾ ՄԸ
Ես կը գնահատեմ այն պահերը, երբ կանգ կ՚առնենք մեր «անաւարտ նկարին» դիմաց՝ նայելու, խորհելու, զգալու եւ նոր գոյն մը յայտնաբերելու համար։ Կեանքի գեղեցկութիւնը հոն է, որ ան երբեք ամբողջապէս չի վերջանար։ Մինչեւ վերջին շունչը կը շարունակենք բան մը աւելցնել մեր կտաւին։ Ու թերեւս կեանքի ամենէն քաղցր մղումներէն մէկը ուրիշներու համար ներշնչող գոյն ու հիւսուածք փոխանցելն է։
Եւ թերեւս մեծագոյն պարգեւը այն գիտակցութիւնն է, թէ մեր նկարը, որքան ալ անձնական ու եզակի ըլլայ, մաս կը կազմէ աւելի ընդարձակ պատկերասրահի մը՝ մարդկային ընդհանուր փորձառութեան, որ մեզ զիրար կը կապէ։
Ահա թէ ինչու սորված եմ հանգիստ զգալ՝ կեանքիս նկարը պահելով նկարակալին վրայ եւ յաճախ վերադառնալով անոր։ Մօտեցէ՛ք ձեր սեփական անաւարտ գեղանկարին ամէնօրեայ կեանքէն քաղուած նոր ներշնչումով, քաջութեամբ եւ բաց սրտով։ Յիշեցէ՛ք, որ արուեստի ամենէն արտակարգ գործերը անոնք չեն, որ կատարելապէս անթերի են, այլ անոնք՝ որոնց մէջ ստեղծողին ոգին տակաւին կենդանի է։
ՀՐԱՉ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ
Լոնտոն-Լոս Անճելըս