ԵՒՐՈՊԱ ԿԸ ՁԳՏԻ ԼՐՋՕՐԷՆ ԱՄՐԱՊՆԴԵԼ ԻՐ ԴԻՐՔԵՐԸ ՏԻԵԶԵՐՔԻ ՄԷՋ
Երէկ, Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ՝ Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ համատեղ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած, տիեզերական հարցերուն ձօնուած միջազգային գագաթաժողովը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։ Որպէս հիւրընկալ երկրի ղեկավար՝ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն Էլիզէի պալատէն ներս առանձին հանդիպումներ ունեցաւ՝ գագաթաժողովին մասնակից շարք մը երկիրներու ղեկավարներուն հետ։ Այս ամբողջին մէջ, Էմմանիւէլ Մաքրոն մէկտեղուեցաւ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէնի հետ։ Այս առթիւ անոնք կոչ ուղղեցին Եւրոպային՝ ամրապնդել իր տիեզերական ոլորտը։ Էմմանիւէլ Մաքրոն եւ Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէն աճող սպառնալիքներու համայնապատկերին վրայ հնչեցուցին այս կոչը, որպէսզի Եւրոպա ամրապնդէ իր տիեզերական ոլորտը։
Մաքրոն Եւրոպայի տիեզերական բնագաւառը բնութագրեց «խոցելի» եւ ընդգծեց անոր կարողութիւններու ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը՝ կոչ ուղղելով իրականացնել այս ոլորտէ ներս համատեղ կառավարում։ «Տիեզերքը կը մնայ համաշխարհային նշանակութեան միակ ընդհանուր պաշարը, որու նկատմամբ տակաւին չեն կիրառուիր մեր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու ծաւալներուն համապատասխան կանոններ։ Այդ մարտահրաւէրներուն դիմակայելը կը պահանջէ համատեղ կառավարում», համոզուած է ֆրանսացի ղեկավարը։
Բաց աստի, Մաքրոն յիշեցուց, որ Փարիզի մէջ կազմակերպուած գագաթաժողովի ընթացքին նախատեսուած է շուրջ 20 միլիառ եւրօ արժողութեամբ, աւելի քան 31 համաձայնագրի ստորագրումը։ Այդ փաստաթուղթերը կ՚ուրուագծեն Եւրոպայի համար ապագայ շարք մը կարեւորագոյն նպատակակէտեր։
Իր կարգին, Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէնն ալ շեշտեց, որ Եւրոպայի ջանքերու աշխուժացումը կը ներկայացնէ մեծ կարեւորութիւն։ Ան ընդգծեց, տիեզերքի կարեւոր դերը ո՛չ միայն գիտական հետազօտութիւններու, այլեւ պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ։ Ան օրինակ բերաւ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի իրադարձութիւնները։
«Տիեզերքի մէջ գործելու հնարաւորութիւնը ո՛չ միայն հիմնարար է մեր բարգաւաճման համար, այլեւ աւելի ու աւելի կ՚որոշէ մեր անվտանգութիւնն ու անկախութիւնը։ Սա որեւէ տեղ այնքան ակնյայտ չէ՝ որքան Ուքրայնայի մէջ», յայտնեց Եւրոյանձնաժողովի նախագահը։
Տիեզերական ոլորտէ ներս ռազմական կարողութիւնները ընդլայնելու Եւրոպայի ձգտումը պայմանաւորուած է Ուքրայնայի դէմ Ռուսաստանի մղած պատերազմով, ինչպէս նաեւ տիեզերական ոլորտէ ներս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն երկարատեւ կախուածութենէ աստիճանաբար հրաժարելու ցանկութիւնը։
Միւս կողմէ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ Փարիզի գագաթաժողովին ընթացքին նշեց, որ Հայաստան թեւակոխած է իր ազգային տիեզերական կարողութիւններու զարգացման նոր փուլը։