ԷՐՏՈՂԱՆ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԱՒ ՆՈՐ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց. «Ներառական, ազատական եւ քաղաքային սահմանադրութեան մը մշակումը մեր առջեւ կանգնած է՝ մեր ժողովրդավարութիւնը ներքեւէն դէպի վեր վերակառուցելու հնարաւորութիւնը ընձեռելու հեռանկարով»։

Երէկ, Էրտողան ելոյթով մը հանդէս եկաւ՝ Վճռաբեկ ատեանի հիմնադրութեան 158-րդ տարեդարձի հանդիսութեան առթիւ։ Այս առթիւ ան խօսեցաւ նոր սահմանադրութեան մշակման գործընթացին շուրջ։

Նախագահ Էրտողան դիտել տուաւ, որ Օսմանեան պետութեան շրջանի «Քանունի Էսասի»ին յաջորդած ժամանակաշրջանին որդեգրուած չորս սահմանադրութիւններով հանդերձ, տակաւին չէ յագեցած թուրք ազգի՝ լաւ սահմանադրութիւն մը ունենալու ուղղեալ կարօտը։ «Հիմնադրութեան շրջանի մեր սահմանադրութիւններէն դուրս, վերջին երկու սահմանադրութիւնները, դժբախտաբար, պետական հարուածներու, իրաւունքէ դուրս միջամտութիւններու արդիւնքը եղան։ Այս հանգամանքին բաժինը մեծ է բաղձալի սահմանադրութեան մը ցարդ չմշակուած ըլլալուն մէջ։ Այս ժողովրդավարական ամօթի յաղթահարումը թրքական քաղաքականութեան բարոյական պարտքն է», շեշտեց նախագահը։

Ի լրումն այս բոլորին, նախագահը ելոյթին մէջ շեշտը դրաւ իրաւունքի առջեւ հաւասարութեան, խտրականութիւններու վերջ դրուելուն եւ ժողովրդավարական հակակշռման դրութիւններու հաստատման անհրաժեշտութիւններուն վրայ։

Միւս կողմէ, երէկ, Էրտողան հիւրընկալեց Պելժիոյ Մաթիլտ թագուհին։ Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Չենկելգիւղի «Վահտեթթին» ապարանքին մէջ։

Երեքշաբթի, Մայիս 12, 2026