ԷՐՏՈՂԱՆ ՋԵՐՄՕՐԷՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ՓԱՇԻՆԵԱՆԸ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան շնորհաւորական մը ուղարկեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին: Թուրքիա վերջին շրջանին մօտէն հետեւած էր Հայաստանի նախընտրական գործընթացին, որու աւարտին արդէն ամենաբարձր մակարդակի վրայ շնորհաւորութիւն հասած է՝ Նիկոլ Փաշինեանին եւ իր կողմէ Նիկոլ Փաշինեանին՝ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան յաղթանակին կապակցութեամբ։ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի պայմաններուն ներքեւ, շաբաթավերջի ընտրութիւնը առիթ հանդիսացած է, որպէսզի կողմերու միջեւ փոխանակուին դրական պատգամներ:
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի կառավարութեան աղբիւրները հրատարակեցին Էրտողանի կողմէ Փաշինեանին ուղարկուած շնորհաւորականին բովանդակութիւնը: «Իմ ժողովուրդին եւ անձամբ իմ անունով սրտանց կը շնորհաւորեմ ձեզ՝ 7 յունիս 2026 թուականին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն մէջ ձեր ղեկավարած «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան արձանագրած յաջողութեան առթիւ եւ յաջողութիւն կը մաղթեմ երրորդ անգամ կառավարութիւն ձեւաւորելու գործընթացէն ներս», նշուած է շնորհաւորականին մէջ:
Էրտողան շնորհաւորականին մէջ ընգծած է, որ լիովին հաւատացած է, թէ տարածաշրջանէն ներս երկարատեւ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման եւ այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ համագործակցութեան ապահովման վերաբերեալ Փաշինեանին տեսլականը յաջողութեամբ աւարտին կը հասնի: «Օգտուելով առիթէն՝ կրկին կը մաղթեմ ձեզի առողջութիւն եւ բարեկեցութիւն, իսկ Հայաստանի ժողովուրդին՝ բարգաւաճում եւ երջանկութիւն», նշած է նախագահը:
Մինչ այդ, Փաշինեան երէկ յոյս յայտնեց, թէ Թուրքիա-Հայաստան երկաթուղին հնարաւորինս արագ կը բացուի: Երկու ղեկավարներուն միջեւ հաստատուած հաղորդակցութեան եւ վարչապետի այս յայտարարութեան զուգահեռ՝ Երեւանի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Հայաստան Թուրքիայէն տարանցումով մարդասիրական օժանդակութիւն կ՚ուղարկէ դէպի Լիբանան: Վարչապետ Փաշինեան երէկ ընտրութիւններուն յաջորդած մթնոլորտին մէջ զրուցեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ: Ան այս առթիւ անդրադարձաւ երկրի արտաքին եւ ներքին քաղաքական օրակարգի զանազան առաջնահերթ նիւթերուն: Վարչապետը տեղեկացուց, որ Հայաստանի նոր կառավարութեան կազմէն ներս մեծ փոփոխութիւններ պիտի չըլլան: Ընդդիմութեան ուղղեալ ակնարկութիւններն ալ շարունակուեցան իր կողմէ. «Առանց ընտրակաշառքի՝ պատերազմի եռագլուխ կուսակցութեան ուժերէն որեւէ մէկը չէր կրնար յաղթահարել խորհրդարան անցնելու շեմը»:
Արտաքին քաղաքական օրակարգի խնդիրներուն անդրադառնալով՝ Նիկոլ Փաշինեան նշեց, որ քանի տակաւին խաղաղութեան օրակարգը հետեւողականօրէն կը շարունակուի՝ պատերազմ պիտի չծագի: Ան խօսեցաւ նաեւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ երկիրներուն կողմէ Հայաստանին ուղղուած քննադատութիւններուն շուրջ: Արդարեւ, այդ երկիրները վերջին օրերուն տեղեկացուցին, որ Երեւանի կողմէ կազմակերպութեան տարեկան անդամավճարները չեն փոխանցուած եւ այս իրավիճակին մէջ օրակարգի վրայ կրնայ գալ Հայաստանի այս կազմակերպութենէն դուրս թողուելու վարկածը: «Եթէ ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրները որոշեն Հայաստանը հեռացնել, ապա մենք այդ որոշումը կ՚ընդունինք ի գիտութիւն», նշեց Նիկոլ Փաշինեան: Հարկ է նշել, որ Փաշինեանի իշխանութեան ժամանակաշրջանին, Արցախի երկրորդ պատերազմով պայմանաւորուած իրավիճակին մէջ, Հայաստան արդէն սառեցուցած է ՀԱՊԿ-ի իր անդամակցութիւնը:
Բաց աստի, Նիկոլ Փաշինեան երէկ լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին դիտել տուաւ, որ եթէ Մոսկուայէն հրաւէր մը ստանայ՝ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ ընդունուելու համար, ապա պիտի ընդառաջէ այդ հրաւէրին: