ԺԱՄԱՆԱԿ-Ի ԽՄԲԱԳՐԱՏԱՆ ԵՐԴԻՔԻՆ ՏԱԿ ՀԱՐԱԶԱՏՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Երէկ, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրական երդիքին տակ տօնական մթնոլորտ ստեղծուեցաւ՝ թերթիս ընտանիքին տեսակէտէ այնքան հարազատ երկու անձնաւորութիւններու հիւրընկալմամբ: Այսպէս, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունը մէկտեղեց՝ Հարաւային Գալիֆորնիոյ համալսարանէն Հրակ Փափազեանը, որ «Թրփանճեան» հայոց արդի պատմութեան ուսումնասիրութիւններու ամպիոնի վարիչն է եւ մեր Հայաստանի սիւնակագիրներէն Յակոբ (Վարանդ) Քորթմոսեանը: Մօտաւոր անցեալին Հրակ Փափազեան կանոնաւոր աշխատակցութիւն բերած է թերթիս՝ գրաւելով մեր ընթերցողներուն սիրտը: Յակոբ Քորթմոսեան, որ կը շարունակէ աշխատակցիլ թերթիս, արդէն մեր ընթերցողներուն տեսակէտէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի սիւնակներուն մէջ փնտռուած հիմնական դէմքերէն մին դարձած է՝ մանաւանդ, որ վերջին տարիներուն խմբագրութեանս հետ համագործակցե-լով հրատարակութեան կը պատրաստէ նաեւ գիրքեր:
Հրակ Փափազեան եւ Յակոբ Քորթմոսեան ջերմօրէն շրջապատուեցան ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հրատարակութեան տնօրէնուհի Նատիա Գօչունեանի, խմբագրութեան խորհրդականներէն Այլին Գօչունեանի եւ գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի կողմէ:
Ջերմ զրոյցի մթնոլորտի մէջ արծարծուեցան հայաշխարհի հրատապ օրակարգին վերաբերեալ զանազան խնդիրներ, ինչպէս նաեւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի զանազան երեսակները, որոնք միշտ ալ ուշադրութեան կ՚արժանանան համայն հայութեան կողմէ:
Հրակ Փափազեան կարճ կեցութեամբ կը գտնուի քաղաքիս մէջ եւ առիթէն օգտուելով փափաքած է այցելել ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունը: Ան վաղն առաւօտեան կանուխ ժամերուն արդէն կը վերադառնայ Գալիֆորնիա: Յակոբ Քորթմոսեան, որ շուրջ շաբաթէ մը ի վեր կը գտնուի քաղաքիս մէջ, շաբաթավերջին պիտի վերադառնայ Հայաստան: