ՔԱՆՔԱՐԱՓԱՅԼ ՅԱԿՈԲ ՄԱՐԹԱՅԵԱՆԸ - Ա.

12 սեպտեմբերին՝ 47 տարի առաջ այսօրուան պէս, 1979-ին, պոլսահայութիւնը մասնաւորապէս, համայն հայութիւնը՝ ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի, ցնցուեցաւ 20-րդ դարու հայազգի սակաւաթիւ լեզուագէտներէն, պատմաբաններէն ու առասպելական հոծութեամբ նշանաւորուող գիտնականներէն մէկուն՝ Յակոբ Մարթայեանի (Պոլիս, Պիւյիւքտէրէ, մանկութիւնը՝ Կէտիկփաշա թաղին մէջ անցուցած, 22 մայիս 1895 - Պոլիս, 12 սեպտեմբեր 1979, թուրք հասարակութեան կողմէ առաւելապէս ճանչցուած Ակոբ Տիլաչար, որ թարգմանի՝ «Լեզու-բացող) մահուան դառնակսկիծ բօթով: 

Յակոբ Մարթայեանի անունը սերտօրէն կապուած է Օսմանեան կայսրութեան փլատակներէն հրաշքով յառնած, այլեւ լեզուագէտ, թրքագէտ, պատմագէտ, բանասէր, ուսուցիչ, հրապարակագիր, հրապարակախօս ու ճառագիր, խմբագիր (1918-ին, Լիբանանի մէջ հիմնելով առաջին թերթը՝ «Լոյս»), թրքական հանրագիտարաններու արարման հանճարեղ գրողին, այլեւ բազմաթիւ երկերու այն հեղինակին, որ եղած է Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի ամենամօտիկը կանգնած խորհըր-դականներէն մին: 

Երկու աշխարհամարտերու անդոհանքները ապրած, ծագումով հայ, արդարեւ առասպելական անձնաւորութիւն մը համարուող այն հանճարեղ լեզուաբանը, որ վիթխարի ծառայութիւններ է մատուցած ո՛չ միայն արդի Թուրքիոյ Հանրապետութեան պաշտօնական լեզուի կերտման ու յղկման խորասոյզ իր աշխատանքներով, այլեւ թրքական երաժշտութեան, թատրոնի եւ բազմաթիւ ոլորտներու մէջ իր բերած անկշռելի ներդրումներով, ծանրակշիռ վաստակով: 

Իր ծննդավայրի թաղային վարժարանը քանի մը տարի յաճախելէ ետք նախակրթարանական ուսման համար մուտք կը գործէ անգլերէնով ուսուցուող միսիոնարներու Ամերիկեան վարժարանը եւ փոքր տարիքէն կը սորվի նաեւ սպաներէն, յունարէն եւ այլ լեզուներ: 

15 տարեկանին Յակոբ Մարթայեանը կը գտնենք Պոլսոյ ամերիկեան Ռոպերթ քոլէճէն ներս, ուր ինքնաշխատութեամբ կը սորվի նաեւ լատիներէն, գերմաներէն: Քոլէճին մէջ օտար ուսանողներու հետ սերտ յարաբերութիւններ մշակելուն համար կ՚աւելցնէ իր լեզուական գիտելիքները՝ տիրապետելով ռուսերէնի եւ պուլկարերէնի ալ: 20 տարեկանին, Մեծ Եղեռնի տարին, շրջանաւարտ կ՚ըլլայ Ռոպերթ քոլէճէն՝ վկայուելով «Մագիստրոս Արուեստից» տիտղոսով: Յիշեալ քոլէճին մէջ իր ուսանողութեան տարիներուն, պատանի Մարթայեան բարեկամական սերտ կապեր կը հաստատէ թրքերէն լեզուի իր դասախօս Թէվֆիք Ֆիքրէթի հետ, որմէ մեծապէս կ՚օգտուի՝ թրքերէն լեզուաբանութեան մէջ հմտանալով ու ի յայտ բերելով իր ընդոծին տաղանդը: 

19 տարեկանին՝ Ա. Աշխարհամարտի բռնկման տարին, Յակոբ Մարթայեան կը մտնէ թրքական բանակ՝ զօրակոչեալներու շարքը: Շուտով զինք կը տանին կովկասեան ճակատ, քանզի հայ զինուորներու հանդէպ անվստահութիւն կար Օսմանեան բանակին մէջ: Այնուհետեւ զայն կը տեղափոխեն Սուրիոյ ճակատ՝ անգլիացիներուն դէմ կռուելու համար: 

1915-ի ապրիլին երբ կը սկսի Մեծ Եղեռնը, հասկնալի կը դառնայ նման տեղափոխութիւններու պատճառը: Այստեղ, Մարթայեան ականատես կ՚ըլլայ անգլիացի գերիներու նկատմամբ գործադրուող բռնութիւններու: Գերեվարեալ այդ սպաները իմանալով, որ Մարթայեան անգլերէն գիտէ՝ վերջինէն կը խնդրեն միջնորդել, որ նման բռնութիւններ չգործադրուին գերիներու նկատմամբ: Երբ Մարթայեան կը ցանկայ կատարել գերիներու խնդրանքը՝ զայն կը կոչեն «դաւաճան», եւ ան շղթայակապ կը տարուի թուրք հրամանատարի քով: Հրամանատարին քով ալ կը զեկուցեն, որ Մարթայեան «դաւաճան» մըն է: Հրամանատարը Մարթայեանի ոտքէն մինչեւ գլուխը չափելով կը ցանկայ մահավճիռ արձակել, իսկ ան՝ Մարթայեան, համարձակօրէն կը խօսի յայտնելով, թէ նման բարբարոսական ճանապարհով, բռնութեան ու հալածանքի միջոցով Թուրքիա չի՛ կրնար քաղաքակրթուած երկիր դառնալ, քանի որ «այդպէս չեն վարուիր իսկական յառաջդիմութեան ձգտող երկիրներու մէջ» ու կ՚աւելցնէ ըսելով, թէ այդ ոճը չի պատկանիր յառաջդիմական հանրապետական կարգերու ձգտող գործիչներու: 

Մարթայեան այս բոլորին մասին գրելով իր յուշերուն մէջ, կ՚ընդգծէ. «Բոլորը շուարած կը նայէին ինծի եւ կը սպասէին, թէ ի՞նչ պիտի ըսէ հրամանատարը, որ նաեւ մտիկ կ՚ընէր զիս ուշադրութեամբ: Յանկարծ վերջինը կը հրամայէ կալանքէ ազատ արձակել ձեռքերս: Զիս բերողներուն կը հեռացնէ սենեակէն եւ ինծի կ՚առաջարկէ նստիլ: Շուարած կը մտածէի ես, թէ ի՞նչ ձեւով պիտի վերջանայ հարցս: Հրամանատարը թէյ կ՚առաջարկէ ու ինձմէ կը խնդրէ պատմել հասարակական կեանքի նպատակայարմար կառուցուածքի եւ դեմոկրատական սիստեմներու մասին: Ան շատ հետաքրքիր անձնաւորութիւն մըն էր: Անոր այս բնորոշ գիծը զարմանք կը պատճառէր ինծի, քանի որ այդ ժամանակ բանակին մէջ հազուագիւտ էին նմանները: Յետոյ, հրամանատարը հրաժեշտ տալով մեզի ըսաւ, որ ես յաճախ այցելեմ իրեն եւ դասաւորեց անարգել իր քով պահել զիս՝ ե՛րբ որ փափաքիմ: Ապա ձեռքը երկարելով ցանկութիւն յայտնեց բարեկամ ըլլալ»: 

Մարթայեան՝ որ հետաքրքրական ձեւով կը խօսի իր յուշագրութիւններուն մէջ, կը գրէ, թէ ինք կասկածանքով կը մտածէր, թէ կրնար խաղ կատարուիլ իր դէմ: Ան կ՚ըսէ, թէ զօրանոց վերադառնալէ յետո՛յ միայն կ՚իմանայ, թէ հետաքրքրասէր այդ հրամանատարը, իր զրուցակիցը, Մուսթաֆա Քեմալն է եղեր: Վերջինը յաճախ կը հրաւիրէր Մարթայեանը իր քով եւ անկէ դասեր կ՚առնէր, յատկապէս՝ պետական-քաղաքական կառոյցներու, պատերազմներու բռնկման պատճառներու եւ բազմաթիւ այլ հարցերու վերաբերեալ:

Այսպէս, արկածախնդրութիւններու մէջ ինկած Յակոբ Մարթայեան ի վերջոյ կը յաջողի բանակը լքել եւ անցնիլ արտասահման: Երբ կացութիւնը կը խաղաղի, որոշ ժամանակ մը ան դասախօսական պաշտօն կը ստանձնէ Պոլսոյ նոյն Ռոպերթ քոլէճէն ներս, ուր ստացած էր իր ուսումը: Յիշեալ քոլէճին մէջ, ինչպէս նշուեցաւ, թրքերէն լեզուի ուսուցիչ կ՚ունենայ նշանաւոր բանաստեղծ Թէվֆիք Ֆիքրէթը (1867-1915), որուն սրտանց կը կապուի: Ազնիւ մարդ մ՚ըլլալուն առընթեր, Ֆիքրէթ մեծ բանաստեղծ էր եւ բարեկամական ջերմ յարաբերութիւններով էր կապուած հայկական շրջանակներու: Հայ գործիչները, իրենց հերթին, շատ բարձր կը գնահատէին անոր հայասիրութիւնը: Ի դէպ, 1908-ին, գիշերով մը կը բախեն Ֆիքրէթի դուռը: Ան շատ կ՚անհանգստանայ: Ներս կը մտնեն երեք հոգի. բարեբախտաբար այս անգամ եկողները ոստիկաններ չէին, այլ՝ Մակեդոնիոյ մէջ գտնուող թրքական զօրամասերու յեղափոխական ընդյատակեայ ներկայացուցիչներ: Անոնք կը յայտնեն, թէ կը պատրաստուին յեղափոխական ելոյթի եւ Ֆիքրէթէն կը խնդրեն գրել յեղափոխական քայլերգը: Ֆիքրէթ մէկ գիշերուան մէջ կը գրէ այդ քայլերգը, որ կը կոչուի «Ազգի երգը»: Տասնվեց օր ետք այդ քայլերգով մակեդոնական բանակը կը մտնէ Պոլիս...:

Բայց ազատութեան ու եղբայրութեան կոչերով սկսուած յեղափոխական վերելքը շատ կարճ կը տեւէ: 

Մարթայեան, յետագային, հաստատուելէ ետք Պուլկարիա՝ կը սկսի զբաղիլ հայագիտութեամբ: Այդ տարիներուն կը գրէ աշխատութիւններ, որոնց շարքին՝ «Առաջին փորձութիւն» թատրերգութիւնը, 1922-ին, Պոլիս, «Ալպիոնի պարտէզէն»՝ անգլիացի բանաստեղծներու երկերէն պատրաստուած հատընտիրը (1929, Սոֆիա), եւ այլ շատ երկեր:

Յիշատակման արժանի է Վարդանանց հերոսամարտի 1500-ամեակին նուիրուած «1500-ամեակի խոհեր» (451-1991) խորագրով իր աշխատասիրութիւնը, «Համայնապատկեր հայ մշակոյթի» (1966) եւ ուրիշներ, ինչպէս նաեւ՝ «Հայ լեզուաբաններու գնահատման վերաբերեալ» (1967) գործը: Վարդանանց հերոսամարտի 1500-ամեակին առթիւ իր հրատարակած յիշեալ աշխատութեան մէջ ի միջի այլոց ան գրած է. «Մենք, եթէ նո՛յնիսկ վերջին հայն ըլլանք աշխարհի վրայ, քայլ առ քայլ պիտի կարենանք քաշուիլ հրդեհուած հորիզոնի մը ստուերին ներքեւ, ու դժխեմ բնանկարի մը կուշտին կանգնող հայ տաճարի մը փլատակներէն ներս, ու հոն՝ մեր մայրենի բարբառին վերջին հնչիւնները արտաբերելով ու խաչի մը առջեւ պսպղացող կիսափշուր կանթեղին առկայծ լոյսը կայլակուած արցունքի շիթով մը մարելով՝ մեր շունչը փչել, որպէս մօր՝ հայ մշակոյթի աւերակներուն կուրծքին վրայ»:

ՄԱՐԹԱՅԵԱՆ՝ ՄՈՒՍԹԱՖԱ ՔԵՄԱԼԻ ԽՈՐՀՐԴԱՏՈՒՆ

Տարիներ ետք, Մուսթաֆա Քեմալ երբ կը դառնայ Թուրքիոյ նոր պետութեան ղեկավարը, անոր օրով կը զօրանայ ազգայնամոլութեան գիծը: Կարելի չէ ժխտել, թէ ան մեծ ջանքեր գործադրեց Թուրքիան դնելու եւրոպականացման ուղիի վրայ եւ զարկ տուաւ գիտութեան ու մշակոյթին: Ճիշդ այդ նպատակին կը ծառայէր արաբական այբուբենը լատինականի փոխարինումը, որմէ յետոյ ալ՝ թրքական լեզուն արաբականէն ու իրանականէն զտումը, եւ այլն: Այս նպատակին հասնելու համար, 1932-ին կը ստեղծուի «Թրքական լեզուաբանական միութիւն»ը՝ նախաձեռնութեամբ ու գործունէութեամբ Մուսթաֆա Քեմալի: 

Երբ Մուսթաֆա Քեմալ կը հրաւիրէ լեզուաբանները առաջին խորհրդակցութեան՝ կը նկատէ, թէ շատ քիչ են գիտակ լեզուաբանները: Անմիջապէս կը յիշէ Յակոբ Մարթայեանը եւ կ՚առաջարկէ զայն ներառել լեզուաբաններու ցանկին մէջ: Իսկոյն կը հրաւիրէ՝ 1932-ին Անգարայի մէջ կայանալիք թուրք լեզուաբաններու Ա. համագումարին, ուր Մարթայեան կ՚ունենայ աշխոյժ մասնակցութիւն համագումարի աշխատանքներուն: Մինչեւ իսկ Քեմալէն առաջարկ կը ստանայ մնալ ու ղեկավարել, գործունէութիւն ծաւալել թուրք լեզուաբաններու միութեան մէջ: Այսպէս, բնակութիւն հաստատելով Անգարա, Մարթայեան կը դառնայ Մուսթաֆա Քեմալի խորհրդատուն ո՛չ միայն լեզուի, այլեւ գիտութեան, մշակոյթի եւ լուսաւորութեան բնագաւառներու մէջ:

•շարունակութիւն 1

ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 12, 2026