ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԲԱՑՕԹԵԱՅ ՀԱՄԵՐԳ

Ներկայ ամառնամուտին, երբ եղանակը հետզհետէ բարենպաստ կը դառնայ, Երեւանի մէջ մշկութային կեանքն ալ զուգահեռաբար կը վերակենդանանայ։ Մասնաւորապէս բացօթեայ ձեռնարկներուն տեսակէտէ աշխուժութիւնը հետզհետէ զգալի կը դառնայ մայրաքաղաքի կեդրոնին։ Վերջին օրերուն, Երեւանի մէջ նշուեցաւ Ճազի միջազգային օրը։ Այս առթիւ խանդավառ երեկոյթ մը տեղի ունեցաւ Քասքատի մէջ։ Ոգեւոր համերգ մը համախմբեց հազարաւոր երաժշտասէրներ, որոնք բարձր տրամադրութեամբ հետեւեցան ճազի վարպետներու կատարումներուն՝ զանոնք արժանացնելով ջերմ ծափահարութիւններու։

Ճազի երեկոյթները արդէն աւանդական դարձած են Երեւանի կեդրոնի ժամանակացոյցին վրայ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 13, 2026