ՇՕՇԱՓԵԼԻ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄ
Արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրները այս առաւօտ հաղորդեցին, որ դիւանակալական բնոյթով նախապատրաստական աշխատանքները աւարտած են՝ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ ուղիղ առեւտուրին սկսելուն համար: Սա Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ, 2022 թուականէն ի վեր յառաջ տարուած բնականոնացման գործընթացի շրջանակներէն ներս առնուած քայլ մըն է՝ միտուած փոխադարձ վստահութեան ամրապնդման:
Արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ ցամաքային սահմանի բացման ուղղեալ անհրաժեշտ թեքնիք եւ դիւանակալական աշխատանքներն ալ տակաւին կը շարունակուին:
Այսօրուան դրութեամբ կեանքի կոչուած նոր կարգադրութեան շնորհիւ՝ Թուրքիայէն կամ Հայաստանէն ուղարկուած ապրանքներու պարագային կարելի պիտի ըլլայ պաշտօնական փաստաթուղթերու, բանաձեւումներու մէջ մեկնարկի կամ յանձնման կէտերը ուղղակիօրէն նշել՝ Հայաստան կամ Թուրքիա:
Հարաւային Կովկասէ ներս մշտական խաղաղութեան եւ բարգաւաճման ամրապնդման ուղղութեամբ ապահովուած պատմական հնարաւորութեան լոյսին տակ, Թուրքիա կը ձգտի տարածաշրջանէ ներս տնտեսական յարաբերութիւնները զարգացնել եւ համագործակցութիւնը տարածաշրջանի բոլոր երկիրներու եւ ժողովուրդներու ի նպաստ յառաջ տանիլ: