ԿԵԱՆՔԻՍ ԱՄԵՆԱՄԵԾ «ՍԽԱԼՆ» ՈՒ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԱՐԴԻՒՆՔԸ
Երթա՞մ, թէ՞ ոչ… Ճի՞շդ եմ, թէ՞ սխալ…
Վերջապէս, Սուրբ Խորանին դիմաց կանգնած՝ «այո՞», թէ՞ «ոչ»… Նեղացուցիչ, տանջալից անորոշութիւն մը, որ չես գիտեր, թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս ծագեցաւ յանկարծ։ Շուրջս այնքան բացասական կարծիքներ ու նայուածքներ կային, նոյնիսկ արցունք թափողներ, որոնք մինչեւ վերջին վայրկեանը չձգեցին, որ այդ վերջին պահը հայրական տունս վայելեմ…
Բայց գացի…
Եւ տարի մը ետք ետ դարձայ ու ամբողջ կեանքիս ընթացքին վայելեցի հայրական ջերմ բոյնս։
Սակայն առանձին չդարձայ… Դարձայ գիրկս կապուտաչեայ եւ արեւէն աւելի փայլուն մանչուկով մը, որուն Արեգ-Արփիակ կոչած էինք…
Արեգ-Արփիակը դարձաւ մեր տան ոսկէ գնդակը…
Առաջին թոռնիկն էր եւ որովհետեւ ես միայնակ մայր էի՝ մեծ հայր, մեծ մայր, մեծ հօրաքոյր, մօրեղբայր, բոլորին համար զինք ուրախացնելը սրբազան պարտականութիւն էր…
Իր տարեդարձները միշտ տօն եղած են մեզի համար…
Շաբաթ մը առաջ կը սկսէին պատրաստութիւնները եւ կը շարունակուէին տարեդարձէն շաբաթ մը ետքն ալ։ Շրջապատիս մէջ ոմանք «Պէտք չունիս այդքան շփացնելու», կ՚ըսէին, իսկ ես «Պէտք ունիմ», կը պատասխանէի… Ես ո՛չ միայն պատասխանատու, այլեւ պարտաւոր էի լրացնելու այն մեծ բացը, որ գոյութիւն ունէր տղուս կեանքին մէջ, այդ ալ այն նեղ շրջանակին մէջ, ուր կ՚ապրէինք։
Երբ ուսանելու համար մեկնեցաւ երկրէն՝ շատ ծանր էր բոլորիս համար։ Չկրցանք ընդունիլ, որ մեծցած է, ունի իր համալսարանական շրջանակը, արդէն տարբեր հետաքրքրութիւններ եւ մանկութեան տարիներու տարեդարձները արդէն ետին մնացած են։
Եւ այսպէս քանի՜ տարեդարձներ իրարմէ հեռու նշեցինք…
Մայրական սիրտս գոհ էր, որ տղաս ուրախ է, Կիպրոսի համալսարանը աւարտելէ ետք Սպանիա գնաց շարունակելու եւ տարիները սահեցան։
Սակայն մայրական կարօտը բառեր չունի…
Իր փափաքով որոշեցինք իր 25-ամեակը եւ իմ 50-ամեակս նշել իր ծննդավայրին մէջ՝ Մարսէյլ։ Ինք՝ Ալիքանթէն (Սպանիա), ես՝ Երուսաղէմէն, հանդիպեցանք տարեդարձէն օր մը առաջ եւ անբացատրելի, անուշ ու ուրախ շաբաթ մը անցուցինք միասին։ Տղաս, որ 17 տարեկանին մեկնած էր ուսումի, արձակուրդներուն միայն կու գար տուն, սակայն հիմա ամէն ինչ ուրիշ էր. ուսանող չէր այլեւս եւ մենք կը խօսէինք արդէն որպէս երկու հասուն ընկերներ…
Այդ շաբթուան ընթացքին, օր մը, երբ ճաշէն ետք հանդարտ ու ծոյլ քայլերով կը զբօսնէինք, տղաս յանկարծ հարցուց.
-Մամ, ճիշդը պատասխանէ ինծի. աշխարհի վրայ անսխալական մարդ չկայ, չնայած դուն ինծի համար կատարեալ ես… Սխալներ ըրա՞ծ ես կեանքիդ մէջ։
-Օհօհօհօ՜, անշուշտ, եւ որքա՜ն շատ… Թերեւս միայն կէսին գիտակից եմ, մնացածը Աստուած գիտէ, պատասխանեցի՝ ձայնիս կատակի շեշտ տալով, բայց ներքնապէս քիչ մըն ալ զարմացած այս անակնկալ հարցումէն ու շոյուած, որ տղուս համար կատարեալ էի։
-Եւ ո՞րն էր կեանքիդ ամենամեծ սխալը։
Կանգ առի, նայեցայ աչքերուն ու ըսի.
-Կեանքիս ամենամեծ սխալ որոշումը, տղա՛ս, տուաւ իր լաւագոյն արդիւնքը՝ ԴՈՒՆ ծնար…
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Յունիս 2026, Երուսաղէմ