ԱՆՄԽԻԹԱՐ ՀՐԱԺԵՇՏ

Շաբաթավերջին, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ ատամնաբոյժ Նարօտ Ալճանի (Թաւլեան) փառաշուք յուղարկաւորութիւնը։ Նարօտ Ալճան ողբերգական մահով մը երկրաւոր կեանքէն հեռացած էր Թորոնթոյի մէջ, Գանատա։ Իր անշունչ մարմնի քաղաքս տեղափոխուելէն վերջ, Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ իր փառաշուք յուղարկաւորութիւնը, որ համախմբեց հոծ թիւով սգաւորներ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեանն ալ փութացած էր հայրաբար վշտակցելու վաղամեռիկ Նարօտ Ալճանի ընտանիքին՝ մանաւանդ, որ ան յայտնի համայնքային գործիչ փրոֆ. Թորոս Ալճանի եղբօր դուստրն էր։

Արարողութեան հանդիսապետեց Տ. Արամ արք. Աթէշեան, որու շուրջ համախմբուած էին հոգեւոր հայրեր։ Նորին Սրբազնութիւնը խօսեցաւ նաեւ կուռ դամբանական մը, որու ընթացքին անդրադարձաւ երիտասարդ ատամնաբոյժի մահուան ողբերգական բնոյթին։

Վաղամեռիկ ատամնաբոյժ Նարօտ Ալճանի անժամանակ ու ցնցիչ կորուստին ցաւը սուգով համակեց համայնքային շրջանակները։ Մայր եկեղեցւոյ ընդարձակ ատեանին մէջ, մահաբեմին վրայ զետեղուած էր երիտասարդուհիի դագաղը, որու շուրջ համախմբուած հոծ թիւով յուղարկաւորները աղօթեցին անոր յաւիտենական նենջի խաղաղութեան համար։ Յուղարկաւորութեան բոլոր մասնակիցներուն տեսակէտէ, անխուսափելիօրէն, անմխիթար հրաժեշտ մըն էր այս մէկը։ Յամենայնդէպս, հասկնալիօրէն, խոր սուգի մատնուած էր լուսահոգի երիտասարդուհիի ընտանիքը, որու անդամները առարկայ դարձան յուղարկաւորներու բարոյական զօրակցութեան։ Ծաղիկ հասակի մէջ երկրաւոր կեանքէ հեռացած Նարօտ Ալճանի ողբերգական կորուստը մեծ տխրութիւն պատճառեց, ինչպէս իր ընտանիքին, այնպէս ալ ընկերային շրջանակին եւ ընտանիքի բոլոր ծանօթներուն։ Ատամնաբոյժ Նարօտ Ալճան իսկապէս փայլուն երիտասարդուհի մըն էր, շատ լաւ հասած էր եւ իր ասպարէզին մէջ կը խոստանար յաւակնոտ ապագայ մը։ Դժբախտաբար, Նախախնամութեան տնօրինութիւնը իր պարագային եղաւ բաւական դաժան։ Նարօտ Ալճան տակաւին իր պատրաստութեան, ուսումին եւ ասպարէզի նկատմամբ նախանձախնդրութեան պտուղները քաղելու ժամանակ չունեցած հրաժեշտ առաւ երկրաւոր կեանքէն։

Յուղարկաւորութեան արարողութեան ընթացքին, լուսաշող տաճարի ճիշդ կեդրոնին զետեղուած դագաղին շուրջ բոլորը խոր տխրութեան մէջ, անբացատրելի խոհերով տարուած աղօթեցին անոր համար, նաեւ իր ընտանիքին համար, որպէսզի կարելի ըլլայ դիմադրել այս անբացատրելի ցաւին։

Հուսկ, վաղամեռիկ Նարօտ Ալճանի մարմինը ամփոփուեցաւ Պալըքլըի գերեզմանատան մէջ։

Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք Նարօտ Ալճանին՝ խորազգած վշտակցութիւններ յայտնելով իր ընտանիքին՝ մանաւանդ փրոֆ. Թորոս Ալճանին։

Երկուշաբթի, Յուլիս 13, 2026