ՄԱՔՈՒՐ ՊԱՀԵԼ ԱՐԺԷՔՆԵՐԸ

Ներկայ ամրան Երեւանի մէջ միշտ կը կազմակերպուին բացօթեայ ժողովրդական ձեռնարկներ, որոնք նախատեսուած կ՚ըլլան փառատօներու ձեւաչափին մէջ: Մայրաքաղաքի կեդրոնին, ամրան շրջանին իրարու կը յաջորդեն այսպիսի ձեռնարկները, որոնք մեծ համախմբումներու բեմահարթակի կը վերածուին: 

Վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ «Սիրուն» հայկական փառատօնը, որու ծրագիրը հետաքրքրական էր: Այսպէս, հոծ բազմութիւն մը մասնակցութիւն բերաւ հայկական աւանդական գորգերու լուացման արարողութեան: Արժէքները մաքուր պահելու հետամուտ նախաձեռնութիւն մըն էր այս մէկը, որ կեանքի կոչուեցաւ մայրաքաղաքի այն տարածքէն ներս, որ սովորաբար կ՚անուանուի Վերնիսաժ:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 13, 2026