ԽՈՒՍԱՓԻԼ ԹՇՆԱՄՈՒԹԵՆԷ

Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Քոպախիծէ յայտարարեց, որ տարաձայնութիւնները պէտք չէ հիմք դառնան Ռուսաստանի դէմ թշնամութեան համար: 

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով՝ Քոպախիծէ համոզուած է, թէ քաղաքական տարաձայնութիւնները եւ անցեալի սխալները պէտք չէ պատճառ դառնան վրացի եւ ռուս ժողովուրդներու միջեւ թշնամութեան համար: «ՐԻԱ Նովոստի» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ Իրակլի Քոպախիծէ նշեց, որ երկկողմանի յարաբերութիւններու պահպանումը եւ խաղաղ համակեցութիւնը զգալիօրէն աւելի կարեւոր են՝ քան որեւէ քաղաքական իրավիճակ կամ անպաշտօն ուժերու յստակ ծրագիրները՝ կապուած առանձինն պետութիւններու հետ: Ըստ Քոպախիծէի յատուկ ուշադրութիւն պէտք է ցուցաբերել ժողովուրդներու միջեւ կապերը պահպանելու համար: Ան յիշեցուց, որ Վրաստանի եւ Ռուսաստանի մէջ կ՚ապրին բազմաթիւ խառն ընտանիքներ, Ռուսաստանի մէջ կայ մեծ վրացական սփիւռք մը, իսկ Վրաստանի մէջ ալ քիչ չեն ռուսական ծագումով մարդիկ: 

Քոպախիծէ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ դիտել տուաւ, որ Թիֆլիզ մտադիր չէ դիւանագիտական յարաբերութիւնները վերականգնելու Մոսկուային հետ: Արդարեւ, ռուսական կողմը կը շարունակէ ճանչնալ Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեդիոյ ինքնիշխանութիւնը:

Ռուսաստանի եւ Վրաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ այս պահուն գոյութիւն չունին: Դիւանագիտական յարաբերութիւնները Վրաստանի կողմէ խզուած էին, երբ 2008 թուականի օգոստոսի 26-ին Ռուսաստան ճանչցած էր Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեդիոյ ինքնիշխանութիւնը: Թիֆլիզի կողմէ այդ երկուքը կը համարուին բռնագրաւուած տարածքներ: 

Ի լրումն այս բոլորին, վրացի վարչապետը դիտել տուաւ, որ Հարաւային Օսեդիոյ բռնագրաւման վերջ գտնելու պարագային Ռուսաստանի հետ հակամարտութիւնը կարելի է կարգաւորել խաղաղ ճանապարհով:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 13, 2026