ՀԻՒՐՄԻՒԶԸ ՎԵՐԱՀՍԿԵԼԻ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, որ իր երկիրը լիակատար վերահսկողութիւն ունի Հիւրմիւզի ջրանցքի պարագային: Ըստ Թրամփի՝ ԱՄՆ-ի զինեալ ուժերը կը պահպանեն Հիւրմիւզի ջրանցքի վերահսկողութիւնը: «ԱՄՆ լիակատար վերահսկողութիւն ունի Հիւրմիւզի ջրանցքի պարագային: Կը կարծեմ՝ մենք կը պահպանենք այդ վերահսկողութիւնը: Մեր ծովային շրջափակումը կը կոչուի «պողպատէ պատ» եւ Իրան ոչինչ կրնայ ընել այդ կապակցութեամբ», ընկերային ցանցերու վրայ գրառման մէջ նշած է ամերիկացի ղեկավարը:
Միեւնոյն ժամանակ, Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ Իրանի հետ իրադրութիւնը լաւ կը զարգանայ: Թեհրան-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ կը շարունակուին մէկ կողմէ խաղաղութեան որոնումները, իսկ միւս կողմէ լարուածութիւնն ալ կը շարունակուի ամբողջ թափով: Ստեղծուած հակասական իրավիճակին մէջ Տանըլտ Թրամփ վերջին օրերուն դարձեալ յայտնեց, որ իրադրութիւնը Իրանի հետ լաւ կը զարգանայ: Յիշեցնելով, որ ԱՄՆ լիակատար վերահսկողութիւն ունի Հիւրմիւզի ջրանցքի պարագային՝ Տանըլտ Թրամփ լրագրողներու հետ զրուցելու ժամանակ անդրադարձաւ տարածաշրջանի վերջին իրադարձութիւններուն:
«Իրանի հետ ամէն բան լաւ կ՚ընթանայ, պարզապէս հիանալի: Մենք լիովին կը վերահսկենք Հիւրմիւզի ջրանցքը: ԱՄՆ-ի համար ամէն բան հրաշալի է», ըսաւ ան:
Զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն առջեւ Տանըլտ Թրամփ ընգծեց, որ չի՛ վստահիր Իրանին եւ որեւէ պահ այդ երկիրը կրնայ ընել բան մը, որմէ յետոյ կրնանք պարտաւորուիլ հարուածներ տալու: Բայց, ըստ Թրամփի՝ այս պահու դրութեամբ, Ուաշինկթըն լաւ դիրքի վրայ է:
Մերձաւոր Արեւելքի վերաբերեալ հաշուարկները՝ մանաւանդ, ԱՄՆ-Իրան-Իսրայէլ առանցքին վրայ ծագած պատերազմը համաշխարհային բեմահարթակին վրայ տակն ու վրայ ըրած են բոլոր հաշուարկները եւ լրջօրէն խաթարած՝ տնտեսական հաւասարակշռութիւնները: