ԵՐԵՒԱՆ-ՔԻԵՒ ՇՓՈՒՄ
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ: Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Զելենսքի Փաշինեանը շնորհաւորեց՝ վարչապետի պաշտօնին մէջ վերանշանակուելու կապակցութեամբ:
Զրուցակիցները քննարկեցին Երեւան-Քիեւ համագործակցութեան օրակարգին վերաբերեալ հարցեր: Նիկոլ Փաշինեան եւ Վոլոտիմիր Զելենսքի կարծիքներ փոխանակեցին տարածաշրջանային եւ համաշխարհային իրադարձութիւններուն շուրջ: Անոնք ընդգծեցին, որ կայուն եւ տեւական խաղաղութեան յառաջ մղուիլը կը ներկայացնէ մեծ կարեւորութիւն:
Հարկ է նշել, որ ներկայ յետընտրական շրջանին, Ուքրայնայի ղեկավարութենէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներ կը շնորհաւորեն իրենց հայ պաշտօնակիցները՝ վերանշանակման կապակցութեամբ:
Իր կարգին, Վոլոտիմիր Զելենսքին ալ ըսաւ. «Այժմ, Ուքրայնայի եւ Հայաստանի յարաբերութիւնները կը դառնան առաւել շինիչ եւ կարեւոր է, որ մեր միջեւ մշտական երկխօսութիւն գոյութիւն ունի»: