ԵՊՀ-Է ՆԵՐՍ ՆԱԽԱՏԵՍՈՒԱԾ Է ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ ՄԸ, ՈՐՈՒ ԾՐԱԳՐԻՆ ՄԱՍ ԿԸ ԿԱԶՄԷ ՆԱԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ
Երեւանի պետական համալսարանէն (ԵՊՀ) ներս տեղի պիտի ունենայ գիտաժողով մը՝ ձօնուած Հարաւային Կովկասի՝ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի պատմութեան, քաղաքականութեան, մշակոյթի եւ հասարակութեան բազմակողմանի ուսումնասիրութեան: Հայաստանի մամուլին մէջ արձագանգ գտած է այս նախաձեռնութիւնը, որ հրապարակուած է նաեւ ԵՊՀ-ի պաշտօնական կայքէջին վրայ: Գիտաժողովը կը կազմակերպուի Հարաւային Կովկասի Ամերիկեան հետազօտութիւններու կաճառին (American Research Institute of the South Caucasus - ARISC) կողմէ, որ կը գործէ ԵՊՀ-ի կազմէն ներս: Այս կաճառը ներկայիս կը նշէ իր հիմնադրութեան 20-ամեակը եւ գիտաժողովն ալ մաս կը կազմէ սոյն յոբելեանի ծիրին:
Զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ կը քննարկուի այն հարցումը, թէ ինչո՞ւ որոշած են ԵՊՀ-էն ներս իրականացուած առցանց գիտաժողովին ներառել նաեւ Ատրպէյճանի պատմութիւնն ու մշակոյթը: Կարգ մը դէտերու համոզմամբ՝ պարզ է, թէ ԵՊՀ-ն Հայաստանի իշխանութիւններուն՝ այսինքն տուեալ պարագային «Քաղաքացիական պայմանագիր» (ՔՊ) առընթեր կառոյց մըն է եւ կ՚իրականացնէ անոր քաղաքականութիւնը: Համալսարանի վերատեսուչն է Յովհաննէս Յովհաննիսեան, որու պաշտօնավարութեան ժամկէտը այս տարուայ դեկտեմբերին պիտի լրանայ: Այս կէտին վրայ ընդդիմադիր շրջանակները կասկածներ կ՚արտայայտեն, թէ վերատեսուչը որոշած է ի գին ամէն բանի իշխանութիւններու աչքը մտնել եւ յառաջ տանիլ անոնց Ատրպէյճանի ի նպաստ գաղափարները:
Հարկ է յիշեցնել, որ Ատրպէյճանի գիտակրթական գրեթէ բոլոր կառոյցները տարիներէ ի վեր սիստեմատիք ձեւով յառաջ կը տանին քաղաքականութիւն մը, որով տարածքային պահանջներ կը ձեւաւորուին Հայաստանի հասցէին՝ մանաւանդ, որ երկրի տարածքը կ՚անուանուի «Արեւմտեան Ատրպէյճան»: Այս նոյն հիման վրայ կ՚աղաւաղուին կամ կ՚իւրացուին հայկական պատմամշակութային կամ կրօնական ժառանգութեան կոթողները: Ատրպէյճանի մէջ կը կազմակերպուին «Վերադարձ Արեւմտեան Ատրպէյճան» խորագրեալ գիտաժողովներ՝ Հայաստանի ամբողջ տարածքը մատուցելով՝ որպէս «Արեւմտեան Ատրպէյճան»: Ընդդիմադիր աղբիւրները քննադատաբար կը մօտենան, որ հայ պատմաբանները, հանրային գործիչները, այդ բոլորը ամբողջ թափով չեն հերքեր, աչք կը փակեն պատմութեան խեղաթիւրումներուն եւ հիմա ալ Հայաստանէ ներս Ատրպէյճանի պատմութեան ուղղեալ գիտաժողովներ կը կազմակերպեն:
Անշուշտ, ընդդիմադիր շրջանակներու կողմէ մատուցուած այս լուրերուն առընթեր, կարելի է մտածել նաեւ, թէ գիտական կամ համալսարանական մակարդակի վրայ վերոյիշեալ հերքումները իրականացնելը պէտք է կազմակերպուի նոյնանման ձեւով: Այսինքն, կարելի է հանդէս գալ գիտական նախաձեռնութիւններով, որոնք նոյն պատմական պնդումները կամ նոյն պատմութիւնը կրնան ուսումնասիրել այլ տեսանկիւնէ, ինչ որ ճշմարտութիւնը ի յայտ բերելու տեսակէտէ նշանակութիւն կրնայ ունենալ: