ՅԱՐԱՏԵՒ ԶՕՐԱՎԻԳ
Թուրքիա կը շարունակէ Մերձաւոր Արեւելքի իրադարձութիւններուն անմիջական ուշադրութեամբ հետեւիլ՝ մանաւանդ, որ տարածաշրջանի բոլոր դերակատարներուն հետ ամենաբարձր մակարդակի վրայ շփման մէջ կը մնայ: Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան Պեշթեփէի համալիրէն ներս հիւրընկալեց Պաղեստինի ղեկավար Մահմուտ Ապպասը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Թուրքիա: Անգարայի մէջ հիւր ղեկավարը ընդունուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ՝ մինչ ընդգծուեցաւ Պաղեստինի ի նպաստ յարատեւ զօրավիգը: Թուրքիա երկար տարիներէ ի վեր անդրդուելի կը մնայ՝ Պաղեստինի ի նպաստ զօրակցութեան ճանապարհին: Ապպասը հիւրընկալելու ժամանակ, նախագահ Էրտողան ընդգծեց, որ Թուրքիա միշտ կը խրախուսէ Պաղեստինի դատը՝ երկու պետութեան հիմունքով լուծման մը ուղղութեամբ:
Ապպասի հետ համատեղ ասուլիսի ընթացքին Էրտողան անդրադարձաւ նաեւ՝ վերջերս ստորագրուած Մեքքէի պաշտպանական համագործակցութեան: Ան շեշտեց, որ յիշեալ փաստաթուղթը չի թիրախաւորեր որեւէ երկիր: «Տարածաշրջանի խնդիրները տարածաշրջանի իսկ դերակատարներուն կողմէ պէտք է լուծուին եւ մենք այս ուղղութեամբ առաջին քայլը առինք: Սա որեւէ երկիր չի թիրախաւորեր եւ բաց է եղբայրական բոլոր երկիրներուն համար», ըսաւ ան:
Իր կարգին, Մահմուտ Ապպասն ալ շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Էրտողանի զօրակցութեան համար: «Առանց Կազզէի Պաղեստինի պետութիւն մը չի կրնար ըլլալ», ըսաւ Ապպաս:
Հարկ է նշել, որ Մահմուտ Ապպասի այցելութեան ընդառաջ լրատուամիջոցներուն մօտ լոյս տեսած էին զանազան հրապարակումներ, ըստ որոնց՝ մտադրութիւն մը գոյութիւն ունի Մեքքէի պաշտպանական համագործակցութեան Պաղեստինն ալ ընդգծելու ուղղութեամբ:
Միւս կողմէ, Թուրքիա կը ձգտի նորաստեղծ այս դաշինքին ներգրաւել նաեւ Եգիպտոսը: Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, Անգարա-Գահիրէ առանցքին վրայ կ՚ենթադրուի բարձր մակարդակի շփում մը: Այսպէս, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան այսօր երկօրեայ ուղեւորութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Գահիրէ, ուր կը հիւրընկալուի Եգիպտոսի իր պաշտօնակցին կողմէ: Գահիրէի մէջ նախատեսուած է Թուրքիա-Եգիպտոս համատեղ ծրագրաւորման խումբի երկրորդ ժողովը: Հաքան Ֆիտան թէ՛ կը մասնակցի այս ժողովին եւ թէ երկկողմանի այլ հանդիպումներ կ՚ունենայ:
Նախարարներու շփումներուն ընթացքին Թուրքիոյ եւ Եգիպտոսի միջեւ կ՚արժեւորուին նաեւ տարածաշրջանային իրադարձութիւնները, որոնց կապակցութեամբ նախատեսուած են կարծիքի փոխանակումներ: