ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐ ԻԿՆԱՑԻՕ ՔԱՍԻՍ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ԵՐԵՒԱՆ ԵՒ ԹԻՖԼԻԶ

Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարար Իկնացիօ Քասիս վաղը ուղեւորութեան մը պիտի ձեռնարկէ դէպի Հարաւային Կովկաս։ Հարկ է նշել, որ Զուիցերիա ներկայիս ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկիրն է։ Եռօրեայ այցելութեան ընթացքին Իկնացիօ Քասիս իրերայաջորդ պիտի այցելէ Թիֆլիզ եւ Երեւան։ Հայաստանի եւ Վրաստանի ղեկավարութիւններու հետ քննարկումներու առանցքին պիտի գտնուին Հարաւային Կովկասի իրավիճակը, ԵԱՀԿ-ի դերակատարութիւնը եւ երկկողմանի յարաբերութիւնները։ 

Երեւանի մօտ Զուիցերիոյ դեսպանութեան կողմէ այս շրջագայութեան վերաբերեալ հրապարակուեցաւ պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը, ըստ որու՝ Իկնացիօ Քասիս հոկտեմբերի 15-ին պիտի հիւրընկալուի Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Ան Երեւանի մէջ պիտի մէկտեղուի Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ։ Քննարկումներու առանցքին պիտի գտնուին՝ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացին, տարածաշրջանային համագործակցութեան եւ ԵԱՀԿ-ի դերին վերաբերեալ խնդիրներ։ Զուիցերիա, որ այս տարի ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկիրն է, այս բոլոր ուղղութիւններով ունի իր յատուկ դիրքը։ 

«Զուիցերիա կ՚աջակցի խաղաղութեան գործընթացին եւ երկու կողմերու փափաքի պարագային պատրաստ է տրամադրելու իր փորձագիտական կարողութիւնները», նշուած է զուիցերական դեսպանատան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2026