ԼԱՒՐՈՎ ՆԻՒ ՏԵԼՀԻԻ ՄԷՋ
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, որ կ՚այցելէ Նիւ Տելհի, հիւրընկալուեցաւ Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարար Սուպրահմանեամ Ճայշանքարի կողմէ։ Լաւրով կը մասնակցի BRICS-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու լիագումար նիստին, որ տեղի կ՚ունենայ Նիւ Տելհիի մէջ։
Մոսկուա-Նիւ Տելհի առանցքին վրայ, արտաքին գործոց նախարարները շօշափեցին՝ նախապէս ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ընթացքին վերաբերեալ հարցեր։ Այս ամբողջին մէջ, բացի քաղաքական հարցերէն, առանձնայատուկ ուշադրութեան առարկայ կը դառնան առեւտրատնտեսական, գիտաթեքնիք եւ մշակութային բնագաւառներէ ներս համագործակցութիւնը։ Սերկէյ Լաւրով եւ Սուպրահմանեամ Ճայշանքար կ՚անդրադառնան նաեւ Ռուսաստան-Հնդկաստան միջկառավարական յանձնաժողովի հերթական նիստի նախապատրաստական աշխատանքներուն։