ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳ
Երէկ երեկոյեան, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան մեկնեցաւ Աստանա, ուր կը հիւրընկալուի Ղազախիստանի նախագահ Քասըմ Ճէօմերթ Թոքաեւի կողմէ։ Այս այցելութիւնը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի՝ Թուրքիոյ եւ Ղազախիստանի միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան խորացման տեսակէտէ։ Անգարա-Աստանա առանցքին վրայ վերջին տարիներուն ռազմավարական գործընկերութիւնը հետզհետէ կը խորանայ եւ ներկայիս այդ մէկը նոր հարթութեան մը վրայ կը դրուի։
Էրտողանի եւ Թոքաեւի գլխաւորութեամբ, բանակցութիւններուն ժամանակ օրակարգի վրայ կու գան՝ Միջին միջանցքի ընդլայնման, փոխադրութեան ծրագիրներու, ուժանիւթի անվտանգութեան, լոժիստիք կապերու, պաշտպանական արդիւնաբերութեան համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։
Աստանայի մէջ Էրտողան վաղն ալ պիտի մասնակցի Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան գագաթաժողովին։