ՓԱՇԻՆԵԱՆ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԸ ՁԳՏԻ ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ ՀԱՐԻՒՐ ՏՈԿՈՍ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ»

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ երկրի կառավարութիւնը հայկական երկաթուղիներու առեւտրական կառավարման հարցին մէջ Ռուսաստանի հետ պիտի չերթայ սուր լուծումներու եւ կը նախընտրէ հարցերը կարգաւորել բարեկամական մթնոլորտի մէջ: 

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան երէկ մամլոյ ասուլիս մը սարքեց կառավարութեան նիստէն վերջ: Զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ վարչապետը ըսաւ. «Լուծումը այն է, որ մենք փոխադարձաբար հասկնանք եւ ընկալենք իրարու շահերը՝ երթալով որոշակի զիջումներու, որոնցմէ մէկը կրնայ ըլլալ Ռուսաստանի կողմէ առեւտրական կառավարման իրաւունքի վաճառքը: Սա կրնայ ըլլալ ամբողջական կամ մասնակի, այսինքն՝ կրնան ըլլալ բաժնետիրական որոշակի ձեւակերպումներ, ուր տոկոսային բաշխուածութիւնը կ՚ըլլայ այնպէս, որ Հայաստանի միջազգային փոխադրութեան ցանցին համարկուիլը այս պատմական հնարաւորութիւնը չխոչընդոտէ»:

Բաց աստի, վարչապետը յայտարարեց, որ Հայաստան յառաջիկային կրնայ ունենալ ելեկտրական ուժանիւթի պահանջարկ՝ հաշուի առնելով, որ երկրէն ներս արհեստական բանականութեան գործարանները մեծ թափով կը զարգանան: 

Փաշինեան այս յայտարարութիւնը ըրաւ՝ անդրադառնալով Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի նախօրէի այն յայտարարութեան, ըստ որու՝ TRIPP-ի շրջանակներէ ներս կը դիտարկուի Հայաստանի տարածքով դէպի Նախիջեւան ելեկտրահաղորդման գիծեր անցընելու ծրագիրը: Ալիեւ նաեւ յայտնած էր, որ սա օգտակար կ՚ըլլայ նաեւ Հայաստանի համար, որովհետեւ հայկական աթոմակայանը վաղ թէ ուշ պիտի փակուի եւ երկիրը ելեկտրական ուժանիւթի պահանջարկ պիտի ունենայ, իսկ սա Հայաստանի համար կրնայ ըլլալ ելեկտրական ուժանիւթի այլընտրանքային աղբիւր: 

Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ ուժանիւթի առեւտուրի վերաբերեալ երկու ուղղութիւն պէտք է հաշուի առնել: «Եթէ մինչեւ բոլորովին վերջերս մենք կը խօսէինք այն մասին, որ Հայաստան ունի ելեկտրական ուժանիւթի աւելցուկ, հիմա մենք կը խօսինք այն մասին, որ Հայաստան կրնայ ունենալ ելեկտրական ուժանիւթի պահանջարկ, որովհետեւ, ինչպէս կը տեսնէք, մեծ թափերով կը զարգանան արհեստական բանականութեան գործարանները, իսկ անոնք մեր պատկերացումներէն անդին ծաւալներով ելեկտրական ուժանիւթ կը սպառեն: Ի հարկէ, այս պահու դրութեամբ, բնականաբար, մեր մեծ իրադրութեան մէջ բան մը չէ փոխուած, բայց, այն ծրագիրները, որոնք մասնաւորապէս ներդրողները ունին Հայաստանէ ներս արհեստական բանականութեան նոր գործարաններ կառուցելու առումով, մեզ կը ստիպէ՝ վերատեսութեան ենթարկել մեր ուժանիւթի ռազմավարութիւնները, որպէսզի այս նոր պայմաններուն եւ ակնկալութիւններուն համապատասխան կարելիութիւններ ունենանք», ըսաւ վարչապետը: 

Բաց աստի, Փաշինեան շեշտեց, որ Հայաստանի կառավարութեան ռազմավարութիւնն է ուժանիւթի հարիւր տոկոսանոց անկախութիւն ունենալ: «Հայաստանի մէջ արեւային կայաններու եւ կուտակիչ կայաններու զարգացման ճանապարհով, արեւային պաշարներով Հայաստան առաւել քան հարուստ է: Բայց, սա չի նշանակեր, որ մենք դուրս պիտի մնանք ելեկտրական ուժանիւթի միջազգային առեւտուրէն: Երբեմն մենք կրնանք արտածել, երբեմն ներածել՝ ներառեալ Ատրպէյճանի հետ կրնանք ունենալ գործընկերութիւն եւ գործակցութեան այդ շարքին ելեկտրական ուժանիւթ արտածելու կամ ներմուծելու մասով, ինչպէս մնացած բոլոր երկիրներու հետ՝ Թուրքիոյ հետ, Իրանի հետ, Վրաստանի հետ եւ այդպէս շարունակ», եզրափակեց վարչապետը:

Ուրբաթ, Օգոստոս 14, 2026