ԿԱԶԶԷՆ ՄԻՇՏ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹ
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարեց, որ Թուրքիա եւ Եգիպտոս համակարծիք են, որպէսզի Կազզէի պարագային աւելի լուրջ նախազգուշական միջոցներ ձեռք առնուին:
Երէկ, Հաքան Ֆիտան այցելեց Եգիպտոս, ուր հիւրընկալուեցաւ իր պաշտօնակցին՝ Պետր Ապտիւլաթիի կողմէ: Օրուան տեւողութեան ան մէկտեղուեցաւ նաեւ Արաբական միութեան ընդհանուր քարտուղարին եւ Եգիպտոսի յատուկ ծառայութիւններու ղեկավարին հետ: Արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումէն վերջ տեղի ունեցաւ համատեղ մամլոյ ասուլիս: Հաքան Ֆիտան այս փուլին նշեց, որ Թուրքիոյ եւ Եգիպտոսի միջեւ կը քննարկուի՝ վերջերս ստորագրուած Մեքքէի պաշտպանական համաձայնագիրը: Հաւանական է, որ Եգիպտոսն ալ մասնակցի այս նորաստեղծ դաշինքին: «Եգիպտոսը մեր բնական դաշնակիցն է եւ կը նախատեսենք, որ շուտով ըլլայ նաեւ պաշտօնական դաշնակիցը», նշեց Հաքան Ֆիտան: