ՔԱՆՔԱՐԱՓԱՅԼ ՅԱԿՈԲ ՄԱՐԹԱՅԵԱՆԸ - Բ.

Շատեր լսած կամ կարդացած են Յակոբ Մարթայեանի եւ Մուսթաֆա Քեմալի միջեւ սերտ յարաբերութիւններու մասին, լսած ըլլալով նաեւ, թէ վերջինը համակրանք կը տածէր հայազգի լեզուագէտին հանդէպ: 

Օր մը, Մուսթաֆա Քեմալ Յակոբ Մարթայեանը կը հրաւիրէ Տոլմապահչէի պալատի իր գրասենեակը եւ անոր ցոյց կու տայ տարբեր երկիրներէ ստացած եւ դէս ու դէն թափուած իր գիրքերը՝ Մարթայեանէն խնդրելով, որ զանոնք կարգաւորելէ յետոյ իր ուշադրութեան յանձնէ կարեւորներուն բովանդակութիւնը: Քեմալին յատկապէս կը հետաքըրք-րէր, թէ անոնցմէ օգտակար ի՞նչ կարելի է քաղել՝ Թուրքիոյ պետական շինարարութեան համար:

Այնուհետեւ Մարթայեանի բծախնդիր աշխատանքով կարգի կը բերուի գրադարանը: Քեմալ եւ Մարթայեան կ՚առանձնանան յատուկ սենեակ մը, ուր մեծ լեզուաբանը Թուրքիոյ պետութեան հիմնադիրին կը սկը-սի բացատրել, դասախօսել տարբեր խնդիրներու մասին: Քեմալ՝ որ շատ մտահոգուած էր թրքերէնի զարգացման, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ եզրաբանութիւններու մշակման հարցերով, կը յանձնարարէ Մարթայեանին եւ խումբ մը լեզուաբաններու, որպէսզի մշակեն բժշկութեան եւ այլ գիտութիւններու գծով եզրաբանութիւններ: Ինչպէս միշտ, այս անգամ ալ որոշուած օրը գիտնականները կ՚երթան Քեմալին քով զեկուցելու արդիւնքներուն մասին: Վերջինը գոհ մնալով կատարուած աշխատանքէն, կ՚որոշէ ընթրիքի սեղան մը սարքել ի պատիւ  գիտնականներուն: Խումբին մէջ կային նաեւ մէկ յոյն եւ մէկ գերմանացի: Միւսները բոլորը թուրք էին: Ընթրիքի սեղանին շուրջ Քեմալ կ՚առաջարկէ, որ սեղանակիցներէն իւրաքանչիւրը որեւէ բան մը պատմէ կամ երգէ իր մայրենի լեզուով: Ամէն մէկը բան մը կ՚երգէ: Մանաւանդ գերմանացիին ազգային երգը հաճելի չի գար Մուսթաֆա Քեմալին: Ապա յոյն լեզուաբանը կը յայտարարէ, որ թրքերէ՛նն է իր մայրենի լեզուն, եւ կ՚երգէ թրքերէն երգ մը: Հերթը կը հասնի Յակոբ Մարթայեանին, որ կոկորդը մաքրելէ ետք կը սկսի երգել.-

Իբրեւ արծիւ սաւառնում ես լեռ ու ժայռ,

... Հայաստանի փառք ու պարծանք Անդրանի՛կ...

Այս երգին հակաթրքական էութիւնը հասկնալի էր բոլորին եւ ներկայ գտնուող թուրքերը զարմանքով, այլեւ զայրոյթո՛վ իրենց աչքերը կը յառէին Մարթայեանին ու կը սպասէին, թէ ինչո՞վ պիտի վերջանայ այդ բոլորը: Մարթայեան կ՚երգէր եւ չէր իսկ մտածեր երգածին հետեւանքին մասին: Միայն գիտէր, թէ Մուսթաֆա Քեմալ բարձր կը գնահատէր զօրավար Անդրանիկի սխրանքները: 

Մարթայեան կը շարունակէ երգել: Բոլորը  կը նայէին հայազգի լեզուաբանին, մինչ Մուսթաֆա Քեմալ աչքերը գետին յառած մտիկ կ՚ընէր: Ան կը զգար ներկայ գտնուող թուրքերուն հակակրանքը Մարթայեանի հանդէպ: Բոլորն ալ կը սպասէին, որ Քեմալ իր կատաղանքի թոյնը թափէ Մարթայեանի գլխուն: Բայց ան դանդաղ կը բարձրանայ իր տեղէն, կը մօտենայ Մարթայեանին ու կ՚ըսէ.

-Այս երգը մեր թշնամին գովերգող երգ է, բայց, լա՛ւ երգ է, դուք ալ շա՛տ լաւ երգեցիք: Անդրանիկը մեր կատաղի թշնամին էր: Անոր սուրով շատ թուրքեր են ինկած, եւ ո՛չ ոք զայն կրնայ խլել անոր ժողովուրդէն: Բնական է, որ հայերը կը սիրեն ու կը մեծարեն զայն:

Ապա դառնալով թուրքերուն՝ կ՚ըսէ.

-Անդրանիկը մեծ հերոս էր. բայց պարտուեցաւ. մենք յաղթեցինք. բայց կրնար այնպէս պատահիլ, որ մե՛նք պարտուէինք: Այդ ժամանակ թերեւս դուք մոռնայիք մեզ ու չյիշէիք: Հայերը ճիշդ կը վարուին՝ երբ կը մեծարեն ու չեն մոռնար իրենց հերոսները:

«ԱԹԱԹԻՒՐՔ» ԵՒ ՏԻԼԱՉԱՐ» 

Մուսթաֆա Քեմալի նորամուծութիւններէն մէկն ալ այն էր, որ Թուրքիոյ պատմութեան մէջ ան առաջին անգամ ներմուծեց ազգանուններ՝ եւրոպացիներու օրինակով, որ չափազանց կարեւոր էր քաղաքական եւ հասարակական կեանքի մէջ՝ մարդոց հետ շփումներն ու անոնց դերը զօրացնելու տեսակէտէն: Այս ուղղութեամբ եւս նկատառելի եւ զգալի աշխատանք կատարեց Թուրք լեզուաբաններու միութիւնը:

1935-ին, սոյն միութեան հերթական նիստերէն մէկուն ընթացքին Մուսթաֆա Քեմալ կ՚առաջադրէ առաջին հերթին ազգանուններ մշակել պետական գործիչներու եւ լեզուաբաններու համար՝ հիմք ընդունելով անոնց ծագումը, ծննդավայրը, երկրի մը հանդէպ անոնց ունեցած ծառայութիւնները:

Երկար խորհրդակցութիւններէ ետք լեզուաբանները կու գան այն եզրակացութեան, թէ Քեմալ բարերարն է Թուրքիոյ, բոլոր թուրքերուն հայրը. ուստի վայել է զայն կոչել թուրքերուն հայրը - թիւրք աթասը: Մարթայեան ի՛ր կարծիքը կը յայտնէ, թէ այդ լաւ չի հնչեր. աւելի բարեհնչիւն է Աթաթիւրք անունը: Այս անունը բոլորի՛ն, եւ յա՛տկապէս շատ հաճելի կու գայ Քեմալին: Այդ օրուընէ սկսեալ Քեմալ՝ որպէս ազգանուն, իր անուան կ՚աւելցնէ Աթաթիւրք, պաշտօնապէս կոչուելով Քեմալ Աթաթիւրք:

Այսպէս, պետական բոլոր գործիչները կ՚ունենան ազգանուններ: Իսմէթ փաշան կը դառնայ Իսմէթ Ինէօնիւ եւ այլն:

Լեզուաբաններուն «ազգանուն բաժնելու» ընթացքին, Քեմալ Աթաթիւրք դիմելով Յակոբ Մարթայեանին՝ կ՚ըսէ.

-Ակոբ էֆենտի, դուն անուն ալ ունիս, ազգանուն ալ: Քեզի մի՛այն տիտղոս պիտի տամ: Բազմաթիւ լեզուներու քու հմտութեամբ եւ գիտելիքներով՝ շատ գաղտնիքներ տուիր մեզի. ասոր համար ալ մենք քեզի կը շնորհենք Տիլաչար («Լեզուի բանալի») պատուաւոր կոչումը:

Այդ օրուընէ սկսեալ, պահպանելով իր անուն-ազգանունը, թուրք գրականութեան մէջ Յակոբ Մարթայեան հանդէս կու գայ  «Տիլաչար» պատուանունով:

Յակոբ Մարթայեանի հրատարակութիւններու շարքին են նաեւ «Ազերին՝ թրքերէն» (1950), «Արեւմտեան թրքերէնը» (1953), «Թրքերէն գաւառաբարբառներու դասաւորումը» (1954), «Գաւառաբարբառներու զօրացման եւ անշարունակականութեան ընդհանուր ուղղութիւնները անոնց բարեշրջութեանց ընթացքին» (1957), «Թրքերէնը՝ իբրեւ պետական լեզու» (1962) եւ շատ ուրիշներ:

ԱԹԱԹԻՒՐՔ, ՀԱՅԵՐԷՆԸ ԵՒ ՀԱՅԵՐԸ

Աթաթիւրք՝ որպէս լայնախոհ անձ, հայերու հանդէպ ցմահ համակրական զգացում տածեց: Անկեղծ հոգի մը կրելուն, այս զգացումը շինծու ոչինչ ունէր իր մէջ: Ան մօտէն տեղեակ էր հայերու մշակութային գործունէութեանց եւ կարողութիւններուն, ինչպէս նաեւ գործնական կեանքի մէջ անոնց դրսեւորած ձեռներէցութեան: Ան երկրին հայերը կը նկատէր թուրք քաղաքացիներ, սակայն ծագումով՝ հայ: Չէր սիրեր այն հայը, որ կ՚ուրանար իր ծագումը: Եւ Աթաթիւրքի այս մտայնութեան ապացոյցները բազմաթիւ են: Այստեղ, կը յիշենք անոնցմէ գէթ երկուքը:

Առաջինը՝ տարին 1932: Մարթայեան դեռ նոր էր վերադարձեր Պոլիս: Կը ճանչցուէր սոսկ Յակոբ Մարթայեան: Նոյն թուականին, Ա. Լեզուական համաժողովէն օր մ՚առաջ ան նամակ մը կը ստանայ հանրապետւթեան նախագահի անձնական դիւանէն, որ մեծ լեզուագէտէն կը խնդրէր քննել եւ տեղեկագրել թոքատցի «կրօնափոխ հայ»ու մը մէկ գրութիւնը՝ հայեւթուրք լեզուներու յարաբերութեանց մասին: Նամակին մէջ շեշտուած էր «կրօնափոխ» բառը: Երկրորդը՝ Պոլսոյ Հայոց Գարեգին Խաչատուրեան պատրիարքին (պատրիարք՝ 1951-1961 թուականներուն) օրով, երբ Աթաթիւրք արդէն մեկնած էր մեր աշխարհէն:

Մարթայեան սրբազան պատրիարքը կ՚առաջնորդէ ճաշարանապետ Քարփիչի տունը, ուր վերջինը գրեթէ մահամերձ պառկած էր՝ սիրտի միջին մկաններու բորբոքումի պատճառով: Երբ սրբազանը «Փարատեա՛» կը կարդար Քարփիչի գլխուն վերեւ, վերջինին բերնէն հեկեկանքի նման ելան սա խօսքերը. «Սրբազա՛ն, գիտե՞ս թէ ինչո՞ւ Աթաթիւրք զիս կը սիրէր: Այո՛, կը սիրէր զիս, որովհետեւ ան կը շեշտէր, թէ ես չէի ծածկեր իմ հայկական ծագումս»:

Աթաթիւրք Մարթայեանը Պոլիս բերել տուաւ 1932-ին, որովհետեւ 1916-1918 տարիներուն ծանօթացեր էր անոր, ծառայած էր թրքական բանակին մէջ որպէս հաւատարիմ սպայ: Երբ 1932-ի աշնան Տոլմապահչէի պալատին մէջ Մարթայեան դարձեալ միացաւ Մուսթաֆա Քեմալին՝ «հոս տունիդ պէս նստէ՛», ըսաւ ան հայազգի լեզուաբանին, վերջինին յիշեցնելով պալատին ճարտարապետ Պալեանները եւ Այվազովսկիի բազմաթիւ նկարները, որոնք կը յարդարէին նախագահական պալատը: Նոյն օրն իսկ, երբ սեղանին վերի ծայրը Քեմալին քով էր նստած Մարթայեան, վերջինին հարց տուաւ Քեմալ, թէ հայերը ճիգ ըրա՞ծ են բառակերտութեան մարզի մէջ: Այդ պահուն սուրճի գաւաթ մը կար սեղանին վրայ Մարթայեանի առջեւ: 

-Այո՛,- ըսսւ Մարթայեան՝ սուրճի գաւաթը ձեռքը բռնած,- ամբողջ աշխարհ այս խմիչքին քահվէ, քաֆէ, քոֆի կ՚ըսէ, մինչ հայոց Մխիթարեան հայրերէն մին սուրճ բառն է հնարած նոյն խմիչքին համար:

-Այո՛, այո՛,- կրկնեց Մարթայեանի բարեկամ փրոֆ. Ռակըփ Հուլուսի, Ռոպերթ քոլէճին մէջ թրքաբանութեան դասախօսը,-  հայերը թէնթիւր տ՚իոտ ու պիքարպոնաթ տը սուտի համար ալ բառեր են հնարած, ընդգծելով որ այս մասին իմացած է քոլէճի հայ պաշօնեաներէն:

-Այո՛,- արձագանգեց Մարթայեան՝ դիմելով Հուլուսիին,- անոնց կրնաք հանդիպիլ երփնաջուր մանշոյ (մանիշի երփնաջուր) եւ երկբնածխատ նատրոնի գիտական բառերուն,- աւելցնելով որ Վենետիկի Մխիթարեան հայրերէն՝ Մանուէլ Քաջունի, դասական հայերէնով գրուած իր եռահատոր «Տարրաբանութիւն» (1870) խորագիրով գիրքին մէջ գործածած է այս բառերը:

Յակոբ Մարթայեան իր յուշերուն մէջ գրած է, թէ Աթաթիւրքին մահէն առաջ, երբ վերջինին հրահանգով Սոֆիայի իր գիրքերը Վանի ճամբով նախ Իսթանպուլ, յետոյ ալ Աթաթիւրքին կառաշարով Անգարա փոխադ-րըւեցան, Աթաթիւրք ուզեց տեսնել հայր Մանուէլ Քաջունիի հոյակապ երկը: Ան տեսաւ ու զմայլեցաւ: Մարթայեան անհուն բերկրանքով գրած է նաեւ այս դէպքին մասին:  

Տարակոյսէ վեր է, թէ Աթաթիւրք համակիր էր հայերուն: Ան իր համակրանքի ցայտուն օրինակը տուած է նաեւ 1936-ին, իր մահէն երկու տարի առաջ: Այդ տարին կը գումարուէր Թուրք լեզուական միութեան Գ. համաժողովը Տոլմապահչէի պալատին մէջ: Լեզ-ւական միութիւնը մէկ հիմնարկն էր Աթաթիւրքին: Այդ տարի, Աթաթիւրքի ու միութան միջեւ կցորդի պաշտօնը կը կատարէր Իսմայիլ Միւշթաք, որուն նոյնիսկ ննջասենեակ մը յատկացուած էր նախագահական պալատին մէջ:

Այդ Գ. համաժողովին՝ որ Արեւ-Լեզուի համաժողով կը կոչուէր, Աթաթիւրք անձամբ պատրաստած էր աշխատասիրութիւն մը, զոր կարդաց Իսմայիլ Միւշթաք, որպէս՝ ոչ թէ Աթաթիւրքի, այլ՝ ի՛ր անձնական երկը: Հոն, տեղ մը վերլուծումի մ՚ընթացքին, Աթաթիւրք մէջտեղ էր դրեր էրմէնի բառը, որ կրնար որեւէ բռնազբօսիկ իմաստ տալ անոր: Եթէ ուզէր՝ «պոմպաճի, ըմբոստ, քոմիթէճի» եւ այլն կրնար գրել: Սակայն Իսմայիլ Միւշթաքի ընթերցման պահուն ի յայտ եկաւ, որ Աթաթիւրք էրմէնի բառը կը վերլուծէր որպէս յոյս եւ վստահութիւն (թրքերէն՝ իւմիւտ, իթիատ) իմաստը ունեցող բառ, եւ կ՚եզրակացնէր սապէս, թրքերէնով. «Պունտան էրմէնի սէօզիւնիւն տէլալէթի վէ էրմէնի միլլէթինին էսաս վէ մահիյէթի փէք իյի անլաշըլըր» (Տես՝ «Իւչիւնճիւ Թիւրք Տիլ Քուրուլթայը Զապըթլարը, 1936», էջ 222, տպուած Իսթանպուլ, 1937-ին):

Մարթայեան դեռ կը շարունակէ վկայակոչել իր յուշերուն մէջ, գրելով ի միջի այլոց. «Աթաթիւրք, իր պալատին մէջ իմ աշխատասենեակն ուղարկեց Իսմայիլ Միւշթաքը ու այս վերջինին միջոցաւ հարց տուաւ ինծի, թէ գոհ մնացե՞ր էի էրմէնի բառին այդ մեկնաբանութենէն: Այդ հարցումին վրայ ելայ ու Իսմայիլ Միւշթաքի այտերն համբուրեցի ըսելով, որ ի՛մ եւ թրքահայոց անունով անհուն շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Աթաթիւրքին՝ համակրանքով ու շնորհով լեցուն այդ մեկնաբանութեան համար: Նոյն գիշերը, ճաշի ժամուն, պատիւն ունեցայ սեղանակիցն ըլլալու Աթաթիւրքին, որ իմաստալից ժպիտով մը սեղմեց իմ ձեռքս»: 

Երկու տարի ետք, 1938-ին Աթաթիւրք ինկաւ անկողին: «Սավարոնա» զբօսանաւին մէջ իրեն այցելողներու շարքին կը գտնուէր նաեւ Մարթայեան: Բժիշկներու պնդմամբ արդէն անկարելի էր Աթաթիւրքին քով երթալ, որովհետեւ ան ընկղմած էր մահաքունի մէջ:

Աթաթիւրք չարթնցաւ: 

Մարթայեան յուզումով եւ երախտիքով կը գրէ, թէ Աթաթիւրք, իր մահուան անկողինին մէջ փափաքած էր վերջին անգամ տեսնել զինք: 

Աթաթիւրքի մահուան բօթը սարսեց հոգիները համայն թուրք ժողովուրդի: 

Հարկաւ դեռ շատ կրնայ գրուիլ Յակոբ Մարթայեանի մեծ վաստակին մասին: 

Արդարեւ, Պոլիսը կրնայ դարեր պարծենալ, որ տուած ըլլալէ յետոյ բազմաթիւ հանճարներ, 20-րդ դարուն տուաւ Վահան եւ Էօժէնի Մարթայեաններու քանքարափայլ զաւակը, թրքագիտութեան հիմնադիր, խորաթափանց բանասէր, թրքական հանրագիտարանային մտքի ու լեզուի ճարտարագէտն ու ճարտարապետը, որ Յակոբ Մարթայեանն է:

•շարունակութիւն 2 եւ վերջ

ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ

Պէյրութ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2026