ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀԵՏՔԵՐ

Երէկ, պատմաբան Անրիէթ Թոփուզեան-Պասօղլու շահեկան ելոյթով մը հանդէս եկաւ՝ Ենիգիւղի Փանիա յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ համալիրէն ներս։ Հարկ է նշել, որ այս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը վերջին տարիներուն կը կազմակերպէ «Թէոդոքիա» մշակութային փառատօնը, որ կ՚արժանանայ բոլորի հետաքրքրութեան։ Անրիէթ Թոփուզեան-Պասօղլուի երէկուան ելոյթը՝ այս տարուան փառատօնի եզրափակիչ ձեռնարկն էր։ Ան խօսեցաւ Ենիգիւղէ ներս հայկական պատմական ներկայութեան եւ հետքերուն մասին։ 

Փանիա եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետն է՝ յոյն համայնքի յայտնի դէմքերէն Լաքի Վինկաս։ Այս վերջինը ձեռնարկի սկիզբին ողունեց Անրիէթ Թոփուզեան-Պասօղլուն։ Սրահին մէջ համախմբուած էին հետաքրքիրներ, որոնք օրուան դասախօսութեան հետեւեցան վառ ուշադրութեամբ։

Անրիէթ Թոփուզեան-Պասօղլու յիշողութեան եւ հետքերու խաչմերուկին վրայ մատուցեց օրուան նիւթը։ Ենիգիւղի պարագային, բացի պատմական անցեալէն։ Ան խոշորացոյցի տակ առաւ յիշողութիւնն ու մշակութային հարստութիւնները։ Ծանօթ է, որ Ենիգիւղը առաւել չափով ծանօթ է՝ որպէս յունաբնակ թաղ մը, բայց, հայկական հետքերն ալ անկարելի է անտեսել եւ մանաւանդ՝ անոնց վերաբերեալ երէկուան բացատրութիւնները բոլորը բաւարարեցին եւ մեծ հետաքրքրութեան արժանացան։ Անրիէթ Թոփուզեան-Պասօղլու իսկապէս հանգամանօրէն ներկայացուց տուեալ նիւթը։ Ան 17 եւ 18-րդ դարերու վրայ կեդրոնացաւ՝ Քէօմիւրճեանի եւ Ինճիճեանի կողմէ փոխանցուած տեղեկութիւններու լոյսին տակ։ Վոսփորի Եւրոպական ափի պատմական Ենիգիւղ թաղի հայկական ապրումները, որոնք անցեալն ու ներկան կ՚ածանցեն՝ այսօր արդէն մշակութային հարստութիւններով կը բնորոշուին։

Անրիէթ Թոփուզեան-Պասօղլու երէկուան դասախօսութեան ընթացքին առաջնահերթօրէն անդրադարձաւ այն յայտնի գերդաստաններուն, որոնք Ենիգիւղի մէջ բնակած են։ Այսպէս, Տիւզեան, Տատեան, Թնկըրեան, Ճեզայիրլեան, Ալլահվերտի, Մանաս, Տամատեան, Իհմալեան, Պէզճեան եւ այլ յայտնի հայ ընտանիքներ ապրած են Ենիգիւղի մէջ։ Այդ ընտանիքներէն իւրաքանչիւրը արդէն առանձին ուշադրութեան արժանի է՝ քանի թէ՛ Օսմանեան կայսրութեան մէջ կարեւոր դեր ստանձնած է եւ թէ զանազան ժամանակաշրջաններու մէջ հայկական կեանքի ընթացքը պայմանաւորած։ Անոնց Ենիգիւղի ապարանքները այսօր արդէն ծանօթ են պատմաբաններուն։ Անոնցմէ ոմանք փուլ եկած են, բայց, վայրերը յայտնի են, իսկ ոմանք ալ այսօր ծանօթ են ուրիշ անուններով կամ առաքելութիւններով։ Այս ամբողջին մէջ Անրիէթ Թոփուզեան-Պասօղլու դիտել տուաւ, որ անցեալին Տիւզեան գերդաստանին պատկանած ապարանքը այսօր ծանօթ է՝ որպէս Սայիտ Հալիմ փաշայի ապարանքը։ Այս վերջին Օսմանեան կայսրութեան վերջին սատրազամը եղած է։ Իսկ Ճեզայիրլեան գերդաստանին պատկանած ապարանքը այսօր կ՚օգտագործուի՝ որպէս Աւստրիոյ հիւպատոսարանը։ 

Անրիէթ Թոփուզեան-Պասօղլու շատ լաւ զուգահեռականներու մէջ ներկաներուն բացատրեց պատմական շինութիւններն ու ապրումները, որոնք այսօր կարեւոր դեր կը խաղան այդ շրջանի կեանքը, կենցաղը պատկերացնելու տեսակէտէ։ Իսկ այդ շինութիւններու, պատմական շէնքերու կամ ապարանքներու այսօրուան ներկայութիւնը ձեւով մը կոթողային նշանակութիւն ունի՝ որպէս հայկական անջնջելի հետքեր Ենիգիւղի մէջ։

Դասախօսութեան աւարտին բոլորը ջերմօրէն շրջապատեցին Անրիէթ Թոփուզեան-Պասօղլուն, որ անմիջական զրոյց ունեցաւ հետաքրքիրներու հետ, նաեւ պատասխանեց անոնց հարցումներուն։ Բոլորը շնորհաւորեցին ատենախօսը եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին անոր իսկապէս գոհացուցիչ բացատրութիւններուն համար։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2026